Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրագիրի Մը Փոխարէն (Անթիլիասի Ուխտի Օրուան Առիթով)

April 16, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին ուխտի օրն է, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնախմբութիւնը:

Տարիներ առաջ, միշտ եղած եմ մէկը այն բազմահազարներէն, որոնք վանքի շրջափակին մէջ, աստիճաններուն վրայ տեղ գրաւած կամ միջանցքներուն մէջ կը սպասեն, որ ղօղանջող զանգերու ցնծութեան մէջ միաբանական թափօրը դուրս գայ եկեղեցիէն եւ հոգիները լեցնէ սրբազան Աջին օրհնութեամբն ու Լուսաւորիչին հաւատքով:

Ինչպէս այն ատեն գիտէի, հիմա ալ չեմ կասկածիր, թէ Անթիլիաս փութացողներուն քիչերը միայն եկեղեցասէր ուխտաւորներ են: Մեծամասնութիւնը հոն կու գայ` կրօնական ծէսով պարուրուած ազգային կարեւոր տօնի մը աւանդութիւնը պահելու եւ անոր հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը ամրապնդելու համար: Ծիսական հանդիսաւորութեամբ եւ ամենայն պաշտօնականութեամբ ժողովրդային տօնախմբութիւն մը, որ կը կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին հովանիին տակ եւ միաբաններու մասնակցութեամբ: Թափօրին շուքը եւ բազմահազար հայորդիներու երկիւղած լռութիւնը կը ներգործեն հոգիիդ եւ այդ պահուն կը զգաս ազգիդ ներկայութիւնը ու կը հպարտանաս, որ հայ ես:

Հետզհետէ գունատող մեր բարքերուն եւ մոռցուող աւանդութիւններուն կորուստը մտաբերելով` Անթիլիասի ուխտի այս օրը առաւել նշանակալի կը դառնայ եւ եզակի իր բնոյթով եզակի պատեհութիւնը  կու տայ լիբանանահայութեան, որ մեծով պզտիկով համախմբուին, քով-քովի գան, թարմանան ազգով,  եկեղեցիով եւ հայկականութեամբ: Պատեհութիւն, որմէ զրկուած են միւս գաղութները: Ես ինծի կ՛ըսեմ, որ այս տարի յատկապէս շատ աւելի բազմութիւն պիտի տեսնեմ` երկու պատճառով. նախ, որովհետեւ ի սփիւռս գործուղղուած հոգեւոր բոլոր գործիչները, բոլոր վարդապետներն ու եպիսկոպոսները մէկտեղուած են մայրավանք` Միաբանական ընդհանուր ժողովի, եւ անոնցմով կազմուելիք թափօրի պատկառելի տեսարանէն եւ առթելիք ոգեւորութենէն ոչ մէկ ազգային պիտի ուզէ ինքզինք զրկել: Երկրորդ, որ օրուան պատարագիչը Բերիոյ թեմի առաջնորդն է, որ իբրեւ քաջ հովիւ անապահովութեան մղձաւանջին մէջն իսկ մնաց իր պաշտօնին վրայ, չտատանեցաւ երբեք ահաւոր ռմբակոծումներուն կամ անհակակշիռ առեւանգումներուն թիրախ դառնալու վտանգին դիմաց:

Այս մտածումներով նստած եմ դէպի Անթիլիաս ինքնաշարժին մէջ: Ես զիս կը մեղադրեմ, որ ուշացած եմ: Բայց վանքի մուտքին, դարպասէն ներս առած առաջին քայլիս կարիքը կը զգամ մխիթարութեան եւ… բացատրութեան: Շրջափակին մէջ հինգ-վեց հարիւր թիւը չգերազանցող մարդոց ներկայութիւն մը: Նոյնքան ալ տաճարին մէջ, կ՛ենթադրեմ: Մեղմելու համար կրած հիասթափութիւնս բարեկամս զիս եւ… ինքզինք մխիթարելու համար կ՛ըսէ, թէ յաջորդ կիրակի` Ծաղկազարդին խռնուած բազմութիւն կը տեսնես… : Չուշանար ուրիշի մը դառնութեան խայթոցը` «բացակայ են նաեւ անոնք, որոնք իրենց զբաղեցուցած հանգամանքներու մէջ իբր թէ կոչուած են ազգային գիտակցութիւն ներշնչելու հայ զանգուածներու…» :

Ափսո՜ս:

Քարոզչական եւ փոխադրական միջոցներու ներկայ ժամանակի դիւրութիւններուն մէջ ի՞նչ արդարացում կարելի է գտնել այս բացակայութեան: Ո՞ւր են գողունի նայուածքներով գաղտնօրէն իրարու ժպիտ փոխանակող երիտասարդ-երիտասարդուհիները, պատանի տարիքի աշակերտ-աշակերտուհիները: Ինչո՞ւ չէ նախաձեռնուած զանոնք Անթիլիաս առաջնորդելու: Ո՞ւր են կրթական մշակներն ու ազգային թէ միութենական պաշտօնեաները: Պարզ հարցումը, որ կ՛ուղղուի շատ մը հասցէներու` ո՞վ առաջքը պիտի առնէ այս տեղատուութեան  գաղութի մը մէջ, ուր նահանջը կասեցնելը անկարելի չէ, եւ որուն ազգային ջիղին վրայ սփիւռքի դրած գրաւը արդարացուած է միշտ…:

Եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջը կ՛աւետէ  կազմութիւնը թափօրին: Վեհափառ հայրապետը, ետին` աւագ արքեպիսկոպոսներէն Եփրեմ սրբազան, Սուրբ Աջերը բարձրացուցած` օրհնութիւն բաշխելով դուրս կու գան տաճարէն: Անոնց կողքին` զոյգ շարքերով վեղարաւորներու եռանդուն  փաղանգ մը, որուն ի տես հոգեկան թրթռացում մը կը պրկէ էութիւնս եւ զիս կը դնէ պահուան խորհուրդին մէջ: Դառն ու դառնացնող մտածումներս կը փոխակերպուին ապագայի հանդէպ գօտեպինդ հաւատքի: Ահաւասիկ. հակառակ զայն արմատախիլ ընելու ծանրագոյն հարուածին, երբեմն նաեւ ներքին ընդդիմութիւններու, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ամրօրէն կառչած է Լուսաւորչի արմատներուն եւ իր հովանին կը տարածէ Միջին Արեւելքէն Եւրոպա ու Ամերիկաներ եւ Քանատա: Պատկառանք կ՛ազդէ թիւը միաբաններուն, որոնք իբրեւ Լուսաւորչի ջոկատ երաշխիք են Ս. Աթոռի  անսասան պահպանման եւ հայ կեանքի հոգեւոր ու ազգային ծառայութեան դաշտին մէջ կը մարտնչին իբրեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան խիզախ արշաւախումբը` գրաւականը դառնալով անոր առաքելութեան:

Հին յուշերու եւ նոր յուսախաբութիւններու պահեր ապրեցայ այսօր: Սակայն մայրավանքին մէջ, կազմուած թափօրին ներգործութեան տակ, ազգային իմաստով թարմացնող ներարկում եւ հոգեկան լիացում ունեցայ միաժամանակ: Բացակաները զրկուեցան այդ բաւարարութենէն:

 

Կիրակի, 6  ապրիլ   2014

Պէյրութէն Աթէնք օդանաւին մէջ

Նախորդը

Ջաւախքէն Արտակ Գաբրիէլեան Եւ «Վաչիան» Պարային Համոյթի Անդամները Այցելեցին Մեսրոպեան Վարժարան

Յաջորդը

Այքիտօ. Փոքրերու Յատուկ Բանակում` Պաշաալայի Մէջ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.