Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հերիին «Հայկական Ոսպնեակը»

May 31, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ալօ, Հրա՛յր, ճի՞շդ է, որ կը մեծնաս…»:

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

harry1_HJԻւրաքանչիւր 8 փետրուարին` տարեդարձիս օրը, Հերի Գունտաքճեան իրեն յատուկ զուարդ տրամադրութեամբ չէր մոռնար շնորհաւորել զիս, եւ ասիկա` տարիներ շարունակ: Մեր միջեւ կար ազգականական¬ընտանեկան կապ` հօրենական մեծ մօրս կողմէ, որ Գունտաքճեան էր: Հերիին համար հարազատը սրտի հատոր էր, որ կու տար իրեն յատուկ «հարստութիւն», որով ան իր կեանքին մէջ «ներդրում» կը կատարէր` մարդկային հաղորդակցութեան եւ յարաբերութեան ընդմէջէն:

Հերիին շնորհաւորելու ոճն ու ընթացքը կը տարբերէր իւրաքանչիւր տարի: Եթէ կար բացիկը, բայց նաեւ` հեռատիպն ու հեռաձայնը: Իսկ նախորդ տարուան իր կողմէ ինծի եղած վերջին շնորհաւորութիւնները, չեմ գիտեր ինչ տրամաբանութեամբ եւ մտածելակերպով զիս կը դնէին կեանքի մէկ իրական պատկերին դէմ յանդիման… «Ալօ, Հրա՛յր, ճի՞շդ է, որ կը մեծնաս…»:

Մեծնալը ոչ միայն տարիքով է, այլ իւրաքանչիւր անհատի կեանքին մէջ մէկը միւսին ետեւէն գլորուող իրականութիւններու շարանով, որուն կազմութեան ընթացքին տարիներուն թիւերը կը բարձրանան` առանց ետդարձի կարելիութեան:

Մեր Ճէպէճեան¬Գունտաքճեան գերդաստանին մէջ կայ «տոհմապետ»¬ի դրութիւնը, եւ իւրաքանչիւր զարմիկ ունէր իր դիրքին տիրանալու եւ հասնելու առիթը: Հերի Գունտաքեան, որ մեր ընտանիքի երէց սերունդին վերջին ներկայացուցիչն էր, նստաւ այդ «տոհմապետ»¬ի աթոռին վրայ վերջին աւելի քան տասը տարիներուն: «Երէց» սերունդին պատկանելու իրականութիւնը իրեն կու տար նաեւ հոգեկան գոհացում եւ ուրախութիւն, եւ միշտ չէր մոռնար իրեն յատուկ սրամտութեամբ եւ կատակով մեզի յիշեցնելու. «Խօսքս մտիկ պէտք է ընէք, ես եմ տոհմապետը»:

Հերին իր կեանքին մէջ շատ գեղեցիկ կերպով կրցաւ կամրջել հայկական ու լիբանանեան (նաեւ արաբական) արժէքները, որոնք իր բովանդակ կեանքին համար եղան գիտակցութիւն: Ան այս գիտակցութիւնը դրաւ իր մասնագիտական եւ ասպարէզային կեանքին մէջ եւ դարձաւ անոր/անոնց ջատագովը: Ան «վազեց» իր ոսպնեակին հետ` հոս ու հոն, թէ՛ հայկական ու արաբական, եւ թէ միջազգային աշխարհներ: Եւ ան «վազեց» ձիու մը ուժով ու արագութեամբ, այնքան, որ անոր տրուեցաւ «The horse» (ձին) մակդիրը: Ան միջազգային դիրքի ու համբաւի հասաւ համաշխարհային լրատուական¬տեղեկատուական ցանցին մէջ` գրաւելով մեծ վարկ իր մատուցած անսակարկ ու արհեստավարժ ծառայութեան համար, բայց նաեւ հասաւ հայկական մամուլին, լիբանանեանին ու արաբականին` միշտ տալով շատ աւելին: Հերի նկարեց իւրաքանչիւր դրուագ, անհատ, բայց անպայմանօրէն` արժէք: Ան իր ոսպնեակին մէջ կրցաւ դնել միտք, բայց նաեւ` հոգի, եւ մտքին ու հոգիին ընդմէջէն «նկարեց» հայկական ու լիբանանեան¬արաբական (նաեւ աւելին) ապրող իրավիճակները, որոնք դարձան հարազատ վկայութիւնը այս երկու իրականութիւններու ապրող եւ տրոփող սրտերուն ու անոնց արդար պահանջատիրութեան:

Ամերիկան Հերի Գունտաքճեանին համար եղաւ միայն նստավայր, իր սիրտը չկրցաւ դնել Նիւ Եորքի շէնշող եւ հմայք սփռող կեանքին մէջ: Պէյրութը մնաց իր սրտին նստավայրը, եւ չվարանեցաւ իր հարազատներուն ըսել. «Ես Պէյրութ պիտի թաղուիմ»:

Հերիին համար ամէնէն մեծ հպարտութեան առիթը եղաւ նկարել հայկական եռագոյն դրօշակին առաջին անգամ ծածանիլը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին մէջ` Նիւ Եորք` խոստովանելով, որ` «այս մէկը տարբեր է»: Հերին իր նկարին մէջ ո՛չ միայն պարզեց Եռագոյնը, այլ նաեւ նոյն այդ դրօշին հպարտութիւնը: Հպարտութիւն մը, որուն հետ, եւ որուն համար Հերին շարունակեց ապրիլ մինչեւ իր յոգնած սիրտը դադրեցաւ «ձիու» մը նման «վազելէ»:

Կարելի չէր Նիւ Եորք այցելել առանց Հերին տեսնելու: Բայց իմ վերջին այցելութիւնս` մայիսին, եղաւ ձեւով մը անկատար, որովհետեւ Հերին չկար, բայց նաեւ… որովհետեւ ան չհասաւ «Պէյրութ թաղուելու» իր փափաքին:

Հերի Գունտաքճեանի անվերջ բաժանումով փակուեցաւ մեր գերդաստանին այսպէս ըսած «երէց սերունդին», այլ խօսքով` «վերջին մոհիկանին» պատմութիւնը: Պատմութիւն մը, որ լեցուն էր արժէքներու հասկացողութեամբ, բայց նաեւ նոյն այդ արժէքներուն համար վազող ու տրոփող սիրտով:

Այո՛ Հերի, ճիշդ է, որ ես ալ կը մեծնամ, բայց կը մեծնամ ջանալով գիտակցիլ ու ապրիլ այն արժէքին համար, որ դուն միշտ «տարբեր» գտար: Դուն «Հայկական ոսպնեակիդ» մէջէն հանեցին «պատկերներ», որոնք մեզ մեծցուցին (ու տակաւին) նոյն այս «տարբեր»-ին գիտակցութեամբ, բայց նաեւ հպարտութեամբ:

Հերի Գունտաքճեանի «Հայկական ոսպնեակը»` ապրող ու ապրեցնող հայկական պատկերներով լի:

Պատկերներ, որոնք տակաւին «կը վազեն» ու պէտք է շարունակեն «վազել»:

 

Նախորդը

Ազգային Ոգի Ներարկող Հայրը (Մարտիրոս Աղազարեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

Մամուլի Արտակարգ Լուսաւոր Դէմք Մըն Էր Հերի Գունտաքճեանը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։