Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանական Ուժերը Գրաւած Են Մարիուփոլը

June 14, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1306MariupolGazeta.ru կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարար Արսէն Աւագով Դիմատետրի իր էջին վրայ հաղորդած է, որ ուքրանական ուժերը իրենց հսկողութեան տակ առած են Տոնեցքի շրջանին մէջ գտնուող Մարիուփոլ քաղաքը:

Աւագով Դիմատետրի իր էջին վրայ մասնաւորաբար գրած է. «Մարիուփոլի քաղաքային խորհուրդի շէնքին վրայ կը ծածանի ուքրանական դրօշը»:

«Քորեսփոնտընթ» կայքը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Տոնեցքի հանրապետութեան ղեկավարութիւնը հինգշաբթի երեկոյեան յայտարարած է, որ երեք հրասայլ ստացած է:

«Մենք կը հաստատենք, որ հրասայլեր ստացած ենք: Այդ հրասայլերը պիտի ուղարկուին աւելի բարդ ուղղութիւններով», հաղորդած են ղեկավարութեան ներկայացուցիչները:

Ըստ որոշ տուեալներու, հրասայլերէն մէկը այժմ մարտի մեկնած է Տոնեցքի մարզի Սաուր Մոկլիա շրջան: Թէ ուրկէ ստացած են հրասայլերը, զինեալները չեն յայտներ:

Ականատեսներ կը հաղորդեն, որ խօսքը «Թի-70» եւ «Թի-72» հրասայլերու մասին է:

Աւագով իր կարգին յայտարարած է, որ գրաւուած անցակէտերու միջոցով Ռուսիայէն զինուորական շարասիւն մուտք գործած է Ուքրանիա:

«Հետախուզութեան եւ դէտերու տուեալներով` վերջին երեք օրերուն, հակառակ Ռուսիոյ յայտարարութիւններուն այն մասին, թէ խաղաղ հոլովոյթը կ՛ողջունէ, տեղեկութիւններ կան, որ ահաբեկիչներու կողմէ գրաւուած անցակէտերով շարասիւններ կը ներթափանցեն», յայտարարած է նախարարը:

Ուքրանական ուժերը երէկ խոստացան մինչեւ այսօր փակել Ռուսիոյ հետ սահմանային «բոլոր անցքերը»:

Նախորդը

Պրազիլի Մէջ. Ֆութպոլի Աշխարհի Ախոյեանութեան Մեկնարկէն Ժամեր Առաջ Բողոքի Ցոյց

Յաջորդը

Ըստ Թուրք Երեսփոխանի Մը. Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ Քաղաքներ Գրաւած Ահաբեկիչներուն Եկամուտի Աղբիւրը Թուրքիան Է

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։