Դաշնակցական նուիրումի ու հայրենասիրութեան արժէքները յաճախ կը նկատուին բնական տուեալներ, ակնկալելի ու սպասելի արժեչափեր հայ հասարակութեան: Սակայն նոյնիսկ արագ ու հպանցիկ վերլուծական ակնարկ մը բաւարար է բացայայտելու համար այս տպաւորութեան անհիմն ու մակերեսային բնոյթը: Արդարեւ, տարբեր ժամանակներու, տարբեր հայ հասարակութիւններ, աշխարհի չորս կողմերը ազդուած ըլլալով տեղի ընկերութիւններէն, որդեգրած ու իւրացուցած են բազմաթիւ բարքեր` ստեղծելով իւրայատուկ արժէհամակարգեր, որոնց մէջ միշտ չէ որ ազգային իտէալի մը հանդէպ նուիրումն ու հայրենասիրութեան զգացումները դարձած են գերադաս արժէքներ:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, եթէ իր ծնունդով, պայքարի ճանապարհով ու գաղափարախօսութեամբ, հայ ժողովուրդին մէջ սերմանեց ու աճեցուց յեղափոխականութիւնն ու ազատագրական պայքարի յանձնառութիւնը, ազատութեան ու մարտունակութեան ոգին, ապա մեծ է ու շատ մեծ է անոր աւանդը հայ հասարակութիւններու մէջ, եւ հիմնականօրէն` հայրենազուրկ հայութեան մօտ, ուռճացնելու նուիրումի ու հայրենասիրութեան վեհ գաղափարները:
Այս գերազանցօրէն ոգեղէն «դաստիարակութեան» մէջ անգնահատելի եղած է Դաշնակցութեան առաջին, հիմնադիր սերունդի անձնուէր անհատական տիպարներու ներդրումը: Ինչպէ՜ս կարելի է գնահատել Ռոստոմի բաճկոնի առասպելային օրինակին, Զաւարեանի շոգեկառքի երրորդ աստիճանի տոմսակի դասին, Սպաղանաց Մակարի իր այդքան քննադատած ֆետայու կնոջ պատուին համար իր կեանքը զոհելու պահուն, եւ դեռ շա՜տ ու շատ այլոց կողքին, առաջ ու վերջ, սուրբ Սիմէոնին կեանքին ազդեցութիւնները դաշնակցական իւրայատուկ անձնուիրութեան ու հայրենասիրութեան կերպարներու ձեւաւորման մէջ:
Եւ եթէ հիմնադիր սերունդը, իր գործով ու կեանքով, ու առաւելաբար` իր վարքագիծով, ստեղծեց ու ամրապնդեց այդ արժէքները, ապա, իրերայաջորդ 12 տասնամեակներու ընթացքին եկան արժանաւոր տղաք, «մերօրեայ խենթեր» որոնք դաւանեցան նոյն արժէքները, երբեմն նոյնութեամբ, երբեմն ալ զիջումներով եւ շարունակեցին քալել նոյն իտէալի ճամբէն: Եղան նոր հերոսներ, նոր նահատակներ միեւնոյն բագինին վրայ:
Հերոսներու մտերմութեան մէջ, անշշուկ, համր ու խուլ զինուորագրուեցան հայորդիներու ստուար զանգուածներ, որոնք հաւատքով դաւանեցան նուիրումի ու հայրենասիրութեան դաշնակցականադրոշմ արժէքները եւ զանոնք դարձուցին իրենց կեանքին ու վարքին ուղենիշները. փարոսները: Այս բանակի զինուորներն էին, որոնք խոր հաւատքով յանձն կ՛առնէին ամէն զոհողութիւն իրենց զաւակներուն հայեցի ազգային դաստիարակութիւն ապահովելու համար: Անոնք էին, որոնք անսակարկ կը փարէին ակումբ-դպրոց-եկեղեցի հայկականութեան երաշխիքներուն: Անվիճելի կերպով կ՛որդեգրէին ու կը մարմնաւորէին կուսակցութեան որոշումներն ու գաղափարները: Դաշնակցութեան գործին հանդէպ կը ցուցաբերէին անմնացորդ նուիրում: «Մշակ, բանուոր»-ներն էին, որոնք կը կազմէին կամաւոր բանակը կուսակցութեան ու հայութեան: Կուսակցական շարքերու մէջ թէ դուրս, յանձն կ՛առնէին պաշտպանել, քարոզել, տարածել իւրաքանչիւր քայլ ու կեցուածք` ի շահ հայութեան ու Դաշնակցութեան իրաւունքներուն, կարծէք իրենք իսկ յղացած թէ որոշած ըլլային զանոնք: Տակաւին, անոնք էին, որոնք հպարտութեամբ կը մասնակցէին հայկական շրջաններու պաշտպանութեան գործին, կամ ուրախութեամբ կը կիսէին իրենց հացը պահակ տղոց հետ, կամ հարազատ մտերմութեամբ կ՛ընդունէին օրացոյց ծախող ԼԵՄ-ական երիտասարդը… Այս հաւատաւորներուն ստուար բանակը դժբախտաբար սկսած է նօսրանալ: Տերեւաթափը կը շարունակէ յանձել անոնց տիպարները, անոնց ձգած բացը հազուադէպօրէն կու գան լեցնելու նոր զինուորագրեալներ:
Այս «բանակայիններէն» մէկն էր Վահան Մկրտիչեանը, որուն մահուան քառասնօրեայ յիշատակը պիտի նշուի վաղը առաւօտ: Վահան Մկրտիչեանը կը պատկանէր դաշնակցական համեստ ընկերներու այն փաղանգին, որոնց համար կուսակցական պատկանելիութիւնը ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր հպարտութեան ու պարտաւորութիւններու մղում էր: Հպարտութիւն, որ պատկանելով ազգային իտէալները մարմնաւորող առաջատար այդ հզօր կազմակերպութեան` իր ճիտին պարտքը կատարած կ՛ըլլար ծնողքին, ընտանիքին ու ազգին նկատմամբ, եւ` պարաւորութիւններու խոր գիտակցութիւն, որովհետեւ իրեն համար, եւ ինչպէս այդ «բանակ»-ի բոլոր անդամներուն համար, դաշնակցական ըլլալը համազօր էր ծառայութեան: Ծառայութիւն` առանց ծափի ու շեփորի, ծառայութիւն` առանց պայմանի ու սակարկութեան, ծառայութիւն` յանուն հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ազատագրութեան դատին:
Վահան Մկրտիչեան իր ծնողքէն ստացած էր ազգին ծառայելու եւ «դաշնակցական» կեանք վարելու յորդոր-օրհնութիւնը եւ ամենայն հարազատութեամբ ու ճիգերու լարումով փորձած էր կեանքին ընթացքին հաւատարիմ մնալ այդ թելադրանքին եւ զայն հաւատարմօրէն փոխանցել իր ընտանիքին ու զաւակներուն: Իր բացակայութեան, այսօր, հարազատներն ու ընտանիքը անկասկած ճիգ պիտի չխնայեն քալելու այդ անսակարկ նուիրումի զինուորագրեալներու ճամբով, այն ճամբան, որ այնքա՛ն սիրեց ու փարեցաւ ինք:
40 օրուան այս բացակայութիւնդ դիւրին չանցաւ սիրելի՛ Վահան. հարազատներդ ու բարեկամներդ վառ կարօտով փնտռեցին կատակասէր ու ջերմ ներկայութիւնդ իրենց շուրջը: Օրերն ու ամիսները կ՛անցնին տակաւին, եւ յիշատակդ անկասկած վառ կը մնայ բոլոր քեզ ճանչցողներուն սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ:
Յ. Յ.


