Լիբանանեան երաժշտութեան յօրինող տիտաններէն` Զեքի Նասիֆի յիշատակին յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 4 մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ» սրահին մէջ` ներկայութեամբ հայ եւ օտար արուեստագէտներու, ծնողներու, մանուկներու եւ արուեստասէր հասարակութեան:
Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Իվենց Եունիթ»-ին կազմակերպած ու Զեքի Նասիֆի յիշատակին նուիրուած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Զեքի Նասիֆի եղբօրորդին` դոկտ. Նեպիլ Նասիֆ, որ արաբերէն իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Համազգայինի մանկապատանեկան «Կարկաչ» երգչախումբի իրագործումներուն` բարձր գնահատելով անոր դերը հայկական եւ լիբանանեան, յատկապէս` մանկական երաժշտութեան մէջ:
Դոկտ. Նասիֆ այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին, «Կարկաչ» երգչախումբին ու անոր խմբավար Զաքար Քէշիշեանին եւ անոր կնոջ` դաշնակահար Կամիլա Քէշիշեանին:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց, համալսարանի «Ձեռնարկներու միաւոր»-ի պատասխանատուներէն Էլիան Սաատէին, ինչպէս նաեւ` դոկտ. Սեպուհ Այնթեպլեանին:
Դոկտ. Նեպիլ Նասիֆի բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ 2000 թուականին ներկայացուած Համազգայինի մանկապատանեկան երգչախումբի համերգի տեսերիզը:
Ապա բեմ բարձրացան Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբի մանուկները, պատանիներն ու պարմանուհիները: Անոնք նախ արաբերէն, ապա հայերէն երգերով հմայեցին ներկաները` մեկնաբանելով Զեքի Նասիֆի, Ժիւլիեթա Արուստամեանի, Խաչատուր Աւետիսեանի, Դաւիթ Բալասանեանի, Քանզոն Նաբոլեթանայի, Ճիուսեփփի Վերտիի, Սալի Ալպրեխթի, Ճէյ Ալթհաուզի, Ռոճըրզի եւ այլ արուեստագէտներու երգերն ու երաժշտութիւնները:
Այս առիթով խմբավար Զաքար Քէշիշեան բեմ հրաւիրեց նաեւ նորակազմ մանկական «Այատինա» երգչախումբի պատանիները, որոնք նոյնպէս խանդավառեցին ներկաները` իրենց մեկնաբանած զանազան երգերով:
Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած մանկապատանեկան այս տպաւորիչ համերգը խորքին մէջ արգասիքն էր Համազգայինի երաժշտական պատկան միաւորի անդամներուն ու յատկապէս Զաքար եւ Կամիլա Քէշիշեաններու աշխատանքին:


