Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Մանուկեանի Երկրորդ Կեանքը

June 14, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

Շուրջ քառասուն օր առաջ, լուռ եւ անշշուկ այս աշխարհէն անակնկալօրէն հեռացաւ ճնճղուկի չափ նրբամարմին եւ նրբահոգի բանաստեղծ մը, որուն կեանքը, հակառակ յուսախաբութիւններով ու տառապանքներով ծանրաբեռն իր կենսափորձին, մնաց անուրջներու եւ երազներու թախծաշեշտ լուսանցքին վրայ` իրեն վայել հեզ ու անաղմուկ համեստութեամբ:

Յակոբ Մանուկեան, այսինքն` բանաստեղծ մը, որուն համար, այլ ազնուարիւն բանաստեղծի մը` Մ. Իշխանի բնութագրումով, «Կեանքն իր երազ մը եղաւ, ինչպէս երազն իրեն կեանք»: Փաստօրէն, աւելի քան կէս դար ան ապրեցաւ եւ իր կեանքը իմաստաւորեց բանաստեղծութեամբ, բանաստեղծութեան համար եւ բանաստեղծներուն վայել անանձնական երանութեամբ: Ռոմանթիք ու գերզգայուն կեանք մը, որ շօշափելի իրողութիւններէ բխելէ աւելի` կու գար հայ դասական քնարերգութեան մայր ակունքներէն եւ իբրեւ գրական կենսափորձ մնաց հաւատարիմ հետեւորդը յատկապէս հայ Նոր դասականութեան ծանօթ աւանդներուն, նոյնիսկ երբ իր կեանքի վերջին երկու տասնամեակներուն փորձեց քայլ պահել նորարար բանաստեղծութիւններու յանդուգն փորձերուն հետ:

«Լուսնային ճանապարհով», «Անրջական վաղորդայն» իր զոյգ քերթողագիրքերուն խորագիրները եւ 1980-էն ասդին լիբանանահայ գրական մամուլին` «Բագին» ու «Հասկ» ամսագիրներու եւ «Կամար» հանդէսի էջերուն ստորագրած իր քերթուածները կրնան հանդիսանալ լաւագոյն ապացոյցները մեր վերի մատնանշումին: Լուսին եւ անուրջ` մեզ շրջապատող դաժան իրականութեան փոխարէն: Մաթահարի, Կղէոպատրա եւ պատմութեան ու մշակոյթի տարբեր բնագաւառներէ հիւրընկալուած քնարական հերոսուհիներ` փոխանակ կեանքով ու կրակով լեցուն թէկուզ կոշտ ու կոպիտ, բիրտ ու տգեղ, բայց բաբախուն եւ իրական կենսայորդ հերոսուհիներու: Հաւանաբար անոր համար, որ գրականութիւնն ու մշակոյթը կը կազմէին երկրորդ աշխարհը Յակոբ Մանուկեան անուն գերզգայուն տաղասացին, իր լինելութեան ու գոյութեան ռեզոն տ՛էթրը եւ երկրային դժոխային իրականութենէն զինք փրկող միակ լաստը, տեսիլքին եդեմը: Այս իսկ պատճառով, ճիշդ պիտի ըլլար իր աւելի քան հինգ տասնամեակներու քերթողութիւնը կոչել անկատար տենչերու եւ յարատեւ երազներու, յուսալքութիւններու եւ յար մխացող վիշտերու անաւարտ ճանապարհորդութեան տաղարան:

Խորքին մէջ` իր ուղղակի եւ անուղղակի կենսագրավէպը նաեւ, ուր բոլորէն աւելի ներկայ է ինք` իր անյղացեալ սէրերով, մշտաբորբոք կարօտներով, անվերջ տառապանքներուն, անրջական վաղորդայններով, լուսնային ճանապարհորդութիւններով, բայց մա՛նաւանդ` իր բարի եւ միամիտ երազներով, որոնք անհունանալու, Անծանօթին էութիւնը խուզարկելու եւ բացարձակ ժամանակին մէջ արմատ նետելու երկնային տենդէն վարակուած այս «Թախիծներու անծանօթ քաղաքացին» կը յանձնեն իր երկրորդ կեանքի «չյղուած գիր»-ի «անգիր դիւցազնավէպ»-ին եւ «անվերադարձ ուղիներու»-ու «վեհանիստ իմացումներ»-ուն` իբրեւ «անհարսնացեալ մտերմութիւն» եւ «անրջական վաղորդայն»…

 

 

 

Նախորդը

Լուսնային Ճանապարհով

Յաջորդը

Որոնողը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։