Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Եթէ Կրկնուի

June 13, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

ՍՕԽ- կեդրոնը՝ երէկ…
ՍՕԽ-ի կեդրոնը՝ երէկ…
…եւ այսօր
…եւ այսօր

Անցնող օրերուն, հալէպահայութիւնը սուրիական ճգնաժամի մինչ օրս արձանագրուած ամէնէն ահաւոր ու վտանգաւոր օրերը ապրեցաւ: Հալէպի հայաշատ Նոր Գիւղ աւանը զինեալ ընդդիմադիրներուն կողմէ անխնայ հրթիռակոծումներու ենթարկուեցաւ, բազմաթիւ թաղամասեր, շէնքեր, բնակարաններ, ազգային հաստատութիւններ, եկեղեցիներ, դպրոցներ ու կառոյցներ լուրջ վնասներ կրեցին: Նոր Գիւղը աղէտեալ գօտի հռչակուեցաւ, իսկ հրթիռակոծումներուն պատճառով անմեղ եւ երիտասարդ զոհերու արձանագրութիւնը շարունակուեցաւ:

Հալէպէն ու ընկերային համացանցերէն բարձրացած հալէպահայութիւնը առանձին չձգելու, անոր զօրակցելու եւ օժանդակելու կոչերուն յաջորդեցին տարբեր կողմերու եւ մակարդակներու հրատարակած դատապարտման յայտարարութիւններ եւ… վերջակէտ: Մինչ օրս ո՛չ մէկ երաշխիք ունինք այն գծով, որ վտանգը հեռացած է հալէպահայութենէն:

Բնականաբար,  խելամիտ ոչ ոք կը փափաքի, որ նման վտանգ մը կրկնուի եւ կամ նոյնանման դէպքեր նո՛յն ուժգնութեամբ եւ կամ աւելի ահաւոր ձեւով անգամ մըն ալ բաժին իյնան երեք տարիներէ ի վեր հայավարիօրէն կեանքին կառչած հալէպահայութեան: Այս չի նշանակեր սակայն, թէ պէտք չէ մտածել նոյնանման դէպքերու կրկնութեան հաւանականութեան մասին, որովհետեւ պատերազմը տակաւին չէ աւարտած, եւ ամէն տեսակի զարգացում կարելի է ակնկալել…

ՍՕԽ-ի մանկամսուրը՝ երէկ…
ՍՕԽ-ի մանկամսուրը՝ երէկ…
… եւ այօր
… եւ այօր

Նման կացութեան մէջ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն համահայկական տարողութեամբ քարոզչական, քաղաքական, դիւանագիտական թէ փրկարար շտապ ծրագիրներու անմիջականօրէն որդեգրումը խիստ անհրաժեշտութիւն է այլեւս:  Նման ազդու քայլերու ձեռնարկելը կենսական նշանակութիւն պիտի ունենայ հալէպահայութիւնն ու ամբողջ սուրիահայութիւնը ապագայ հաւանական ծանր ու կենսական վտանգի ենթարկուելու պարագային խուճապային հակազդեցութենէն  փրկելու եւ կամ նուազագոյն վնասներով դուրս բերելու համար:

Այստեղ անհրաժեշտ է նշել, թէ երբ առնուելիք քայլերը հիմնականօրէն նոյնինքն հալէպահայ համայնքի մարտավարական ծրագիրներուն համահունչ կ՛ըլլան, համագործակցութիւն կը ստեղծուի տարածաշրջանի ազգային կառոյցներուն եւ հայրենի իշխանութիւններուն հետ, այդ պարագային արդիւնքները աւելի շահեկան կ՛ըլլան : Իրապաշտ, անշահախնդիր ու գործունեայ ըլլալը անհրաժեշտութիւն է:

Ամէն ժամանակէ աւելի հրատապ է համազգային համագործակցութիւն եւ պատրաստակամութիւն ցուցաբերել մայր գաղութին օրհասական վտանգները դիմագրաւելու համար: Նոր Գիւղի հրթիռակոծման եւ Քեսապի անակնկալ հայաթափման դէպքերուն նման այլ դէպքեր կանխարգիլելու համար կամ կրկնուելու պարագային, որպէս ազգ ու պետութիւն լոկ յայտարարութիւններ ու դատապարտագիրներ հրատարակելէն քայլ մը առջեւ անցնելու համար, միասնական ճիգերով սատարենք հալէպահայութեան ու ողջ սուրիահայութեան գոյապայքարին:

Այս հանգրուանին սուրիահայութեան ֆիզիքական ու հաւաքական գոյատեւումը համահայկական առաջնահերթութիւն է:

 

 

Նախորդը

«Ձանձրացել Եմ Պետութեանս` Թուրքիայի Ստերից` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին»

Յաջորդը

Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի Աննախընթաց Նպաստը Հայոց Ցեղասպանութեան Գաղթականներուն Եւ Որբաշխարհին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.