Հայրենի միջազգային արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ, որ անցեալին իր առաջին քայլերը առած էր Հայաստանի մէջ գտնուող Վլատիմիր Ենկիպարեանի անուան կռփամարտի դպրոցին մէջ, նախանցեալ օր այցելեց այդ դպրոցը` իր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար:
Ան իրեն հետ բերած էր նուէրներ, զորս անձամբ բաժնեց կռփամարտի դպրոցի մարզիկներուն եւ մարզիչներուն:
Ան իւրաքանչիւր մարզիկի նուիրեց ուսապարկ մը, որուն մէջ կը գտնուէր ամէն անհրաժեշտ մարզագոյք, որ կը հետաքրքրէր կռփամարտիկը, ինչպէս` ձեռնոցներ, մարզահագուստ, դիմակ, մարզակօշիկ եւ այլն:
Ան 25 ուսապարկ նուիրեց Հայաստանի հաւաքականին, իսկ 50 ուսապարկ` կռփամարտի դպրոցին: Մարզիկներն ու մարզիչները բոլոր 75 ուսապարկերը, ինչպէս նաեւ 100 հազար եւրօ արժողութեամբ նուէրները ստացան Արթուր Աբրահամի ձեռքէն:


