
Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Ֆրանք Ռիքարտ նշանակուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ:
48 տարեկան հոլանտացի միջազգային նախկին ֆութպոլիստ Ռիքարտ, որ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, պիտի փորձէ ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 92-րդ դիրքը գրաւող իր կազմը հասցնել 2014-ի Մոնտիալի աւարտականներուն:
Նշենք, որ նախքան Ռիքարտի մարզիչ նշանակուիլը, պրազիլցի Ռիքարտօ Կոմեշ եւս նկատի առնուած էր, սակայն սէուտական կազմին եւ վերջինիս միջեւ համաձայնութիւն չգոյացաւ:


