Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Ցուցասրահին Մէջ Արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն

March 14, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_2129Երէկ` հինգշաբթի, 13 մարտի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ «Ժպիտ» բարեսիրական կազմակերպութեան, ներկայութեամբ մեծ թիւով արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու  բազմութեան մը, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ ցուցասրահի բարերար արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի անհատական ցուցահանդէսին: Յայտնենք, որ ցուցահանդէսին հասոյթը պիտի տրամադրուի «Ժպիտ»-ի բարեսիրական նպատակներուն:

Լիւսի Թիւթիւնճեան
Լիւսի Թիւթիւնճեան
IMG_2031
Հուրի Գարաճրճեան

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Ժպիտ»-ի յանձնախումբի անդամ Հուրի Գարաճրճեան: Ան յայտնեց, որ բարերարութիւնը մեր հաւաքական կեանքին մէջ ողջունելի երեւոյթ է: Ան «Ժպիտ»-ի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Լիւսի Թիւթիւնճեանին` այս ցուցահանդէսին հասոյթը «Ժպիտ»-ի ծրագիրներուն յատկացնելուն համար:

Ապա խօսք առաւ Համազգայինի ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ այս ցուցահանդէսին համախմբողը արուեստն է եւ անոր կողքին կարօտեալին օգտակար դառնալու ինքնակամ եւ սիրայօժար մօտեցումը, սակայն այս բոլորէն անդին համախմբողն ու միացնողը արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի նման անձնաւորութեան մը մեծ վաստակին նկատմամբ մեր բոլորին ցուցաբերելիք յարգանքի եւ երախտագիտական զգացումն է:

Հաւաթեան յայտնեց, որ այսօր հաւաքուած ենք «Ժպիտ»-ի հովանաւորութեամբ, միշտ ժպիտով կեանքի վատն ու լաւը դիմաւորող անձի մը տքնաջան աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող արուեստի գործերուն վկաները դառնալու եւ ստեղծագործութիւններուն վայելքը ապրելու: Հաւաթեան նշեց, որ այսօրուան ցուցահանդէսը նուիրուած է նաեւ մեծ մարդու մը, լիբանանահայ եւ ընդհանրապէս ժամանակակից գեղանկարչութեան մէջ իր մեծ դրոշմը ձգած արուեստագէտ Փոլ Կիրակոսեանին` Լիւսի Թիւթիւնճեանի ուսուցիչին:

Ան հաստատեց, որ Պարոյր Սեւակի «Մօր ձեռքերը» քերթուածը լաւագոյնս կրնայ արժեւորել այս պահը: Հաւաթեան արեւշատութիւն  եւ յաջողութիւն մաղթեց տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեաններուն, որոնց համար հայ մշակոյթին եւ մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն նկատմամբ ցուցաբերուած գուրգուրանքն ու քաջալերանքը ուրախութեան գերագոյն զգացումներ են:

IMG_2038Ձեռնարկին իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ լիբանանահայ վաստակաւոր արուեստագէտ Կիւվտեր, որ մեծ դրուատիքով անդրադարձաւ Լիւսի Թիւթիւնճեանի վաստակին եւ անոր գեղանկարչական տաղանդին:

Վերջաւորութեան շնորհակալութեան եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Լիւսի Թիւթիւնճեան, որ հաստատեց, որ իրեն համար ստեղծագործելը եւ բարեգործութիւնը կեանքի գերագոյն իմաստներն են: Ան այս առիթով յաջողութիւն յայտնեց նաեւ «Ժպիտ»-ի բարեսիրական առաքելութեան:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 24 մարտ, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 43-49. Ամշիթ – Թատամոն` 107-91

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Առողջապահութեան Նախարարը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.