Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՄԱՐՏ 14-Ի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐԱԾ ԱՐՏԱՔԻՆ ԱՐՇԱՒԸ ՈՃԻՐ Է ԵՒ ՁԱԽՈՂ ԾՐԱԳԻՐ» ԸՆԴԳԾԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ

July 5, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն  երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի արտակարգ նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած կառավարութեան չգոյութեան տագնապէն ետք լիբանանցիները փափաքած են, որ կազմուի կառավարութիւն մը, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել կեանքի բնականոն ընթացքը:

Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ժամանակաւոր է, մինչդեռ լիբանանցիներուն կեանքը մնայուն կերպով կը շարունակուի:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ կառավարութեան դէմ յայտարարուած միջազգային արշաւը մերժելի է` աւելցնելով, որ անիկա ընդդիմութեան ձեւ չէ: «Ըստ երեւոյթին, 20 տարի երկիրը քանդելէ ետք իշխանութենէն դուրս եկած ուժերը չեն հանդուրժեր այդ իրականութիւնը եւ կ՛անցնին քաղաքացիներուն ու երկրին սպառնալու քայլին` առանց գիտակցելու, որ ոչ ոք կրնայ իր երկրին սպառնալ», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն հարց տուաւ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ միջազգային ընտանիքէն պահանջել, որ չգործակցի Լիբանանի կառավարութեան հետ: «Ասիկա ոճիր է, իսկ որդեգրուած այդ ծրագիրը ձախող է, եւ եթէ երկիր մը Լիբանանի դէմ միջոցառումներ որդեգրէ, ապա անոնց ուղղակի պատասխանատուն ընդդիմութիւնն է», հաստատեց ան:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ ընդդիմութիւնը պիտի չկարենայ ցնցել լիբանանեան տնտեսութիւնը` աւելցնելով, որ ընդդիմութիւնը ցոյց կատարելու իրաւունք ունի, սակայն ան չի կրնար ցոյց կատարել` նախքան կառավարութեան աշխատանքի սկսիլը:

Անդրադառնալով սպանութիւններուն մասին շրջան ընող լուրերուն` զօր. Աուն այդ յայտարարութիւնները նկատեց անհեթեթ` աւելցնելով, որ այդ յայտարարութիւններուն հեղինակները լաւ գիտեն, թէ որո՛նք են ոճրագործները, իսկ երկրին ապահովական կառոյցներուն պատասխանատուները տակաւին կը մնան իրենց պաշտօններուն վրայ:

 

Նախորդը

ՊԵԼՄԱՐ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱՅԻՆ

Յաջորդը

ՍԷՅԻՏ ՖԱՏԼԱԼԼԱՅԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՆՇՈՒՄ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.