Ռուսական «Պիկփիքչըր» կը գրէ, որ Պրազիլի մէջ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան բացման օրը շարունակուած են ախոյեանութեան հիւրընկալման դէմ բողոքի ցոյցերը:
Ցուցարարները ոստիկաններուն ուղղութեամբ քարեր նետած են, իսկ ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ եւ ձայնային նռնակներ օգտագործելով ցրուած է ցոյցը:
Պրազիլցիներուն կարծիքով` ախոյեանութեան հիւրընկալումը չափազանց ծախսալից եղած է: Ըստ անոնց, ծախսուած գումարները կարելի էր յատկացնել աւելի կարեւոր գործերու:
Տարբեր տուեալներով` ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան կազմակերպման համար պրազիլական իշխանութիւնները ծախսած են շուրջ 11 միլիառ տոլար:


