Ուրբաթ, 16 մայիս 2014-ին, Տէր Զօրի մէջ զինուորական գործողութիւններու ընթացքին զոհուեցաւ սուրիական բանակի ծառայող, 1991-ի ծնունդ Անդրանիկ (Անդօ) Քահքեճեան: Անդոն ՀՄԸՄ-ի մաս կը կազմէր:
«Բերիօ նիուզ» կը նշէ, որ զոհուած զինուորին մարմինը տակաւին Հալէպ չհասաւ:


