Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տէր Կանգնինք Ջաւախքին» Խորագիրով Գեղարուեստական Երեկոյ` Ջաւախքի «Գոհանամք» Եւ «Հայք» Երգ Ու Պարի Համոյթներուն

April 7, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Javakh1--0604Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան (ՋԱՀ) յանձնախումբին, «Ջաւախեան շաբթուան» ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 6 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տէր կանգնինք Ջաւախքին» խորագիրով գեղարուեստական ելոյթ մը, որ «Ջաւախեան շաբթուան» ձեռնարկներու շարքին վերջինն էր: Գեղարուեստական ելոյթին մասնակիցներն էին Ջաւախքի «Գոհանամք» եւ «Հայք» երգ ու պարի համոյթները, որոնք ՋԱՀ յանձնախումբին հրաւէրով  յատուկ այս ձեռնարկին համար Լիբանան եկած էին:

Javakh2-0604ՋԱՀ յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Յակոբ Գառնէշեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց Ջաւախքի կարեւոր տեղն ու դերը Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոր մշակութային արժէքը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Յակոբ Գառնէշեան յայտնեց, որ Ջաւախքի ունեցած ներդրումը հայկական իրականութեան մէջ անժխտելի է, ուստի իբրեւ հայկական սփիւռք պէտք է տէր կանգնիլ եւ քաջալեր հանդիսանալ յատկապէս մշակութասէր  եւ արուեստագէտ երիտասարդութեան, որպէսզի հայկական մշակոյթը իր դիմագիծը պահելով աւելի եւս պահպանուի եւ փոխանցուի սերունդէ սերունդ:

Ապա ազգագրական երգերով ու պարերով ելոյթ ունեցան «Գոհանամք» եւ «Հայք» երգ ու պարի համոյթները, որոնք ներկայացուցին ջաւախահայութեան յատուկ պարեր:

Javakhk3-0604Ելոյթի աւարտին, առ ի երախտագիտութիւն զոյգ համոյթներուն Լիբանան այցելութեան, ՋԱՀ յանձնախումբին անունով Յակոբ Գառնէշեան յուշանուէր մը յանձնեց խումբերու գեղարուեստական ղեկավար Նասլետ Քեյեանին:

Ձեռնարկին աւարտին խօսք առաւ Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ՋԱՀ յանձնախումբին յայտնեց, թէ նման նախաձեռնութիւններ չափազանց կարեւոր են ջաւախահայութեան, սփիւռքին եւ ընդհանրապէս հայութեան համար, որովհետեւ փոխադարձ  այցելութիւններով, զիրար ճանչնալով եւ օգտակար ըլլալով կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ մեր հիմնական նպատակին` ամբողջական Հայաստանի կերտման:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններն Ու Ջաւախքը. Մտերմիկ Ու Ճոխ Զոյգ Երեկոներ` Ջաւախահայ Պատանեկան Եւ Երիտասարդական Խումբերուն Հետ

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողով ԺԲ-րդ Նիստ. «Եկեղեցին Ժողովուրդին Տանիլ Եւ Ժողովուրդը Եկեղեցիի Վերածել» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.