Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շնորհաւորագիր

July 4, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր` ուրբաթ, 4 յուլիս 2014-ին, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր շուքով պիտի նշուի Հայաստանի Գրողներու միութեան հիմնադրութեան 80-ամեակը: Այս առիթով Լիբանանահայ գրողներու համախմբումը ՀԳՄ-ի նախագահին, նախագահութեան եւ վարչութեան յղեց հետեւեալ շնորհաւորագիրը:

Մեծարգոյ Տիար Էդուարդ Միլիտոնեան,
Նախագահ Հայաստանի Գրողներու Միութեան
Եւ ՀԳՄ-ի Նախագահութեան ու Վարչութեան անդամ յարգելի գրչեղբայրներ,

Սիրելինե՛ր,

Հոգեկան անհուն հրճուանքով եւ արտակարգ խանդավառութեամբ կը միանանք ձեզի` միասնաբար տօնելու Հայաստանի Գրողներու միութեան հիմնադրութեան 80-ամեակը, որ, մեր խոր համոզումով, սովորական թուական մը պիտի չըլլայ մաշտոցեան բանակի ուխտեալ զինուոր մեն մի հայ գրողի համար, ո՛ւր ալ շնչէ եւ շնչաւորէ ան` ի Հայաստան, ի սփիւռս կամ  Արցախ հայաշխարհի տարածքին:

80 տարի առաջ, հայ գիր ու մշակոյթի անմահանուն նահապետներուն` Ա. Շիրվանզադէի, Ե. Չարենցի, Ա. Բակունցի, Վ. Նորենցի, Վ. Ալազանի եւ այլ գրողներու աներեր հաւատքով, անմնացորդ նուիրումով եւ տքնաջան աշխատանքով հայ կեանքը լուսաւորելու կոչուած ՀԳ Միութիւնը հայոց նորագոյն պատմութեան պայծառագոյն նուաճումներէն մէկը հանդիսացաւ:

80 երկար տարիներ այսօր մեզ կը բաժնեն այդ պատմական թուականէն, եւ ութ տասնամեակներու նուաճումներով ու յաղթանակներով հարուստ գոյերթը միմիայն հպարտութիւն կրնայ ներշնչել բոլորիս եւ մեզ հրաւիրել` յաւելեալ վճռականութեամբ, ծառայական ամբողջական նուիրումով եւ նոյնքան  վերանորոգ մեսրոպաւանդ յանձնառութեամբ շարունակելու մեր դժուարին, բայց  անհունօրէն սիրելի ու նուիրական ճանապարհը: Պիտի սիրէինք ըսել` պատմակերտ յաղթերթը, որովհետեւ, նոյնիսկ իր հիմնադրութեան յաջորդած տագնապալի ծանր տարիներուն ՀԳՄ-ը յաջողեցաւ յաղթական դուրս գալ  իր ազգային առաքելութեան սպառնացող ամէն տեսակի մարտահրաւէրներէն ու փորձութիւններէն, պայքարեցաւ մինչեւ շո՛ւնչ վերջին եւ ինքզինք հաստատեց` իբրեւ դարաւոր հայ ոգիի, ազգային ինքնութեան եւ համամարդկային մշակոյթի հարստացման ու ա՛լ աւելի ազնուացման ի խնդիր տիւ ու գիշեր ճառագայթող լուսաբաշխ փարոս:

Այս ուխտին, ուխտը ոգեշնչող ու կենարար գործի վերածող այս անսակարկ նուիրումին մենք ականատես եւ մասնակից եղանք մանաւանդ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք, երբ ո՛չ միայն սփիւռքահայ գրողները, այլեւ «տարագիր, բայց ոչ օտար» մեր գրչեղբայրները նաեւ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» կարգախօսին ներքեւ համախմբելով` ՀԳՄ-ը  գործնապէս եղաւ բառին բովանդակ եւ ազնուագոյն առումով համազգային փառապանծ միութիւն, պարզ ըսած` բոլո՛ր հայ գրողներուն միութիւնը:

Տակաւին պիտի ուզէինք ընդգծել` եղաւ ճշմարտութեան յուշարարը, գեղեցիկին պատարագիչը, բարիին ու վսեմին քարոզիչը, հայ ժողովուրդի անժամանցելի արդար իրաւունքներուն պաշտպանն ու պահանջատէրը, մէկ խօսքով` տարօրէն ազգային եւ էապէս համամարդկային հայ ոգեղէն արժէքներուն, հայկական ինքնութեան եւ հայ ժողովուրդի ապագայատեսիլ դարաւոր ուխտին աւանդապահն ու անսխալ կողմնացոյցը:

Տգեղին դէմ գեղեցի՛կը պաշտպանող, չարին դիմաց բարի՛ն տարածող, նիւթին փոխարէն ոգի՛ն փառաբանող, կեղեքումին փոխան արդարութի՛ւնը օրհներգող եւ գնայունին տեղ միմիայն ազգային ու համամարդկային մնայուն արժէքներն ու աւանդները ամէն բանէ գերիվեր հռչակած ՀԳՄ-ը ջլապինդ, երիտասարդ եւ վճռական ութսունամեայ նոյն աւանդապահն է այսօր: Եւ ինչպէս երէկ, այսօր եւ վաղը նաեւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ունի եւ պիտի շարունակէ իր վճռադրոշմ ու պատմակերտ առաքելութիւնը` ի հզօրացում Հայաստանի Հանրապետութեան, ի ծառայութիւն հայ մշակոյթին եւ յերջանկացում մշակութապաշտ հայ ժողովուրդին:

Բարին ընդ ձեզ եւ ընդ մեզ:

ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒԹԻՒՆ`          
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ

Պէյրութ, 23 յունիս 2014 

Նախորդը

Արեւմտահայերէնի Խտացեալ Դասընթացքի Աւարտման Առիթով` Շնորհակալութիւն Եւ Ցտեսութիւն

Յաջորդը

Պէյրութէն Վարշաւա

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.