Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Նորահռչակ Սուրբ Պապը` Մեծ Հայասէրը…

May 12, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, «Հռոմ-Վատիկան, 2 ապրիլ 2005-ի իր վախճանումով հայերս ունեցանք նոր պաշտպան մը երկինքին մէջ` հայասիրութեան մարմնացումն ու ներշնչարանը` Յովհաննէս-Պօղոս Բ. սրբազան քահանայապետը, զոր այսօր կը յորջորջեմ «Մեծ» եւ մօտ ապագային պիտի կարենանք անուանել զայն «Սուրբ»: Հայասէ՛ր սուրբը: Յարգա՛նք անոր անթառամ յիշատակին ու խնկելի անունին»:

Մայիսի` Աստուածամօր նուիրուած ամիսին սկիզբը քեզ կ՛ողջունեմ վերի պարբերութեամբ, որով աւարտեցի «Այնճար, 22 ապրիլ 2005»-ին տուած «Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Մեծին հայասիրութիւնը» բանախօսութիւնս:

Ճիշդ ինն տարի ետք, 27 ապրիլ 2014-ին սրբադասուած Մեծն Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապին (1978-2005) հայասիրութեան մասին քանի մը տուեալներ հայթայթելու խնդրանքին կ՛ընդառաջեմ ամենայն սիրով, երախտագիտութեամբ ու շնորհակալութեամբ` նկատմամբ նորահռչակ սուրբին:

Յովհաննէս-Պօղոս Բ. քահանայապետը (1920-2005) տուաւ ամէն ինչ եւ ամէն մէկուն: Այս «ամէն ինչ եւ ամէն մէկ» համայնականութեան մէջ ներառուած են հայերը, որոնց հանդէպ սրբազան պապը մշտապէս ունեցաւ մեծ սէր, գորով, խանդաղատանք եւ դրուատիք:

Արդ, անյապաղ կ’ուրուագծեմ սրբազան պապին հայասիրութեան պատմութիւնը` տալով միայն  քանի մը թուականներ ու դէպքեր, որոնք խօսուն են, կը շոյեն մեր պատկանելիութիւնը եւ կ’առթեն արդար հպարտանքը: Անյուշ կը ձգեմ եկեղեցական եւ աշխարհական հանդիպումները բարձրագոյն մակարդակին վրայ: Նոյնպէս յոբելեաններուն առիթով` սուրբ պատարագներն ու այցելութիւնները:

– 6 հոկտեմբեր 1991-ին վերահաստատեց Հայաստանի հայ կաթողիկէ թեմին արքեպիսկոպոսական առաջնորդութիւնը:

7 հոկտեմբեր 1991-ին, Ս. Վարդարանի տօնին օրը, օրհնութիւնն ու բացումը կատարուեցաւ Աշոցքի մէջ «Նարեկի Տիրամայր» հիւանդանոցին, որ Հայաստանի ամէնէն արդիական բուժարանն եղաւ եւ կառուցուած էր սրբազան պապին նուիրատուութեամբ ու դրամական օգնութեամբ` կաթողիկէ «Քարիթաս»-ի եւ այլ միջազգային բարեգործական հաստատութիւններու, որոնք գործադրել ուզեցին քահանայապետին կոչը` անմիջապէս օժանդակելու մեր երկրաշարժահար հայրենիքին:

– 25 մարտ 1999-ին բացումը կատարեց «Հռոմ-Հայաստան» միջազգային ցուցահանդէսին` Հայաստանի նախագահին, Ամենայն Հայոց վեհափառին, հոգեւոր տիրոջ եւ բազմաթիւ եկեղեցական, քաղաքական, դիւանագիտական ու մշակութային անձնաւորութիւններու ներկայութեան:

– Համարեա առիթ չէ փախցուցած խօսելու 1915-ի Մեծ եղեռնի մասին, իսկ 10 նոյեմբեր 2000-ին` պապին կատարած ճանաչումը Հայոց ցեղասպանութեան զօրաւոր խլրտում յառաջացուց միջազգային մակարդակով:

– 2 փետրուար 2001-ին Վատիկան լոյս ընծայեց սրբազան պապին «Առաքելական նամակը հայ ժողովուրդի քրիստոնէութեան դարձին տասնեօթներորդ դարադարձին առիթով», որ տպուելով Ս. Աթոռին բազմալեզու պաշտօնաթերթին մէջ` սեփականութիւնը դարձաւ բոլոր քրիստոնեայ ազգերուն:

– Հայերուս քրիստոնէութեան դարձին 1700-ամեայ յոբելեանին առիթով քահանայապետին այցելութիւնը մեր երկրին` 25-27 սեպտեմբեր 2001-ին, որ պատմական եղելութիւնն եղաւ եւ մեծագոյն ապացոյցը` իր հայրական սիրոյն ու համարումին:

– Աշխարհին ուշադրութիւնը կեդրոնացուց Հայաստանի վրայ, յատկապէս` միջազգային լրատու գործակալութիւններուն, որոնց գովազդի ու յարակոչի կատարած աշխատանքին համար միլիոններ տալու էինք:

7 հոկտեմբեր 2001 թուականն ալ անջնջելի պիտի մնայ ապրիլ 24-ի տարեգրութեան մէջ, քանի այս օրը Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Իգնատիոս արք. Մալոյեան ապրիլեան նահատակը «Երանելի» հռչակելով` վաւերացուցած եղաւ Ս. Աթոռին ճանաչումը Հայոց ցեղասպանութեան:

– 19 յունուար 2005-ին, հայածէս Ս. պատարագէն ետք, հիւանդ պապին կողմէ կատարուած օրհնութիւնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին հոյակերտ արձանին, որուն համար հրաման տուած էր, որպէսզի զետեղուի Ս. Պետրոսի տաճարին արտաքին պատին վրայ: Հոն միլիոնաւոր մարդեր պիտի տեսնեն եւ կարդան ամէն տարի գովազդ- ծանօթացումը հայ ժողովուրդին մասին:

Անշուշտ, որ տակաւին կան իրագործումներ, թուականներ ու դէպքեր, բայց հոս յիշուածներուն դիմաց` արդէն իսկ կարելի է կրկնել Ֆրանսայի նախկին նախագահին` Վալերի Ժիսքար տ՛Էսթէնի հանրածանօթ դարձած այս վկայութիւնը նորոգ հանգուցեալ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. քահանայապետին մասին, որուն դագաղին առջեւ Միացեալ Նահանգներու այն օրերուն հրաժարեալ ու պաշտօնավարած երեք նախագահները ծնրադրեցին. «Սուրբ մը աւելի պիտի չկարենար իրագործել: Պապը գործի մարդն էր` դարձած սուրբ մը»:

Արդ, կրկնե՛նք աղօթական բաբախիւնները, որոնցմով կը տրոփէր օգոստափառ աղօթողին սիրտը հայերուս հանդէպ. «Ո՜վ Սուրբ Աստուածածին, օրհնէ՛ հայ ժողովուրդը: Դարձո՛ւր Քու հայեացքդ դէպի երկիրն հայոց, նայէ՛ իր լեռներուն, որոնց վրայ ճգնեցան անթիւ բազմութիւններ սրբակեաց ու գիտնական վանականներու:

«Նայէ՛ իր տաճարներուն եւ ժայռերուն, որոնք ապառաժներէն ծնած են` Երրորդութեան ճառագայթէն թափանցիկ: Նայէ՛ իր խաչքարերուն, որոնք յուշարձաններն են Քու Որդիիդ, որուն չարչարանքը կը շարունակուի մարտիրոսներով: Նայէ՛ իր մանչ եւ աղջիկ զաւակներուն, որոնց սրտին մէջ կը հնչեն երեքսրբեան երգին հետ` Քու գովեստներդ, որ իրենց Մայրն ես գողտրիկ:

«Այնպէս ըրէ, որ ո՛ւր ալ երթան, մտիկ ընեն իրենց հայու սրտի կանչին, որուն խորքէն միշտ աղօթք մը պիտի ժայթքի` իրենց Տիրոջ ուղղուած, եւ սրտառուչ աղերսանք մը Քեզի, որ զիրենք կը պաշտպանես Քու մայրական հովանիիդ ներքեւ:

«Ո՜վ քաղցրագութ Կոյս, ո՜վ Մայր Քրիստոսի եւ Մայր մեր, Մարիամ»:

Այնճար, 4 մայիս 2014

Նախորդը

ԶՈՄ-ի «Դէպի Երկիր» Յանձնախումբի Նոր Ծրագիր` Հայաստանի Մէջ Վարժանքներ Եւ Կամաւոր Աշխատանք Կատարելու Առիթ Լիբանանահայ Երիտասարդներուն

Յաջորդը

25 Տարի Խրամատում. Խաղաղութիւնը Չի Հասել Չինարի

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.