Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Ու Տահեշ-ը

June 20, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Թուրքիոյ էրտողանեան իշխանութեան համար բոլոր անոնք, որոնք դէմ են Սուրիոյ վարչակարգին, արժանի են դրամի ու զէնքի: ՏԱՀԵՇ-ն ալ անոնցմէ մէկն էր… եւ ինչպէս որ արաբական առածները կ՛ըսեն` «Կախարդին կախարդանքը իր վրայ գործադրուեցաւ եւ թուրքը իր լարած ծուղակին մէջ ինկաւ»: Կարգ մը արեւմտեան աղբիւրներու համաձայն, ՏԱՀԵՇ-ը արաբական ծոցի երկիրներէն ղրկուած զէնք ու զինամթերքը, դրամն ու օժանդակութիւնը Թուրքիոյ ճամբով կը ստանայ, ինչպէս նաեւ մարզումի բանակավայրեր ունի Թուրքիոյ մէջ, իսկ իր շարքերուն մէջ թուրք զինեալներ ալ անդամագրուած են:

2006-ին Քայիտայի սկզբունքներուն համաձայն հիմնուած ՏԱՀԵՇ-ը (Իրաքի եւ Դամասկոսի կամ (Լեւանթի) իսլամական պետութիւն)-ը հրապարակայինօրէն կը յայտարարէ, թէ իր նպատակը, իսլամական շերիաթի ծայրայեղ մեկնաբանութեամբ, տարածաշրջանին եւ աշխարհի մէջ ծայրայեղ իսլամական խալիֆայութիւն ստեղծել է: Իսլամական շերիաթի ծայրայեղ մեկնաբանութեան օրինակ տալու համար պէտք է ըսել, որ ՏԱՀԵՇ-ի իշխանութեան տակ եղած շրջաններուն մէջ ծխախոտ գործածելը մահացու մեղք է: Ծխախոտ գործածողը մահապատիժի կ՛ենթարկուի:

Ուրեմն, հաւատադրժողական ու ծայրայեղ իսլամական ՏԱՀԵՇ-ը, հակառակ որ Թուրքիոյ  զօրակցութիւնը կը վայելէր, վերջերս Իրաքի մէջ սաստկացուցած իր զինուորական գործողութիւններու ծիրին մէջ, Մուսուլի թրքական հիւպատոսարանը գրաւեց, պատանդ բռնեց հիւպատոսարանին աշխատակազմը, ներառեալ` հիւպատոսը, ինչպէս նաեւ` տասնեակ մը Թուրքիոյ քաղաքացիներ:

ՏԱՀԵՇ-ը այս քայլին դիմեց քաղաքական, դաւանաբանական եւ նիւթական նկատառումներէ մեկնած: Նիւթական գետնի վրայ, ան փրկագին ու հսկայական գումարներ կ՛ակնկալէ Թուրքիայէն: Իսկ քաղաքական-դիւանագիտական իմաստով յստակ պատգամ մը կը փոխանցէ Թուրքիոյ եւ համայն աշխարհին, որ անոր գաղափարախօսութիւնը դէմ է Թուրքիոյ, այսպէս ըսած` «չափաւորական» իսլամութեան, նոյնի՛սկ էրտողանեան «աւանդապաշտ» իսլամութեան եւ կ՛որդեգրէ ծայրայեղական ահաբեկչական եւ այլամերժ ռազմավարութիւն: Աւելի՛ն. ան այս քայլով Թուրքիոյ կը սպառնայ` ամերիկեան ճնշումներուն ենթարկուելով սահմանը չփակելու ՏԱՀԵՇ-ականերուն դէմ:

Թուրքիան եւ ՏԱՀԵՇ-ը առաջին անգամ Սուրիոյ մէջ գտնուող Օսմանեան կայսրութեան հիմնադիր Օսման պէյի դամբարան-ուխտատեղիի հարցով խնդիր ունեցան, երբ ՏԱՀԵՇ-ը Թուրքիայէն պահանջեց սոյն ուխտատեղին պաշտպանելու կոչուած թուրք զինուորները տուն կանչել: Ասոր կողքին, անցեալ տարի Թուրքիա-Սուրիա Ռիհանիյէ սահմանին մօտ երկու անձնասպանական գործողութիւնները ՏԱՀԵՇ-ին մատնահետքերը կը կրէին:

Փաստօրէն, Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ 1208 քիլոմեթր սահման ունեցող Թուրքիան անգամ մը եւս, իր ձախաւեր քաղաքականութիւններուն պատճառով, ուղղակիօրէն առնչակից կը դառնայ տարածաշրջանի բռնկած խնդիրներուն եւ կը վտանգէ իր քաղաքացիներն ու դիւանագէտները:

Այս ծիրին մէջ թէեւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը լիազօրութիւն ստացած է թրքական խորհրդարանէն Իրաք ներխուժելու, սակայն այդ լիազօրութիւնը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ պայքարելու համար է, իսկ ՏԱՀԵՇ-ի համար նոր լիազօրութիւն պէտք է, ինչ որ մինչ օրս չի կատարուիր խորհրդարանին մէջ: Թրքական իշխանութիւնը կը նախընտրէ քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներու դիմել, օգտագործել Մուսուլի մէջ սիւննի ցեղապետներու հետ իր լաւ յարաբերութիւնները եւ հեռու մնալ ուղղակի զինուորական գործողութենէ: Այստեղ նկատելի է, որ Միացեալ Նահանգներու վարչամեքենան ՏԱՀԵՇ-ի իրաքեան գործողութիւններուն հակազդելու կամ կանխելու մասին նախընտրեց առաւելաբար Իրանի հետ քննարկել եւ ո՛չ` ռազմական գործընկեր ու ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ հետ: Ճիշդ է, որ ՕԹԱՆ-ի քարտուղարը անակնկալ  այցելութիւն տուաւ Թուրքիա, սակայն, ըստ երեւոյթին, ՕԹԱՆ-ի գլխաւորութեամբ ցամաքային զինուորական քայլերու դիմելը անհաւանական կը թուի այս հանգրուանին:

Թերեւս, մինչ այս յօդուածին հրապարակումը,  Թուրքիա-ՏԱՀԵՇ յարաբերութիւնները նոր զարգացում արձանագրեն Մուսուլի թուրք քաղաքացիներուն եւ դիւանագէտներուն առեւանգումին հարցով, այնուամենայնիւ, այս դէպքը անգամ մըն ալ կը հաստատէ, որ տարածաշրջանին մէջ էրտողանեան կառավարութիւնը կործանարար դերակատարութիւն ունի, իր քաղաքացիներն ու դիւանագէտները վտանգելու աստիճան, ինչ որ իր ազդեցութիւնը պէտք է ունենայ օգոստոսին կայանալիք Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն: Աւելի կարեւորը, սակայն, սոյն դէպքերը անգամ մը եւս ՏԱՀԵՇ-ին եւ այլ ծայրայեղական խմբաւորումներուն ահազանգային վտանգը կը բարձրացնեն` արմատական ու խաւարամիտ գաղափարախօսութիւն տարածելու, ինչպէս նաեւ ամբողջ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական կառուցուածքն ու Սայքս-Փիքոյի պայմանագրով գծուած սահմանները փոխելու:

16  յունիս 2014      

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռուս Եւ Ֆրանսական Եկեղեցիներու Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

Թուրքիոյ Նախագահը Յառաջիկայ 24 Ապրիլին Երեւան Երթա՞յ, Թէ՞ Չերթայ. Թեր Ու Դէմ Կարծիքներ Թրքական Մամուլի Մէջ – Մէկը Կ՛ըսէ, Որ Թուրքիա Պէտք Է Ընդունի Հրաւէրը, Միւսը Կ՛ըսէ, Որ Այս Հրաւէրը Թուրքիան Պզտիկ Ձգելու Համար Է

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.