Խմբապետ, կարգապահութեան մարդ, զինուորական դաստիարակութիւն, մէկ բառով կարգապահ դաշնակցական: Աղբալեան ակումբի տարբեր սերունդներու ընկերներ այսպէս կը ճանչնան ընկեր Յակոբը` Բալապեխ Յակոբը:
1931-ին ծնունդ առաւ համեստ ընտանիքի մը յարկին տակ եւ պատանեկան օրերէն հարազատ միջավայր գտնելով Դաշնակցութեան յարկին տակ, մնաց հաւատարիմ իր երդման, մինչեւ վերջին շունչը:
Ընտանիքը կազմեց, եղաւ տիպար հայր եւ ամուսին, զաւակներուն կողքին հաւասար հոգատարութիւն ցուցաբերեց իր երկրորդ տան` Աղբալեան ակումբի տղոց, պահակ տղոց նկատմամբ, որոնց խմբապետն էր բառին ամբողջական առումով: Իր խառնուածքին իբրեւ արդիւնք` սիրահար էր զէնքի, որ իր հետաքրքրութեան կեդրոնն էր: Խստագոյն կարգապահութիւնը պահանջող էր եւ զուգահեռ` իւրաքանչիւր պահակին գուրգուրոտ մեծ եղբայր: Օրինակ տալու համար յիշենք 70-ական թուականներու ամէնէն դաժան օրերը, երբ ընկեր Յակոբ իբրեւ Աղբալեանի խմբապետ, գիշերային իւրաքանչիւր պահակ կ՛արթնցնէր ժամանակէն քառորդ ժամ առաջ, ո՛չ թէ քմահաճութեան համար, այլ որովհետեւ տաք թէյ պատրաստուած կ՛ըլլար պահակ ընկերներուն: Մեծ գուրգուրանքով թէյը կը խմցնէր, ապա կ՛ուղարկէր պարտականութեան: Այսպէ՛ս էր ընկեր խմբապետը, իր պարզութեամբ եւ համեստութեամբ տղոց տուած է դաշնակցական դաստիարակութիւնը: Անոնք մինչեւ այսօր հպարտութեամբ կ՛ըսեն, թէ այդ կը պարտին Բալապեխ Յակոբին: Գիտենք բաժանումի դաժանութիւնը, բայց կը վստահեցնենք ընկեր խմբապետ, որ գործը շարունակելու, դաշնակցակա՛ն գործը շարունակելու համար տղաքը այսօր եւս պատնէշի վրայ են, այդ ալ` քու տուած դաստիարակութեամբ:
Վարձքդ կատար:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, ընկեր խմբապետ:
ՍԱԳՕ ԳԱՍԱՊԵԱՆ


