Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԵՒ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆԻ ՀԱՆԴԷՍ

July 5, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 25 յունիս 2011-ի` երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական քոլեճի երկրորդական եւ նախակրթարան բաժիններու վկայականներու բաշխման միացեալ հանդէսը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք տեղի ունեցաւ Աստուածաշունչ մատեանի ընթերցում եւ աղօթք` կատարողութեամբ քոլեճի հոգեւոր տեսուչ Կարինէ Չոլաքեանի: Այնուհետեւ խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Ան պատիւ համարեց ներկայ գտնուիլ Հայ աւետարանական քոլեճի վկայականներու բաշխման հանդէսին:

Ան հաստատեց, որ քոլեճը ունի շուրջ 90-ամեայ պատմութիւն եւ կը վայելէ մեծ հեղինակութիւն: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց վարժարանի հիմնադրութեան` հաստատելով, որ յետ եղեռնեան շրջանի` հայկական առաջին երկրորդական վարժարանն էր, որ ծառայած է ամբողջ լիբանանահայութեան եւ նպատակը եղած է նպաստել իր աշակերտներու մտային, բարոյական եւ հոգեւոր զարգացման: Դեսպանը կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն` բարձր պահելու քոլեճին անունը, պատիւը, կատարելագործելու, հարստացնելու ու խորացնելու իրենց գիտելիքները եւ պիտանի ըլլալու հայ ժողովուրդին:

Իր խօսքի աւարտին դեսպանը Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին անունով ոսկի յուշամետալ մը յանձնեց քոլեճի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի, որ իր արհեստավարժ մօտեցումներով եւ հարուստ գիտելիքներով երկար տարիներ ղեկավարած է վարժարանը եւ մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ Լիբանանի ու Հայաստանի մէջ: Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ կը բովանդակէր նուագ` ջութակ (Կրէյս Մաամարպաշի), արտասանութիւն` Զ. դասարանի աշակերտներ, երգ` վարժարանի երգչախումբ, որուն յաջորդեց մրցանակաբաշխութիւնը:

Աւարտական կարգի աշակերտներուն անունով հայերէն լեզուով խօսք առաւ Նժդեհ Մխսեան, իսկ արաբերէն լեզուով` Քրիսթըլ Պապիկեան: Նժդեհ Մխսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Կեանք» բառի մասին, որ ունի հանգրուաններ, որոնցմէ ամէնէն դիւրինը աւարտած է իրենց համար: Ն. Մխսեան յայտնեց, որ առաջին հանգրուանի ճամբորդութեան ընթացքին   հանդիպած էր այլ ճամբորդներու. անոնք միասնաբար հանդիպած են զանազան դժուարութիւններու, սակայն միշտ ունեցած են իրենց ուղղութիւն եւ խրատ տուողներ: Ան նշեց, որ այսօր պէտք է բռնէր այլ ճամբայ մը` հեռանալով իր բարեկամներէն, բայց գիտակցելով, որ իր անցուցած դժուարութիւններն ու փորձութիւնները օգտակար պիտի ըլլային գալիք դժուարութիւններուն դիմագրաւման:

Եզրափակելով իր խօսքը` Ն. Մխսեան շրջանաւարտներուն անունով երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցի պատասխանատուներուն` խոստանալով ապրիլ իրենց փոխանցուած արժէքներով եւ դաստիարակութեամբ:

Իր կարգին Քրիսթըլ Պապիկեան հաստատեց, որ վարժարանին մէջ իրենց սորվածները օգտակար պիտի ըլլան իրենց կեանքի յաջորդ հանգրուաններուն` աւելցնելով, թէ իրենց ստացած գիտելիքները պիտի նպաստեն, որ հաստատ եւ կայուն քայլերով շարունակեն իրենց ճամբան:

Եզրափակելով իր խօսքը Պապիկեան իր դասընկերներուն անունով խոստացաւ, որ պիտի շարունակեն յարատեւել եւ պայքարիլ, որպէսզի հասնին իրենց նպատակին: Այնուհետեւ պատուելի Հրայր Չոլաքեան քոլեճի «Տիպար աշակերտ»ի շքանշանը յանձնեց Նժդեհ Մխսեանի, որմէ ետք դոկտ. Զ. Մսըրլեան յանձնեց վկայականները:

Շրջանաւարտներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ դոկտ. Զ. Մսըրլեան հաստատեց, որ քոլեճի ջամբած կրթութիւնը ո՛չ միայն պայքար մըն է յոռի երեւոյթներու դէմ, այլ կոչ մը` անոնց դէմ պայքարի եւ դժուարին ու նեղ, բայց ապահով ճամբան ընտրելու եւ իր դաստիարակած սերունդներուն մէջ կերտելու քրիստոնէական սկզբունքներ, ինչպէս` պարկեշտութիւն, մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ յարգանք, հաւատարմութիւն` ազգային դիմագիծի եւ ազնիւ նկարագրի գիծերուն: Տնօրէնը կոչ ուղղեց` շրջանաւարտներուն հաւատարիմ մնալու այն բոլոր բարի սկզբունքներուն, որոնց ականջալուր եղան եւ չընկրկելու դուրսի աշխարհի փորձութիւններուն առջեւ, հետամուտ ըլլալու իրենց բարի երազներու իրականացման, իրենց ապրելիք հայօրէն կեանքով ծառայելու ազգին, պահանջատէր մնալու ազգային երազի իրականացման:

Այնուհետեւ Արեգ Տաղլեան դաշնակի վրայ նուագեց երաժշտական կտոր մը, որուն յաջորդեց Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան փոխատենապետ պատուելի Հրայր Չոլաքեանի փակման խօսքը, որուն ընդմէջէն ան շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնին, ուսուցչակազմին, ծնողներուն, շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ օրհնութեան աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը:

Զ. դասարանի շրջանաւարտներն են. Կասիա Գազանճեան, Լոռի Եունիսէս, Ճեսիքա Թերզեան, Քրիսթին Մաամարպաշի, Քաթրինա Տումանեան: Երկրորդական ԺԲ. դասարանի աւարտականներն են. Իման Ժապըր, Րաֆֆի Մավլեան, Նժդեհ Մխսեան, Քրիսթըլ Պապիկեան, Արեգ Տաղլեան, Յակոբ Տէկիրմէնճեան, Համիկ Քիւրտեան:

Նախորդը

ԱՊՊԱՍ ԻՊՐԱՀԻՄԷՆ ԵՏՔ` ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅԼ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ

Յաջորդը

ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՏԽՐՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԽԱՌՆՈՒԱԾ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈԼԵՃԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.