
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը մտադիր է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրին հարցաքննելու պաղեստինեան ազգային համաձայնական կառավարութեան հետ յարաբերութիւնը շարունակելուն շուրջ:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 7-րդ կայանը նշեց, որ Քոնկրեսի անդամներ յայտնած են, որ այս ամսուան սկիզբը կազմուած պաղեստինեան ազգային համաձայնական կառավարութեան հետ յարաբերելու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան առած քայլը կը խախտէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ամերիկեան օրէնքը եւ վնաս կը պատճառէ Միացեալ Նահանգներու բարեկամ Իսրայէլի:


