Ռէալ Մատրիտի, Ա. Սէ. Միլանի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին միջնապահ Տէյվիտ Պեքհամ, որ ֆութպոլիստի իր ասպարէզը աւարտեց Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, այժմ կը մտադրէ վերադառնալ ֆութպոլի դաշտերը:
Ներկայիս «Մէյճըր լիկ»-ի ֆութպոլի ակումբի մը ստեղծման աշխատանքներով զբաղող Պեքհամ յայտարարեց, որ պատմութեան մէջ ցարդ չէ պատահած, որ գոյութիւն ունենայ ֆութպոլիստ մը, որ միեւնոյն ժամանակ սեփական ակումբ մը ունենայ:
«Տեսնելով անուանի ֆութպոլիստներուն ցուցաբերած խաղարկութիւնները, որոշեցի դիմել այս քայլին, հակառակ անոր որ յայտարարած էի անցեալին, թէ լքած եմ ֆութպոլիստի իմ արհեստավարժ ասպարէզս», ըսաւ Պեքհամ:


