Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԾԱՂԿՈՑԻ ԵՒ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐԸ

July 1, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի ծաղկոցի եւ մանկապարտէզի հանդէսները` դպրոցական գեղեցիկ աւանդութիւն մը ըլլալէ աւելի, վկայութիւնն են Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու անսակարկ նուիրումին նորահաս սերունդներու ո՛չ միայն լաւագոյն ուսումնառութեան, այլ մանաւանդ անոնց հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութեան ջամբման իմաստով: Այս դաստիարակութիւնը հայ քոյրերուն առաքելութեան առաջնահերթ նպատակը ըլլալուն իրողութիւնը կը զգացուի վարժարանի ամէնէն փոքրերու ելոյթներուն ընդմէջէն:

Այսպէս, ծնողաց համար այս ճշմարտութիւնը հաստատող ստուգատեսային նորագոյն առիթներ եղան Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարարնի ծաղկոցի եւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսները, որոնք բեմ հանեցին աւելի քան հարիւր նորափթիթ հռիփսիմեանցիներու փունջը:

Ծաղկոցի 2-3 տարեկան փոքրերու հանդէսէն ետք, որ տեղի ունեցաւ 5 յունիս 2011-ին, 19 յունիս 2011-ին` առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը եւ ծաղիկ դասարաններու 37 աշակերտներու վկայականներու բաշխումը վարժարանի հանդիսասրահին մէջ:

Հանդէսը սկսաւ աշակերտներուն շողշողուն տարազներով սրահ մուտքով:

Յետ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու մանկապարտէզի աշակերտներուն կողմէ կատարումին եւ դարձեալ աշակերտներուն կողմէ երեք լեզուներով արտասանուած «բարի եկաք»ի խօսքերուն, խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն քոյր Արմինէ Մակարոսեան, որ ըսաւ յատկապէս. «Համոզուած ենք ու կը հաւատանք, որ ազգի մը ապագան երաշխաւորողը նորահաս սերունդներն են, հայ մանուկը յոյսն ու ապագան է հայ ժողովուրդին, ապահով գրաւականը անոր գոյատեւման ու հզօրացման: Այս հաւատքով ալ Հռիփսիմեանց վարժարանը նախանձախնդիր  հայ մանուկին ամբողջական դաստիարակութեան, հոգեւոր, բարոյական, մարդկային ու ազգային արժէքներուն անոր կերտման:

«Հակառակ ամբողջ երկիրը տագնապեցնող տնտեսական դժուարութիւններուն, հայ վարժարանը եւ յատկապէս Հռիփսիմեանցը` անվեհեր, դժուարութիւններուն, հայ վարժարանը եւ յատկապէս Հռիփսիմեանցը` անվեհեր, շրջահայեաց եւ զգօն, կ՛ուզէ անաղարտ պահել հայ սերունդներուն կրթական ճանապարհը, հաճելի ու գրաւիչ միջոցներով ջամբել բարձրորակ ուսում, մանուկի հոգիին մէջ վառ պահել հայ ինքնութեան, մեր դարաւոր մշակոյթին, ազգային հարուստ ժառանգութեան եւ աւանդութիւններուն սէրը»:

Շնորհաւորելով իրենց զաւակները հայ դպրոցին վստահող ծնողները, տնօրէնուհի քոյրը ըսաւ յատկապէս.  «Յարգա՛նք ձեզի: Այսօր դուք ունիք մեծագոյն գոհունակութիւնը, որ ձեր զաւակները` այլազան գիտութիւններու առընթեր, կը դաստիարակուին հայօրէն, հայ ոգիով, հայ շունչով` հեռու օտարամոլութենէն ու այլասերումէ»։

19 յունիսը հայրերու օրը ըլլալով, քոյր Արմինէ ջերմօրէն շնորհաւորեց հայրերը` ըսելով. «Մնացէք  միշտ անառիկ բերդը ձեր տան, անոր արի, արթուն պահապանը, իմաստուն ղեկավարը, անխոնջ բազուկը ձեր ընտանիքին»:

Հուսկ, տնօրէնուհի քոյրը ջերմ խօսքերով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք զօրավիգ կը կանգնին վարժարանին, նախկին սաներու, տիկնանց եւ ուսուցչաց միութիւններուն, նաեւ ուսուցչակազմին եւ յատկապէս մանկապարտէզի անձնակազմին եւ պատասխանատու քոյրերուն:

Ծաղիկ եւ կոկոն դասարաններու աշակերտներուն կողմէ երեք լեզուներով մատուցուած երգերու, պարերու ու արտասանութիւններու գունագեղ յայտագիրէ մը ետք, որ արժանացաւ ծնողաց ու հարազատներու խանդավառ ծափահարութիւններուն, բեմը զարդարուեցաւ 37 շրջանաւարտներով, որոնք երեք լեզուներով կատարած իրենց հայրենասիրական խանդավառ երգերէն ու արտասանութիւններէն ետք, հանդիսաւոր շուքով տնօրէնին ձեռքէն ստացան իրենց ուսումնական կեանքին առաջին վկայականները:

Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները. Ծաղիկ Ա. դասարան` Ալաճաճեան Կասիա, Աղասարգիսեան Բամելա, Անտոնեան Ալեքս, Աշգարեան Արամօ, Աւետիքեան Սելին, Աւետիսեան Ներսէս, Երէցեան Մայա, Թաշճեան Քրիստափոր, Թորիքեան Ծաւի, Թորոսեան Լոռի, Ծատուրեան Արվին, Մազլումեան Առնօ, Նաճարեան Փաթիլ, Տեւելեան Սագօ, Փանոսեան Քրիստ, Փելթէքեան Մինաս, Քէօսէեան Կարօ Շարպել: Ծաղիկ Բ. դասարան` Պետիրեան Կարօտ, Պոյաճեան Գիեարա, Պոզիքեան Քրիստ, Տէր Ղուկասեան Զաւէն, Տէր Դաւիթեան Բերլա, Տիշչէքէնեան Մանուէլ, Տօնէրեան Առնօ, Ճապարեան Մարտիկ, Ժլապեան Մարք, Ժուքուլեան Հրակ, Գարակէօզեան Մելիսա, Քէշիշեան Սելին, Գուլաճեան Սելին, Գրիգորեան Գէորգ, Մարգարեան Վանա, Մազաքեան Արազ, Սողոմոնեան Անի, Թարագճեան Աննա Մարիա, Եոզկաթլեան Էլսա, Զէյթունեան Կալինա:

Հանդէսին փակման խօսքը արտասանելու հրաւիրուեցաւ Միքայէլ եպս. Մուրատեան: Ան վեր առաւ աշակերտներուն հանդէպ քոյրերուն ցուցաբերած բացառիկ հոգատարութիւնը` նշելով, որ իրենց յանձնուած մանուկը սոսկ աշակերտ մը չէ, այլ տնօրէնը անձամբ կը ճանչնայ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ո՛չ միայն իր անունով ու մականունով, այլ նաեւ ընտանեկան պարագաներով: Ապա ան բարձր գնահատեց իրենց զաւակները հայ դպրոցին վստահելու ծնողաց գիտակցութիւնը եւ շնորհաւորեց հայրերը իրենց օրուան առիթով: Գերապայծառ հայրը վստահեցուց, որ ուսումնառութիւնը բաւարար ու ամբողջական չի՛ կրնար ըլլալ հայ մանուկի առողջ եւ ամբողջական դաստիարակութեան համար առանց անոր հայեցի եւ քրիստոնէական կրթութեան, այնպէս, ինչպէս կը ջամբէ Հռիփսիմեանց վարժարանը:

ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

«ՍՊԻՏԱԿ ԱՄՊԵՐ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ՎԱՐԴ ՇԻԿԱՀԵՐ)

Յաջորդը

Akunq.net ԵՒ Baku.am ԿԱՅՔԷՋԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։