Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիգէն Զաքարեանի Նահատակութեան 22-Ամեակի Ոգեկոչում

May 5, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0405viken1Երէկ` կիրակի, 4 մայիս 2014-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ արցախեան ազատամարտի լիբանանահայ նահատակ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 22-րդ տարելիցի հոգեհանգստեան արարողութիւն: Արարողութենէն ետք, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբին սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 22-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ:

0405viken2ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին անունով արտասանուած բացման խօսքին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նահատակ Վիգէն Զաքարեանի յատկանիշներուն` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերէն մինչեւ Շուշիի ազատագրութեան կռիւները:

Ապա խօսք առաւ օրուան բանախօս Յովիկ Յովհաննէսեան, որ լայնօրէն անդրադարձաւ Արցախի եւ յատկապէս Շուշիի քաղաքի կարեւորութեան` յայտնելով, որ «Շուշիի ազատագրութեան պայծառ առաւօտը միա՛յն պատմութիւնն է, որ ցոյց պիտի տայ, թէ ինչպիսի՛ օրհասական ճակատամարտ մըն էր հայութեան գոյութեան պատերազմին մէջ: Շուշիի ազատագրումը հիմը դրաւ արցախեան յաղթանակին: Արցախը որոշեց հայութեան ապագան: Արցախով հայ ժողովուրդը նուաճեց ազգային յաղթանակի ու արժանապատուութեան սուղ արժէքները»:

0405viken0405viken3Ապա խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան Յովիկ Յովհաննէսեան ըսաւ, որ «Վիգէնը ֆիզիքապէս մեզի հետ չէ արդէն 22 տարիներէ ի վեր: Մենք սակայն կրնանք վստահ ըլլալ, թէ ուր ալ որ գտնուի ան հիմա, իր միւս ընկերներուն հետ միասին, Լիզպոնի հերոսներէն մինչեւ անժամանակ մեզմէ բաժնուած Պերճին եւ Սագոյին հետ, անոնք կը շարունակեն մղել միեւնոյն պայքարը. հայու գոյութեա՛ն պայքարը: Մեզի կը մնայ հաւատարիմ մնալ այս հերոսներու քալած ճանապարհին: Այլապէս իմաստազրկած կ՛ըլլանք, թէ՛ Վիգէնի նահատակութիւնը եւ թէ՛ ալ իր յիշատակը յաւերժացնող այսօրինակ բոլոր արարողութիւնները»:

Բանախօսութենէն ետք գեղարուեստական յայտագիրի ընդմէջէն տուտուկի նուագով հանդէս եկաւ Հայկ Քէշիշեան, ապա յեղափոխական երգերով` Յարութ Լափաճեան:

Ձեռնարկի աւարտէն առաջ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին անունով կատարուեցաւ յուշանուէրի յանձնում` նահատակ Վիգէն Զաքարեանի մօր: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:

 

 

Նախորդը

Զեքի Նասիֆի Երաժշտական Աւանդը Վերակենդանացաւ Համազգայինի «Կարկաչ» Երգչախումբի Մանուկներուն Շրթներէն

Յաջորդը

Սուրիահայութեան Առօրեայէն. Հալէպի Մէջ Դարձեալ Հայ Վիրաւորներ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.