
Լեհական Եաքելոնիա ակումբին մաս կազմող Հայաստանի ազգային հաւաքականի կեդրոնի յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեան, որ նախորդ շաբաթավերջին փորձերու ընթացքին վիրաւորուեցաւ, լաւապէս ապաքինելու համար երեք շաբթուան կա՞րիք ունի:
Արզումանեան իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ բարեբախտաբար իր վնասուածքը այդքան ալ մեծ տարողութեամբ չէ, այլ` պարզապէս մկանային հարց մըն է, սակայն մեծ դժուարութեամբ կը քալէ:
Նշենք, որ Լեհաստանի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը պիտի սկսի 31 յուլիսին:


