Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախաձեռնութեամբ ՋԱՀ-ին. Արցախեան Ազատամարտիկ Արթիւր Մկրտչեանի Յիշատակին Նուիրուած Ծառատնկում Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ

March 18, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

mesrob-(3)-13032014Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին, հինգշաբթի, 13 մարտ 2014-ին` առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ ծառատնկում` Արցախեան ազատամարտի նահատակ եւ Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահ Արթիւր Մկրտչեանի յիշատակին:

Այս առիթով բարի գալուստի խօսքը` Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խորհուրդին անունով, արտասանեց Աննա-Քրիսթինա Գոլանճեան, որ նշեց, թէ Արթիւր Մկրտչեանի յիշատակին նուիրուած խորհրդանշական ծառին ընդմէջէն ամէն օր պէտք է յիշենք մեր հերոսները եւ քալենք անոնց սրբազան ուղիէն, քանի որ տակաւին մեր դատը իր արդար եւ ամբողջական լուծումին չէ հասած: Ան աւելցուց, որ ծառը պէտք է մնայ մշտադալար եւ սնանի իւրաքանչիւր աշակերտի ազգային գործունէութեամբ եւ ներդրումով:

Ապա Եուլիանա Այնթապի ասմունքեց Շիրազի «Ղարաբաղը», որմէ ետք Ճոնի Պէյլէրեան ասմունքեց Վազգէն Օվեանի «Ձօն»-ը: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Պէթի Սուլեանի «Արցախ» եւ Կարինէ Ներսէսեանի «Մարտիկի երգը» երգերով:

mesrob-(2)-13032014mesrob-(1)-13032014ՋԱՀ յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Յովիկ Յովհաննէսեան, որ նշեց, թէ Արցախը ամբողջական Հայաստանի փոքրիկ մասնիկն է, եւ պայքարը պէտք է ընդարձակուի հասնելու մինչեւ Մուշ, Սասուն ու Վան: Յ. Յովհաննէսեան ըսաւ, որ Արթիւր Մկրտչեան Արցախեան ազատագրական պայքարի առաջին օրերէն դէմ կանգնեցաւ ազերիներուն եւ պայքարեցաւ ի խնդիր հայութեան իրաւունքներուն: Ան հաստատեց, որ Արթիւր Մկրտչեանի յիշատակին նուիրուած ծառը պիտի ըլլայ պայքարը շարունակելու ուխտի խորհրդանիշ:

Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ մեծապէս գնահատեց ՋԱՀ-ին ծառատնկումի նախաձեռնութիւնը: Ան յայտնեց, որ ՋԱՀ-ին այս ու նմանօրինակ նախաձեռնութիւններուն ու աշխատանքներուն ընդմէջէն հայութեան ջահը երբեք պիտի չմարի, մինչեւ որ կերտուի Ամբողջական Հայաստանը: Մեսրոպեանի տնօրէնը հաստատեց, որ Արցախեան ազատամարտիկ Արթիւր Մկրտչեանի յիշատակը խորհրդանշական ծառով պիտի յաւերժանայ, եւ աշակերտները մնայուն կերպով պիտի տոգորուին Մկրտչեաններու կամքով ու ազգային ոգիով:

Նախորդը

Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ Սննդարար Ուտելիքներուն Նուիրուած Իւրայատուկ Շաբաթ

Յաջորդը

Ս. Յակոբ Մծբնացիէն Մինչեւ Յակոբ Տիլաչար (Թրքահայ Լեզուաբան Ու Համայնագէտ Յակոբ Մարթայեանի Մահուան 35-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.