Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, ուրբաթ, 18 մայիսին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Անթիլիասի մասնաճիւղի աղջկանց Ա. դասակարգի ներկայացուցչական խումբը մրցեցաւ Թրիփոլիի Մութթահետին դէմ` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ եւ արձանագրեց 74-57 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նախքան մրցումը սկսիլը, Անթիլիասի վարչութիւնը, ներկայութեամբ հոծ բազմութեան մը, երկու յուշանուէրներով պատուեց խումբի հովանաւոր, «Սայֆքօ Հոլտինկ» ընկերութեան տնօրէնը` Շահէ Երեւանեանը:
Արդարեւ, մրցումին սկիզբը, անոր ազդանշանը տուող սուլոցէն առաջ, ՀՄԸՄ-ի խումբին մեծ աղջիկները հաւաքուեցան եւ խումբին երկու խմբապետները` Նաթալի Սվաճեան եւ Սանտրա Ազար, Շահէ Երեւանեանին յանձնեցին խումբին զոյգ շապիկները. մէկը կը կրէր մարզիկներուն ստորագրութիւնները եւ զետեղուած էր ապակեայ շրջանակի մը մէջ, իսկ միւսը խումբին եռագոյն շապիկն էր:
Խումբին հովանաւորը անմիջապէս հագաւ այդ շապիկը` ապացուցելով իր խանդավառութիւնը ՀՄԸՄ-ի իրագործումներուն նկատմամբ:
Այս զոյգ յունաշուէրով հովանաւորը պատուելու աշխատանքը վարչութիւնը պասքեթպոլի յանձնախումբին վստահած էր` ապացուցելու համար ՀՄԸՄ-ի երախտագիտութիւնը բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս թէ բարոյապէս կ՛օժանդակեն խումբին (պասքեթպոլի ներկայացուցիչ` Րաֆֆի Գասապեան, խորհրդականներ` Մկօ Օտապաշեան, Յակոբ Ճերանեան եւ Անդօ Պոյաճեան):
Ապա, դաշտ հրաւիրուեցան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ստեփան Տէր Պետրոսեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին անդամ Յակոբ Թերզեան եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ, հաշուապահ եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Ճորճ Սապունճեան, որոնք յիշատակի նկար մը առին խումբին եւ յանձնախումբին հետ:

Ապա, խօսք առաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի ատենապետ Իշխան Եղիայեան, որ ըսաւ. «ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին եւ մասնաւորաբար ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան անունով շնորհակալութիւն կ՛ուզենք յայտնել այն անձերուն, որոնք առիթը ստեղծեցին եւ օգնեցին, որ ՀՄԸՄ-ի խումբը այսպիսի հովանաւոր մը ունենայ, եւ մասնաւորաբար «Սայֆքօ» ընկերութեան, ներկայացուած` տէր եւ տնօրէն Շահէ Երեւանեանով, որ ընդունեց այս ծանր պարտաւորութիւնը ստանձնել»:
Աւարտին խօսք առնելով Շահէ Երեւանեան ըսաւ. «Ինծի համար հպարտութիւն է ՀՄԸՄ-ի խումբին օժանդակել, ըլլայ նիւթապէս կամ բարոյապէս: Խումբին կը մաղթեմ յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք: Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ը եւ կեցցէ՛ Լիբանանը»:


