Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեսապը Պարպուեցաւ, Քեսապը Կը Վերականգնի

April 1, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1981846_21 մարտ 2014-ին, առաւօտեան կանուխ ժամերուն Թուրքիոյ տարածքէն Սուրիոյ վարչակարգին հակառակորդ զինեալ խմբաւորումներու` Քեսապի եւ շրջակայ բնակավայրերուն ուղղութեամբ կատարած լայնածաւալ եւ բուռն յարձակման իբրեւ հետեւանք, շրջանի հայ բնակչութիւնը ստիպողական տարհանումի ենթարկուեցաւ դէպի Լաթաքիա:

Լաթաքիայէն հաղորդուած տեղեկութիւններու համաձայն, յարձակման ընթացքին որեւէ հայ զոհ չէ արձանագրուած, եւ հայ բնակչութիւնը` մօտաւորապէս 1500 մարդ, անվտանգ կրցած է ապաստանիլ Լաթաքիա: Անոնց շարքին էին  նաեւ Հալէպէն եւ պատերազմական գործողութիւններու թատերաբեմ դարձած սուրիական այլ բնակավայրերէ որոշ հայորդիներ, որոնք ապաստանած էին Քեսապ, իբրեւ յարաբերաբար աւելի ապահով վայր: Տարհանուածներու մեծամասնութիւնը տեղաւորուած է տեղւոյն հայկական ընտանիքներու` ազգականներու եւ բարեկամներու տուներուն մէջ, իսկ մօտ 250 անձ պատսպարուած է քաղաքի հայ առաքելական եկեղեցւոյ զոյգ սրահներուն մէջ:

Լաթաքիոյ հայկական համայնքի ներկայացուցիչները հաղորդեցին, որ տեղի միութիւնները եւ կազմակերպութիւնները աշխուժ գործի լծուած են, ապահովելու համար տարհանուած հայրենակիցներու կենցաղային բոլոր կարիքները: Հայ համայնքի պատասխանատուները զօրաշարժի ենթարկած են նաեւ քաղաքային եւ նահանգային տարբեր կազմակերպութիւններ, բարեսիրական միութիւններ եւ պետական հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ անհատ բարերարներ, օգնութեան ձեռք մեկնելու համար անոնց: Քեսապի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան կը գտնուի իր հօտին գլուխը` տարապայման այս կացութեան մէջ գօտեպնդելու համար տագնապահար մարդիկը եւ մասնակցելու համար անոնց կարիքներու բաւարարման աշխատանքներուն:

Քեսապի եւ շրջակայ շուրջ մէկ տասնեակ հայկական գիւղերու բնակչութեան տարհանումը ահազանգային իրողութիւն է` մարդկային եւ ազգային առումներով:

Անիկա արտայայտութիւնն է Սուրիոյ մէջ սանձազերծուած վայրագ պատերազմի արիւնալի արհաւիրքին, որուն կ՛ենթարկուին անմեղ մարդիկ, բռնօրէն դուրս մղուելով իրենց պապենական բնակավայրերէն, կորսնցնելով սերունդներու արդար աշխատանքով ձեռք բերուած տունն ու այգին եւ նիւթական բոլոր կարողութիւնները, մատնուելով անստոյգ ապագայի առթելիք բազում մտատանջութեանց եւ տագնապներուն:

Քեսապը առաջին անգամ չէ, որ կը մատնուի նման արհաւիրքի, սակայն քեսապցիք միշտ ալ կրցած են ոտքի կանգնիլ հարուածներէն եւ վերաշինել իրենց հայրենի բնակավայրը:

Վերջին մօտ հարիւր տարուան պատմութեան մէջ այս իմաստով կ՛առանձնանան երեք թուականներ. Քեսապը ծանր կորուստներ կրեց 1909 թուականին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կատարուած Կիլիկիոյ հայերու կոտորածին ընթացքին,  մինչ 1915-ին, նոյն Թուրքիոյ կառավարութեան հրամանով անոր բնակչութիւնը եւս տարագրուեցաւ դէպի Տէր Զօրի եւ Յորդանանի անապատներ, ուր նահատակի մահով ինկան շուրջ 5000 քեսապցիներ` Հայոց ցեղասպանութեան միւս զոհերուն հետ: Իսկ 1939-ին, Քեսապ յաջողեցաւ զերծ մնալ Քեմալական Թուրքիոյ նկրտումներէն եւ պահպանուեցաւ Սուրիական Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ, մինչ Ալեքսանտրեթի սանճաքը, ուր կը գտնուէին նաեւ Մուսա Լերան-Սուէտիոյ հայկական բնակավայրերը, թուրք-ֆրանսական համաձայնութեամբ կցուեցան Թուրքիոյ:  Այդ իրագործումին մէջ մեծապէս դերակատար եղան Ֆրանսայի հայկական համայնքը, կարտինալ Աղաճանեան, իր լուռ, բայց խիստ ազդու միջամտութիւններով, եւ նոյնինքն Հռոմի պապը, որ ի գործ դրաւ իր ամբողջ հեղինակութիւնը` Քեսապը Թուրքիոյ չյանձնելու համար:

Քեսապը հայկական սփիւռքի եւ ամբողջ հայութեան համար ունի անզուգական կարեւորութիւն: Քեսապի հողն ու ջուրը, քեսապցիներու աւանդադրոշմ հայկական ընտանիքներն ու ազգային-եկեղեցական կառոյցները հայութեան նուիրաբերած են բազում գործիչներ` բոլոր բնագաւառներուն մէջ. անոնք պարծանք եղած են ամբողջ հայութեան եւ օրինակելի մարդիկ ու քաղաքացիներ եղած են իրենց ապրած բոլոր երկիրներուն մէջ:

Լիայոյս ենք, որ Քեսապի հայութիւնը կրկին պիտի վերադառնայ իր հայրենի բնակավայրը, որուն կապուած է բազմահարիւր տարիներէ ի վեր: Պիտի վերադառնայ, ու պիտի տնկէ նոր այգի` աւերուածին տեղ, պիտի վերանորոգէ իր տունը եւ շինէ նորերը` քանդուածներուն տեղ, որպէսզի վերածնի հայ կեանքը այնտեղ աւելի պայծառօրէն, Հայկական Կիլիկիայէն հայութեան մնացած այդ վերջին բեկորին վրայ:

Կոչ կ՛ուղղենք բարի եւ ազնիւ սրտի տէր մարդոց` աղօթելու աղէտահար քեսապցիներուն մխիթարութեան եւ անվտանգութեան համար: Կոչ կ՛ուղղենք բոլորին, որ բարոյական եւ նիւթական կարելի ամէն տեսակի աջացութիւն ցուցաբերել անոնց` փորձութեան այս դժուարին ժամանակաշրջանին: Ամէն բանէ առաջ, քեսապցիները պէտք է լիարժէքօրէն զգան, որ առանձին չեն այս օրերուն, եւ որ իրենց ցաւակից ու թիկունքին է հայութիւնը` աշխարհի ամբողջ տարածքին:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

Պէյրութ, Լիբանան
25 մարտ, 2014

Նախորդը

Ջաւախքի Օրերու Ծիրին Մէջ. Ջաւախքի Համար Ի՛նչ Ընելու Հրամայականն Է, Որ Պիտի Փորձենք Արթնցնել Ժողովուրդին Մէջ», Յայտնեց Յակոբ Գառնէշեան

Յաջորդը

Երիտասարդական Ոսպնեակ. Որպէսզի Հայու Սիրտն Ու Միտքը Ա՛լ Դադրի Արցունքոտելէ (Քեսապահայութեան)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.