Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւմտահայերէնին Սպառնացող Վտանգին Լոյսին Տակ. Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան Զեկուցեց «Գալուստ Կիւլպենկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի Հնգամեայ Ծրագիրին Մասին

March 15, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան
Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան

Արեւմտահայերէնին սպառնացող վտանգը, լիբանանահայ գաղութի դպրոցներն ու կրթական իրավիճակը եւ այլ յարակից հարցեր առանցքը կազմեցին երէկ` ուրբաթ, 14 մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած զեկուցում-դասախօսութեան: Մեծ մասամբ ուսուցիչներու, կրթական մշակներու, մտաւորականներու, ուսանողներու եւ գրասէր ազգայիններու ներկայութեան կայացած այս ձեռնարկը արգասիքն էր «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքին եւ Հայկազեան համալսարանի միացեալ նախաձեռնութեան:  Ձեռնարկին բացումը կատարեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ ողջունելէ ետք Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ ու լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանը եւ ներկայ հիւրերը, անդրադարձաւ նշեալ հիմնահարցին ու սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան զեկուցաբերը` «Գ. Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը եւ լիբանանահայ կրթական իրավիճակին մասին նորագոյն ուսումնասիրութեան հեղինակ դոկտ. Հուրիկ Ադդարեանը:

Դոկտ. Հուրիկ Ադդարեան
Դոկտ. Հուրիկ Ադդարեան
Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան
Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան

Նախ եւ առաջ խօսք առաւ դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, որ անդրադարձաւ իր գլխաւորած հայկական բաժանմունքի մշակած հնգամեայ ծրագիրին, որուն տպագրեալ օրինակներէն բաժնուեցան ներկաներուն: Քառալեզու` հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ փորթուգալերէն տարբերակներով միացեալ հրատարակութեամբ լոյս տեսած հնգամեայ ծրագիրը (իւրաքանչիւր լեզու) շուրջ 32 էջերու մէջ կ՛անդրադառնայ նշեալ բաժանմունքի ձեռնարկելիք յառաջիկայ քայլերուն: «Յանուն կենսունակ ապագայի մը» խորագրեալ իր զեկուցումով, դոկտ. Փանոսեան ընդգծեց բաժանմունքի հիմնական առաջնահերթութիւնները:

Հայ ուսանողներու կրթանպաստին գծով «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութիւնը դոկտորականի չորս ամբողջական կրթանպաստներ պիտի յատկացնէ բացառիկ ուսանողներու, նմանապէս` նախաւարտականներու, մագիստրոսականներու եւ յետ-դոկտորականներու համար: Այս գծով «Ազդակ»-ի հետ մտերմիկ զրոյցի պահուն նախաւարտական համալսարանականներու առաջին տարուան մասին հարցումի մը գծով դոկտ. Փանոսեան «աւետեց», թէ նոր դասաւորումի հիմամբ առաջին տարուան համալսարանականներն ալ կրնան նպաստ ստանալ, պայմանաւ որ փայլուն նիշեր ունենան:

Ապա խօսք առաւ «Դպրոցները եւ կրթութիւնը լիբանանահայ համայնքին մէջ» տեղեկագիրի հեղինակ դոկտ. Հուրիկ Ադդարեան, որ հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ հիմնարկութեան պատուէրով իր պատրաստած տեղեկագիրի հիմնական մասերուն: Դոկտ. Ադդարեան յիշեցուց եւ մէջբերեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ արեւմտահայերէնի վտանգաւոր կացութեան մատնանշումը: Ան նաեւ զեկուցեց հայկական վարժարաններու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, հոգաբարձութեան թէ առնչակից մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ իր հանդիպում-զրոյցներուն մասին: Աւարտին զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:

 

Նախորդը

Տեղեկատուութիւն «Իմ Հայաստան» Համահայկական II Փառատօնի Մասին

Յաջորդը

Շուրջ Հարիւր Տարեցներ Ճաշի Հիւրը Դարձան Արամ Ա. Կաթողիկոսին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.