Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկահայութիւնը Ուաշինկթընէն Կը Պահանջէ Կասեցնել Քեսապի Վրայ Սանձազերծուած Յարձակումը

March 31, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ամերիկահայութիւնը ներկայացնող աշխարհական եւ կրօնական շարք մը այլ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները միացեալ պատուիրակութեամբ մը հինգշաբթի, մարտ 27-ին հանդիպում ունեցած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պատուիրակութեան մը հետ` պահանջելով Ուաշինկթընի իշխանութիւններէն, որ անմիջական քայլերու դիմեն` կասեցնելու համար հայկական Քեսապ գիւղաքաղաքին վրայ վայրագ յարձակումը, որ կ՛իրականացուի «Քայիտա»-ի զինակից ահաբեկիչներուն կողմէ:

Ամերիկահայութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը շեշտած է, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները «իւրայատուկ պատասխանատուութիւն ունին Քեսապի բնակչութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու»:

Հայկական պատուիրակութիւնը հետեւեալ առաջարկները կատարած է.

– Բացայայտօրէն դատապարտել Քեսապի վրայ «Քայիտա»-ի զինակից ահաբեկիչներուն յարձակումը, ինչպէս նաեւ այդ ահաբեկիչներուն ցուցաբերուած համագործակցութիւնն ու աջակցութիւնը Թուրքիոյ կողմէ.

– Պահանջել ծայրայեղականներու անմիջական նահանջը Քեսապէն, որպէսզի տեղւոյն բնակիչները կարենան վերադառնալ իրենց տուները.

– Քեսապի եւ անոր բնակչութեան ապահովութիւնը պահանջելու երաշխիքներ տալ ու Թուրքիոյ սահմանակից շրջանը ապազինել.

– Ուղղակի օժանդակութիւն տրամադրել Լաթաքիա ապաստանած Քեսապի բնակիչներուն.

– Պահանջել Թուրքիայէն, որ հսկողութեան տակ դնէ իր սահմանը եւ չարտօնէ զինեալներու եւ զինամթերքի մուտքը դէպի Քեսապ.

– Հետաքննել Միացեալ Նահանգներու կողմէ ահաբեկչական նկատուող կազմակերպութեանց օժանդակութիւններ տրամադրելու Թուրքիոյ արարքները.

– Դիւրացնել հայութեան Քեսապ վերադարձը.

– Օժանդակել շրջանին մէջ ազգականներ ունեցող ամերիկացիներուն, որ գտնեն ու ապահով վայրեր փոխադրեն իրենց ազգականները:

Նշենք, որ այս շաբթուան սկիզբը Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան պահանջած էր Ուաշինկթընէն, որ Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելով` վերջ դնէ Քեսապի բռնագրաւման, որ հազարաւոր հայերու տեղահանութեան պատճառ դարձաւ:

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակը Միացեալ Նահանգներէն Կը Պահանջէ Ճնշում Գործադրել Թուրքիոյ Վրայ

Յաջորդը

Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբը Կառավարութենէն Կը Պահանջէ Օգնել Քեսապի Հայութեան

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.