Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն. Հաղորդագրութիւն

June 5, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Լիբանանի Հայերը (Բ.)» Գիտաժողովը
Աւարտեց Իր Աշխատանքները

1405Haigazian1Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած «Լիբանանի հայերը (Բ.)» գիտաժողովը յաջողութեամբ աւարտեց իր աշխատանքները:

Արդարեւ, 14 մայիս 2014-ի երեկոյեան պաշտօնական բացումէն ետք, յաջորդող երկու օրերուն` 15 եւ 16 մայիս 2014-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ գիտաժողովը գումարեց չորս նիստեր` 16 զեկոյցներով: Ընդհանուր առմամբ եղան տասնութ ելոյթներ` իբրեւ գիտական ուսումնասիրութիւններ եւ դասախօսութիւն:

Ներկայացուած նիւթերն էին` դոկտ. Հուտա Քասաթլի` «Լուսանկարիչ Յովսէփ Մատէնեանը` լիբանանահայ լուսանկարիչներու ենթախորքին վրայ», դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան` «Արեւմտահայերէնի խնդիրներ լիբանանահայ համայնքին մէջ», դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան` «Լիբանանահայ դպրոցի հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչը», դոկտ. Օհաննէս Կէօքճեան` «Անտեսուած բնագաւառ մը` լիբանանահայ համայնքին դերը հակամարտութեան լուծման մէջ (1975-1990)», Ռուբէն Աւշարեան` «Լիբանանահայ երեսփոխանները Լիբանանի խորհրդարանին մէջ. արժեւորում մը` ներսէն», դոկտ. Իրինա Փափքովա` «Լիբանանահայ եկեղեցին եւ իր միջավայրը», դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան` «Հասարակաց դատեր. լիբանանահայերը եւ Լիբանանի մայիս 6-ի Նահատակաց ու Անկախութեան տօները», դոկտ. Քլոտ Մութաֆեան` «Հայ եւ լիբանանեան քանի մը դաշինքներ  խաչակիրներու ժամանակ», դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան` «Մուսա Լերան հայութեան տեղաւորումը Լիբանան, 1939-1940», դոկտ. Ճէյմս Սթոքըր` «Մ. Նահանգներու կառավարութիւնը եւ լիբանանահայ համայնքը (1943-1975)», դոկտ. Արման Եղիազարեան` «Լիբանանի հայ համայնքը եւ մոտելային սփիւռքի խնդիրը հայ իրականութեան մէջ», Հրաչ Քեսթենեան` «Հայ ուսանողական կեանքը սուրիական Բողոքական քոլեճին մէջ (1885-1920)», Եղիկ Թաշճեան` «Երրորդ ուղին լիբանանահայութեան մէջ, 1956-1960», Վահագն Քէշիշեան` «Լիբանանահայ պետական պաշտօնեաները»,  Արազ Գոճայեան` «Հանրային անդրադարձը` տագնապներու ժամանակ. Կեզիփարքի դէպքերուն անդրադարձը լիբանանահայ երիտասարդութեան մօտ», Շանթ Վարդանեան` «Սուրիահայ գաղթականները Լիբանանի մէջ»:

1405Haigazian2Պաշտօնական բացման հանդիսութեան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան խօսեցաւ «Լիբանանահայ համայնքի կենսական դերը. 1950-ականներու յիշատակներ պէյրութահայութենէն» նիւթով, իսկ գիտաժողովի փակման օրը Վիգէն Աւագեան հանրային դասախօսութեամբ մը ներկայացուց «Պատմական պտոյտ մը Պուրճ Համուտի մէջ» նիւթը: Գիտաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ «Յուշամատեան» կայքէջի «Houshamadyan» հատորի շնորհանդէսը` Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան արուեստի ցուցասրահ»-ին մէջ եւ Պուրճ Համուտի լուսանկարներու, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ երգիչ-երգչուհիներու, երգչախումբերու փոքր եւ մեծ ձայնապնակներու ցուցահանդէսը` Հայկազեան համալսարանի «Մաթոսեան արուեստից ցուցասրահ»-ին մէջ:

Գիտաժողովին մասնակիցները լաւապէս կը տիրապետէին իրենց արծարծած նիւթերուն, մանաւանդ, որ անոնք մօտէն շփում ունէին այդ նիւթերուն, կարծես մասնակիցն ու բաղադրամասը ըլլային անոնց:

Ազատ, անմիջական, երկար եւ խորունկ քննարկումներու եւ վերլուծումներու ընդմէջէն վերահաստատուեցաւ լիբանանահայութեան տիպականութիւնը` սփիւռքի իրականութեան մէջ:

Գիտաժողովի ընթացքին շեշտուեցաւ այն, որ լիբանանահայութիւնը գիտական ուսումնասիրութեան բազում երեսներ ունի տակաւին, որոնք կը սպասեն խորաթափանց պրպտողներու:

Գիտաժողովի ամբողջ տեւողութեան զեկուցաբերներուն կողքին ներկայ եղան նաեւ մեծաթիւ ունկնդիրներ, ինչ որ կ՛արտացոլացնէ նման գիտաժողովներու հանդէպ յառաջացած հետաքրքրութիւնը, որ սկսած է գիտական հետաքրքրութեան վերածուիլ մանաւանդ երիտասարդ համալսարանականներու եւ համալսարանաւարտներու մօտ:

1405Haigazian3Յատկանշական այլ երեւոյթ մըն էր երիտասարդ համալսարանաւարտներու մասնակցութիւնը: Արդարեւ, գիտաժողովի վերջին նիստը ամբողջութեամբ տրամադրուած էր իրենց, եւ անոնք փայլուն յաջողութեամբ ներկայացուցին իրենց այժմէական ու ցարդ չուսումնասիրուած նիւթերը: Այս առումով, անոնք նոր փորձառութիւն շահեցան: Անոնց շփումը փորձառու եւ երէց մասնագէտներու հետ հասունացման կարեւոր գործօն կրնայ հանդիսանալ անոնց համար: Կը յուսանք, որ անոնք առաւել ամուր քայլերով կը յառաջանան իրենց ընտրած ասպարէզներուն մէջ` յառաջ բերելով համալսարանաւարտ, հայեցի մտաւորականներու նոր խաւ մը:

Կեդրոնը շնորհակալ է բոլոր մասնակիցներուն` զեկուցողներուն, որոնք ուշագրաւ նորութիւններ, չարծարծուած նիւթեր մատուցեցին, ինչպէս նաեւ` ունկնդիր հասարակութեան, որ յատուկ մթնոլորտ յառաջացուց եւ աւելի ծաւալուն դարձուց գիտաժողովին անմիջական արդիւնքները:

Յառաջիկայ տարուան` Կեդրոնի չորրորդ գիտաժողովի նիւթ որոշուած է «Սուրիոյ հայերը» թեման: Այդ գիտաժողովը կը ծրագրուի կայացնել 2015 մայիսին: Ծրագրային նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն:

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ 
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Սուրիական Օրագրութիւն 51

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։