Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոմսի Հայերու Իրավիճակը

May 31, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

10344775_319474491537896_5682407517314375989_nՏարիներու ընթացքին հայերը կ՛ապրէին Հոմս քաղաքի բոլոր միւս համայնքներուն, ինչպէս սիւննիներու եւ արաբ քրիստոնեաներու հարեւանութեամբ:

Հայերը Հոմսի մէջ կը բնակէին Համիտիէ, Պապ Սպաա, Մահաթա եւ Ինշաաթ թաղամասերուն մէջ: Տասնամեակներէ ի վեր Հոմսի մէջ գոյութիւն ունի նաեւ Հարեթ Արման (հայերու թաղամաս), որ տարիներու ընթացքին դատարկուած է հայ բնակիչներէ:

Հոմսի մէջ հայերը մեծամասնութեամբ կը զբաղէին ինքնաշարժի մասերու նորոգութեամբ եւ վաճառականութեամբ, իսկ երիտասարդ խաւը կ՛աշխատի նաեւ որպէս պաշտօնեայ պետական հաստատութիւններուն մէջ:

Նախապէս Համիտիէ թաղամասը յատկանշուած էր հայերուն ներկայութեամբ, որովհետեւ հոն   հաստատուած էին հայերուն մեծամասնութիւնը, Համիտիէ եւ Սինաա շրջաններուն մէջ կը գտնուէին անոնց աշխատանոցները եւ վաճառատուները, որոնք այսօր վնասուած են:

2605_Mesrob-church2605_Homs-S-Mesrob-churchՍակայն երկու տարիէ ի վեր` Համիտիէի շրջանը զինեալներու հակակշռին տակ անցնելէ ետք, հայերը տեղափոխուեցան Մահաթա եւ Ինշաաթ թաղամասերը, որոնք աւելի ապահով կը համարուին` նկատի առնելով կառավարական հաստատութիւններու եւ շէնքերու առկայութիւնը: Նշենք, որ քանի մը հայ ընտանիքներ տեղափոխուեցան Հոմս նահանգի տարածքին գտնուող ապահով գիւղերը, ինչպէս` Մաշթալ Հլու, իսկ ոմանք ալ անցան Լաթաքիա եւ Լիբանան` իրենց ետին ձգելով իրենց կալուածները եւ ունեցուածքները:

Կենցաղային իմաստով հայերը փորձած են յարմարիլ առկայ պայմաններուն: Յիշենք, որ «Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինի դասաւորումով 2013-ին  Հոմսի հայ ընտանիքներուն նիւթական նպաստ բաժնուեցաւ:

Պէտք է նշել, որ Հոմսի Համիտիէ շրջանին մէջ կը գործէին Հայ առաքելական Ս. Մեսրոպ եկեղեցին (օծուած 2009 թուականին) եւ անոր կից գտնուող Սահակեան վարժարանը (նախակրթարան):

10363996_319474581537887_4858560565648095462_nԴամասկոսի Հայ առաքելական առաջնորդարանէն հոգեւորականները շաբաթական դրութեամբ կ՛այցելէին Ս. Մեսրոպ եկեղեցին` Ս. պատարագ մատուցելու համար: Վերջին Ս. պատարագը մատուցուած է 2011-ին Ս. Զատկուան տօնին առիթով: Իսկ 2011-ի վերջաւորութեան եկեղեցին ու դպրոցը ենթարկուեցան յարձակումի եւ բռնագրաւման, որուն իբրեւ հետեւանք` տեղւոյն հայերը եկեղեցական կարգերուն կը հետեւէին արաբ քրիստոնեաներու եկեղեցւոյ մէջ եւ երեխաները կը յաճախեն տեղւոյն արաբական վարժարանները:

Պէտք է ընդգծել, որ զինեալները եկեղեցին եւ դպրոցի շէնքը կ՛օգտագործէին որպէս կեդրոն, շէնքի նկուղը որպէս հիւանդանոց եւ պահեստանոց, իսկ դպրոցի սենեակները աղօթատեղի եւ հաւաքոյթի վայր: Շէնքը կրած է ծանր վնասներ, պատերը ստացած են հրթիռներու հարուածներ եւ սրբապղծուած է եկեղեցւոյ Սուրբ խորանը:

10300878_319474891537856_8419569134121601340_n10 մայիս 2014-ին,  երբ զինեալ գործողութիւնները դադրեցան, եւ Հոմսի նահանգապետը անվտանգ յայտարարեց Հին Հոմս շրջանը, հազարաւոր բնակիչներ վերադարձան ստուգելու համար ազատագրուած շրջանին մէջ իրենց բնակարաններն ու ունեցուածքը: Նոյնպէս հայ բնակիչները շրջան վերադարձան իրենց բնակարաններուն վիճակը ստուգելու եւ որոշ կահոյք կամ ունեցուածք տեղափոխելու, սակայն շէնքերը վնասուած էին, եւ նշեալ թաղամասերը ընդհանրապէս բնակելի չեն:

Այս ծիրին մէջ 15 մայիսին, Դամակոսի Հայոց թեմի առաջնորդ եպս. Արմաշ Նալպանտեան այցելեց Հոմսի Ս. Մեսրոպ եկեղեցին և ձեռնարկեց փրկել եկեղեցւոյ խորանի սրբապատկերն ու խորանի խաչը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ բարեխօս` Ս. Մեսրոպի սրբապատկերը, հաւաքեց նաեւ եկեղեցական զգեստները, ժամագիրքերն ու շարակնոցները:

Ներկայիս հայերը Հոմսի մէջ կը հաշուեն մօտաւորապէս երեք տասնեակ ընտանիք, հաշուի առնելով նաեւ ժամանակաւոր կերպով հոն տեղափոխուած ընտանիքները: Պէտք է նշել, որ պետութիւնը նախաձեռնած է արագօրէն սկսիլ ազատագրուած շրջաններուն վերաշինութեան գործերուն, միւս կողմէ կառավարութիւնը քաղաքի ենթակառուցուածքային ծրագիրներ պատրաստած է ընդհանրապէս Հին Հոմսի վերակառուցման համար:

26 մայիս 2014

 

Նախորդը

Այս Անկիւնէն. Ծրագրում (Գ.)

Յաջորդը

ՔԱՀԼ-ի Լիբանանի Հայ Անկարներու Կեդրոն Այցելութիւն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։