Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

May 21, 2014
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Ոսկէ Ծիրան-2014». 1500-է Աւելի Դիմում`
Շուրջ 100 Երկիրներէ

0507goldenapricoteՅուլիս 13-20 Երեւանի մէջ 11-րդ անգամն ըլլալով պիտի կայանայ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնը: Այդ նպատակով հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ներկայ էր նաեւ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը, որ իր խօսքին մէջ նշած է, թէ փառատօնը յատկապէս կարեւոր է այն առումով, որ կը քաջալերէ երիտասարդները: ««Ոսկէ ծիրան»-ը միայն շարժապատկերի փառատօն չէ, այն մեր առօրեան է, քաղաքը, որն այդ օրերին կերպարանափոխւում է: Սա այն եզակի դէպքերից է, երբ փառատօնը հաւատարիմ է մնում իր սկզբունքներին», ըսած է նախարարը: Յասմիկ Պօղոսեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է փառատօնի գործընկեր «Վիվասէլ-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան` յանձին Ռալֆ Եիրիկեանի, եւ լրագրողներուն` փառատօնին հանդէպ նման հետաքրքրութեան, զայն գնահատելու եւ արժեւորելու համար:

«Ոսկէ ծիրան»-ի տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնած է այն երկու սիւներուն, որոնք փառատօնը բարձրացուցին` կառավարութեան եւ «Վիվասէլ-Էմ.Թի.Էս.»-ին: Ան նշած է, որ տարուէ տարի կ՛աւելնայ փառատօնին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը: «Ամէն տարի թւում է, թէ վերջն է, այլեւս յայտեր չեն լինի, սակայն տարէցտարի նոր յայտեր են աւելանում», ըսած է Խաչատրեան:

«Ոսկէ ծիրան» փառատօնի ծրագիրներու տնօրէն Միքայէլ Ստամբոլցեանը նշած է, որ արդէն 1500-է աւելի դիմումներ ստացած են` շուրջ 100 երկիրներէ:

«Ամենաշատ յայտերը` թուով 140, ստացել ենք Գերմանիայից, այնուհետ` Ռուսաստանից 120 յայտ, ապա Ֆրանսա, Իտալիա, Իրան: Հայաստանից 59 յայտ է ստացուել», դիտել տուած է ան:

Նշենք, որ «Ոսկէ ծիրան» 11-րդ շարժապատկերի փառատօնը նուիրուած է Սերգէյ Փարաջանովի ծննդեան 90-ամեակին: Այդ նպատակով փառատօնին բացումը եւ փակումը որոշուած է կայացնել Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ:

Շարլ Ազնաւուր Արժանացաւ Ռուբէն Մամուլեանի
Անուան «Հայակ» Յատուկ Մրցանակին

1305CharlesAznavourՖրանսահայ նշանաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուր «Հայակ» մրցանակաբաշխութեան ընթացքին ստացաւ Ռուբէն Մամուլեանի անուան յատուկ մրցանակ` համաշխարհային շարժապատկերի աշխարհին մէջ ունեցած մեծ ներդրումին համար: Մրցանակը Ազնաւուրին յանձնեցին շարժապատկերի մարզին մէջ առաջին քայլերը կատարող երիտասարդներ: «Շնորհակալ եմ, որ «Հայակն» իր ներկայութեամբ պատուել է մեր սիրելի Շարլ Ազնաւուրը: Մենք այս տարուայ երեկոն անցկացնելուց առաջ որոշեցինք սահմանել յատուկ մրցանակ` համաշխարհային շարժապատկերում ունեցած ներդրման համար: Դատակազմը այն որոշեց կոչել Ռուբէն Մամուլեանի անունով եւ առաջին մրցանակը յանձնել Շարլ Ազնաւուրին», նշեց «Հայակ»-ի նախագահ Գէորգ Գէորգեանը:

Ներկաները յոտնկայս ծափահարեցին նշանաւոր երգիչին, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին:

Նշենք, որ 12 մայիսին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն ներկայութեան Շարլ Ազնաւուր տուաւ բացառիկ ելոյթ մը:

Վերջին Հրաժեշտ` «Ծիծաղի Թագուհի»-ին

0513svetlana84 տարեկանին մահացած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, Յ. Պարոնեանի անուան երաժշտա-կատակերգական թատրոնի դերասանուհի Սվետլանա Գրիգորեանը: Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութեան նախագահ Յակոբ Ղազանչեան իր ցաւակցութիւնը յայտնած է դերասանուհիին մահուան առիթով: «Կեանքից հեռացաւ կեանք ու ժպիտ պարգեւողը, Ծիծաղի թագուհին, որը 60 տարուց աւելի մարդկանց խինդ նուիրեց, ստեղծեց այնպիսի բեմատիպարներ, որոնք միշտ կը մնան մեր բեմարուեստի պատմութեան մէջ: Սվետլանա Գրիգորեանի կեանքը թատրոնին անմնացորդ նուիրման վառ օրինակ էր, նրա համար թատրոնն ընտանիք էր, սէր էր, կեանք էր», նշած է Ղազանչեան:

Սվետլանա Գրիգորեան ծնած է 1930-ին. տակաւին թատերական ուսումնարանի սան էր` 13 տարեկան, երբ իր կեանքը կապած է բեմին եւ անդաւաճան մնաց մինչ իր մահը, տասնեակ տարիներ: Յիսունհինգ տարի խաղացած է հայ բեմի նշանաւոր տիպար Կարպ Խաչվանքեանի հետ: Խաղացած է հարիւրէ աւելի դերեր: Ան հեռուստաթատրոնի հիմնադիրներէն է (1956 թ.):

Երաժշտա-կատակերգական թատրոնին հրաւիրուելով` 1949-ին Ս. Գրիգորեան անմիջապէս ցուցադրած է իր ամբողջ տաղանդն ու հմայքը եւ դարձած` հանդիսատեսին հոգիին տիրակալը: Իր անձնաւորած կերպարներէն շատերն ու գլխաւորները դերասանուհին կերտած է մեծանուն Վարդան Աճեմեանի անմիջական աջակցութեամբ, անոր ղեկավարութեամբ ու խորհուրդներով:

Ան հիմը դրած է կատակերգութեան նոր տեսակի, ան ստեղծած է իր վառվռուն, կենսախինդ, հանդիսատեսին սիրտը ալեկոծող, անոր հոգեկան զմայլելի պահեր պարգեւող արուեստի գրիգորեանական տեսակը:

Վաթսուն տարիներու բեմական աշխուժ գործունէութիւն ծաւալած է` քանդակային կերպարներ ստեղծելու իր կարողութիւններով ու հմտութիւններով: Հիւրախաղերով հանդէս եկած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, արժանացած է միջազգային մրցանակներու:

Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի է: Արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու եւ շքանշաններու` «Մովսէս Խորենացի», Սուրբ Էջմիածինի կողմէ` «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ»: 2009-ին Լոս Անճելըսի մէջ հանդիսաւորութեամբ անոր տրուած է «Ծիծաղի թագուհի» տիտղոսը: 2011-ին պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւնների համար» առաջին աստիճանի մետալով:

Յակոբ Պարոնեանի անուան թատրոնին մէջ 15 մայիսին վերջին հրաժեշտ տուած են «Ծիծաղի թագուհի»-ին` Սվետլանա Գրիգորեանին: Իրեն հարազատ այդ թատրոնին մէջ ան մարմնաւորած է աւելի քան 150 դերեր: Սիրուած դերասանուհիին դագաղը ծափողջոյններու տարափին տակ թատրոնի շէնքէն տարուեցաւ Երեւանի քաղաքային պանթէոն:

Քաղաքապետն Ու Սփիւռքի Նախարարը Քննած Են
«
Արի Տուն»-ի Առնչուած Հարցեր

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանն ու Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմին հետ հանդիպումի ընթացքին քննարկած են «Արի տուն» ծրագիրին առնչուած հարցեր:

«Երեւանի քաղաքապետարանը 6-րդ տարին է, որ  իր աշխուժ մասնակցութիւնն է ունենում «Արի տուն» ծրագրին: Եւ քանի որ ծրագիրը տարէցտարի ընդլայնւում եւ մասնակիցների թիւն աճում է, մենք պատրաստ ենք ձեռնարկելու համապատասխան քայլեր` Երեւանում աւելի մեծ թուով սփիւռքահայ երեխաներ հիւրընկալելու համար: Քաղաքապետարանի լիազօրութիւնների շրջանակում մշտապէս պատրաստակամ ենք աջակցելու նախարարութեան ծրագրերին եւ խորացնելու առկայ համագործակցութիւնը», դիտել տուած է Տարօն Մարգարեան եւ պատասխանատուներուն յանձնարարած է նախապատրաստական աշխատանքներ տանիլ քաղաքապետարանին առնչուող բաժինը պատշաճ կերպով կազմակերպելու եւ կատարելու նպատակով:

Շնորհակալութիւն յայտնելով քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին` ծրագիրի ծիրին մէջ ցուցաբերուող աջակցութեան համար, Հրանուշ Յակոբեան կարեւոր նկատած է նաեւ վարչական շրջաններուն եւ պատասխանատու միւս ստորաբաժանումներուն դերը երեխաները հիւրընկալելու իմաստով:

«Անցած 5 տարիների ընթացքում մենք աւելի քան հինգ հազար սփիւռքահայ երեխայ ենք ընդունել, ինչի արդիւնքում շուրջ յիսուն հազար հայեր բարեկամացել են միմեանց հետ: Այս տարի նախատեսւում է, որ հայրենիք կ՛այցելի շուրջ 1000 երեխայ: Շատերը, գալով Երեւան, պարզապէս սիրահարւում են մայրաքաղաքին եւ իրենց ապագան տեսնում այստեղ: Ամէն օր հանդիպելով սփիւռքից ժամանած մեր տասնեակ հայրենակիցների` մշտապէս լսում եմ նրանց արձագանգը այն դրական փոփոխութիւնների վերաբերեալ, որոնք կատարւում են մայրաքաղաքում, ինչի համար շնորհակալութիւն եմ յայտնում ձեզ, պարոն քաղաքապետ», յայտնած է Հրանուշ Յակոբեան:

Ծրագիրի իրականացման նպատակով պիտի կազմուի աշխատանքային խումբ: Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանն ու սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը քննարկած են նաեւ «Իմ Հայաստան» խորագիրով մշակութային փառատօնին, ինչպէս նաեւ սեպտեմբերին Երեւանի մէջ կայանալիք «Հայաստան-սփիւռք» 5-րդ համաժողովի կայացման առնչուող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան Մասնակցած Է
Բուժքոյրերու Միջազգային Օրուան Նուիրուած
Համագումարի Բացման

0513pako-nursesԱրցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 12 մայիսին Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ մասնակցած է Բուժքոյրերու միջազգային օրուան նուիրուած համագումարի բացման:

Իր արտասանած խօսքին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը կարեւոր նկատած է նման ներկայացուցչական նախաձեռնութեան կայացումը Արցախի մէջ, «ինչն արդէն դառնում է բարի աւանդոյթ եւ անկասկած իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ մեր հանրապետութեան առողջապահութեան ոլորտի զարգացման վրայ», յայտնած է ան: Բակօ Սահակեան նշած է, որ առողջապահութիւնը տնտեսութեան ռազմավարական եւ առանցքային ճիւղերէն մէկն է, եւ ատկէ մեկնելով` այդ բնագաւառին մէջ կը գործադրուին լայնածաւալ ծրագիրներ` բնակչութեան որակեալ բժշկական սպասարկման ապահովման եւ անոր մակարդակի շարունակական բարձրացման իմաստով: Նախագահը յատուկ կերպով ընդգծած է` «այս գործընթացում բուժանձնակազմի եւ, մասնաւորապէս, բուժքոյրերի դերը, ովքեր մասնագիտական ունակութիւնների հետ մէկտեղ պէտք է ունենան նաեւ մարդկային բարձր որակներ եւ կապող օղակ հանդիսանան բժիշկների ու բուժուող հիւանդների միջեւ»:

Համագումարին կը մասնակցէին նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, պաշտօնատար այլ անձեր:

ՀԲԸՄ-ի Նիւթական Աջակցութեամբ`
«
Թումօ»-ի Կեդրոն Ստեփանակերտի Մէջ

0507getron0508TumoԱրցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան 7 մայիսին ընդունած է Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան ներկայացուցիչները` Ստեփանակերտի մէջ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն հիմնելու առնչուած հարցերը քննարկելու նպատակով:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքին  համաձայն, վարչապետ Արա Յարութիւնեան կարեւոր նկատած է այդ նախաձեռնութիւնը Արցախի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի զարգացման իմաստով, նաեւ ողջունած է նախագիծը ֆինանսաւորելու ՀԲԸՄ-ի պատրաստակամութիւնը: Ան աւելցուցած է, որ կառավարութիւնը պատրաստ է առաւելագոյն աջակցութիւնը ցուցաբերելու այս ծրագիրին` կարելի եղածին չափ կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին զայն կեանքի կոչելու համար:

Հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է անմիջապէս ձեռնարկելու կեդրոնի ժամանակաւոր շէնքի յարմարեցման եւ վերանորոգման աշխատանքներուն, որպէսզի յառաջիկայ ամիսներուն կարելի ըլլայ աշակերտներուն դիմաց բանալ անոր դռները: Քննարկուած են նաեւ կազմակերպչական շարք մը հարցեր` շէնքի ընտրութեան եւ աշխատանքներու կառավարման առնչուած:

Մայրերու Եւ Երեխաներու Համար Լաւագոյն
Երկիրներու Ցանկին Մէջ Հայաստան 95-րդ Է

«Սէյվ տը չիլտրըն» միջազգային հասարակական կազմակերպութիւնը ամէն տարի կը պատրաստէ մայրերու եւ երեխաներու համար աշխարհի լաւագոյն երկիրներու վարկանշային ցուցակը` 178 պետութիւններու հիման վրայ:

Ցանկին մէջ Հայաստան կը գրաւէ 95-րդ դիրքը, իսկ լաւագոյն երկիրը նկատուած է Ֆինլանտան:

Պետութիւնները գնահատուած են 5 հիմնական չափանիշներով` մօր առողջական վիճակ, վաղաժամ մահացութիւն երեխաներու պարագային, կրթութեան մակարդակ, երկրին մէջ եկամուտներու մակարդակ եւ կիներու քաղաքական դիրք: Թէեւ Ֆինլանտան այս չափանիշներէն ոչ մէկուն պարագային բարձր դիրքի վրայ է, սակայն անիկա ընդհանուր գիծերու մէջ լաւ տուեալներ ունեցող 15 երկիրներուն մէջ է: Արդարեւ, ամէնէն գլխաւոր գործօններէն մէկը, որ նկատի առնուած է ցանկը պատրաստողներուն կողմէ, եղած է մանուկներուն մահացութեան թիւը: Ֆինլանտան այս իմաստով ամէնէն քիչ մահեր արձանագրող երկիրն է. հոն 345 երեխաներէն միայն մէկը չ՛ապրիր մինչեւ 5 տարեկան, գրեթէ նոյնն է պարագան նաեւ Նորվեկիոյ մէջ:

Մայրութեան համար լաւ պայմաններ կան նաեւ` Շուէտի, Իսլանտայի, Հոլանտայի եւ Դանիոյ մէջ:

Թուրքիան ցանկին մէջ 59-րդ դիրքը կը բաժնեկցի Թունուզի հետ, Ռուսիան 62-րդն է, Վրաստանը` 98-րդը, Ազրպէյճանը` 99-րդը:

Ցանկին վերջին հորիզոնականները գրաւած են ափրիկեան հանրապետութիւնները, վերջինը` Սոմալին է, ուր մահացութիւնը չափազանց բարձր է. կեանքի ծանր պայմաններու պատճառով իւրաքանչիւր 7-րդ երեխան չ՛ապրիր մինչեւ 5 տարեկան:

Արժանթինահայ Բարերարին Աջակցութեամբ
Բաւրան Ունեցաւ Նոր Համայնքային Կեդրոն

Արժանթինահայ բարերար Նշան Տեւեճեանի հովանաւորութեամբ եւ տրամադրած 80 միլիոն դրամ ֆինանսական աջակցութեան շնորհիւ` Շիրակի մարզի Բաւրա գիւղին մէջ բացուեցաւ նորակառոյց համայնքային կեդրոնը, ուր պիտի գործեն գիւղապետարանը, բժշկական բաժանմունք մը, գրադարանը, համակարգչային կեդրոնը եւ հանդիսութիւններու սրահը:

Կեդրոնի բացման արարողութեան ներկայ էր տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանը: Այս նպատակով Հայաստան եկած էր արժանթինահայ բարերարներու խումբ մը` ծրագիրի հովանաւոր Նշան Տեւեճեանի գլխաւորութեամբ: Բարերարը կեդրոնի բացման արարողութեան ընթացքին ուրախութեամբ նշած է, որ այսօր կարելիութիւն կայ ներկայ գտնուելու այդ վայրին մէջ եւ գիւղի բնակիչներուն հետ կիսելու անոնց ուրախութիւնը: «Ուրախ ենք, որ կրցանք մեր փոքրիկ աւանդը ունենալ գիւղի զարգացման համար: Գիւղի ընտրութիւնը կատարուած է պատահականօրէն, սրտի թելադրանքով, եւ այսօր ուրախալի է տեսնել ծրագիրի յաջողութիւնը», նշած է բարերարը:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը դիտել տուած է, որ տարեսկիզբին Տեւեճեաններու ընտանիքին ֆինանսաւորումով հիմնովին կահաւորուած եւ համակարգչային սարքերով օժտուած էր Բաւրայի դպրոցը: «Նման ծրագրերը մեզ համար նոր չեն, քանի որ արդէն իսկ կառուցուել են բազմաթիւ համայնքային կենտրոններ Հայաստանում եւ Արցախում: Համոզուած եմ նաեւ, որ արժանթինահայ բարերարները կը համաձայնուեն շարունակել նմանատիպ ծրագրերը», նշած է Վարդանեան:

Շիրակի մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեանը մատնանշած է, որ «Հայաստան» հիմնադրամը միշտ ուշադրութիւն կը դարձնէ Շիրակի մարզի երկրաշարժէն տուժած համայնքներուն: «Հիմնադրամին աջակցութեամբ արդէն իսկ կառուցուել է 6 դպրոց, եւ այսօր էլ Աշոցքում կառուցւում է նոր դպրոց: Վերանորոգուել են բազմաթիւ բուժկենտրոններ: Իսկ Բաւրա գիւղի համայնքային կենտրոնի բացումը խորհրդանշական է, քանի որ 1956 թուականից յետոյ այստեղ նոր շինութիւն չէր կառուցուել», յայտնած է Ցոլակեան:

Բացման արարողութեան ընթացքին բարերար Նշան Տեւեճեանին շնորհուած է գիւղի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում եւ նուիրուած է 300 քառակուսի մեթր հողատարածք:

Viva-cell-logo1

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. «Ազդակ»-ի Ութ Էջով Հրատարակութիւնը

Յաջորդը

Սուրիական Օրագրութիւն 49

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

November 18, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

November 4, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.