Կազմակերպութեամբ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան, երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ.
Մարալ Կիտանեան պաշտօնապէս յայտարարեց 2014-ի առաջին երկու ամիսներուն ընթացքին Լիբանանի մէջ սպառումի գիներուն համեմատութիւնը:
Ձեռնարկին, որուն ներկայ էր նաեւ «Ազդակ»-ի թղթակիցը, մանրամասնութիւնները կը հրապարակենք յաջորդիւ:


