Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՓՈՒՆՋ ՄԸ ՏԵՂԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

July 7, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ստացաւ նամակ մը, որ յղուած էր Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի կողմէ:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ լիբանանեան ծագումով աւստրալիացի երեսփոխան Թոնի Իսա, որուն ընկերակցեցաւ պատուիրակութիւն մը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ մէջ լիբանանեան գաղութին իրավիճակը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Ֆարիտ Հայքալ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Միջազգային դրամական ֆոնտի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ելեւմտական եւ տնտեսական կացութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Սաֆատի յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ նախարարութեան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու թեքնիք քայլերը:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն կոչ ուղղեց կառավարութեան քաղաքացիները փրկելու անուղղակի տուրքերէն, ինչպէս նաեւ բարելաւելու աշխատավարձերը:

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ղոսըն յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնը կառավարութեան արտօնութեան ժամկէտ մը պիտի չշնորհէ, այլ` պիտի ընդդիմանայ անոր, եթէ ան թերանայ լիբանանցիներուն նկատմամբ իր պարտականութիւններուն մէջ: Ան հաստատեց, որ պէտք է յաւելումներ շնորհել քաղաքացիներուն աշխատավարձերուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ 4 իրանցի դիւանագէտներու առեւանգումին 29-ամեակին առիթով, երէկ լրագրողներու սենտիքային մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պատասխանատու անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի:

Հաւաքին ընթացքին Ապատի շեշտեց այդ թղթածրարին զուտ մարդկային բնոյթը` աւելցնելով, որ իրանցի դիւանագէտներուն առեւանգումին պատասխանատու կողմերը պէտք է յստակ բացատրութիւններ տան այդ իմաստով: Ապատի յայտնեց, որ առեւանգուած իրանցի դիւանագէտները յանձնուած են իսրայէլեան գոյացութեան եւ, ըստ նորագոյն տեղեկութիւններուն, անոնք տակաւին ողջ են եւ կը գտնուին սիոնական արգելարաններուն մէջ:

Ապատի իր խօսքը եզրափակեց յայտնելով, որ այդ արարքը ամօթի խարան մըն է առեւանգողներուն ճակատին զետեղուած:

 

 

Նախորդը

ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ՕՀԱՆԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՊՀ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏԻՆ

Յաջորդը

ՄԱՐՈՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՍՏԱՆՁՆԵԼՈՒ ԻՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.