Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կանանց Օրուան Առթիւ.- Նուրբ Ձեռքերը, Սուրբ Ձեռքերը…

March 14, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քար են քաշել, սար են շրջել այս ձեռքերը`
Նուրբ ձեռքերը, սուրբ ձեռքերը…»
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

Համաշխարհայնացման մէկ այլ ժխտական երեւոյթներէն մէկն է «Կանանց միջազգային օր» հասկացողութիւնը: Իմաստը փոփոխութեան ենթակուած է: Բնականաբար, Հայաստանի մէջ ալ կատարուած է այս եղափոխութիւնը: Այսպէս, կնամեծարութեան բացառիկ տօնի վերածուած է մարտ 8-ը, որ արձակուրդի օր ըլլալու կողքին, նաեւ` կանացի գեղեցկութեան նուիրուած խանդաղատանքի տօնի վերածուած է:…Եւ երբեմն այնքան մը յար եւ նման եղած է շինծու այլ տօներու եւ տօնակատարութիւններու, որ աժան ու թեթեւ կրպակի առեւտուրի վերածուած է… քանի մը շաբաթ առաջուան փետրուար 14-ի սիրահարներու շարունակութիւնը նկատուելով:

Այս հասարակ եւ մակերեսային հասկացողութեամբ չէ, որ կը նշուի «Կանանց միջազգային օր»-ը, այլ աշխարհ բնագաւառի մարդկային հասարակութեանց մէջ կնոջ տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային ազատագրումին զօրակցելու գաղափարական խորհուրդն է այդ օրը:

Հակառակ ասոր, Հայաստանի մէջ ո՛չ միայն մեծ խանդավառութեամբ կը նշուի կանանց այս օրը, այլ նոյնիսկ Հայաստանի Ազգային ժողովի որոշումով, պետական տօներու շարքին աւելցած է, որպէս Կանանց միջազգային օր, միեւնոյն ժամանակ պահելով նաեւ նախապէս հաստատուած ապրիլ 7-ի տօնը` որպէս «Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր»:

Դժբախտաբար, Խորհրդային Միութեան օրերուն… կանայք փափկասունք օգտագործուեցան եւ պոլշեւիկեան հովանիին տակ վերածուեցան քարոզչական լծակներու:

Ամէնէն աւելի կանանց իրաւունքներու համար պայքարող անձն անգամ այս գծով կրնայ քաջատեղեակ չըլլալ, թէ կանանց տօնին ծննդոցը կատարուած է Դանիոյ մայրաքաղաք Քոփենհակընի մէջ, օգոստոս 1910-ին կատարուած Ընկերվարական երկրորդ միջազգայնականի ընթացքին: Դեռ ժամացոյցին սլաքը աւելի առջեւ պէտք է որ տանիլ եւ անդրադառնալ փոխադրուելով Նոր Աշխարհ` Նիւ Եորք, ուր 1905-ին, հիւսուածեղէնի գործարանի մը մէջ աշխատող կիներ, յանուն աշխատանքի պայմաններու եւ աշխատավարձերու բարելաւման, յանդգնօրէն գործադուլի դիմեցին եւ բողոքի ցոյցեր կատարեցին իրենց իրաւունքներու  պաշտպանման համար:

… Միայն վերջին տասնամեակներուն յատկապէս ընկերվարական եւ ժողովրդավարական կողմնորոշում ունեցող կուսակցութիւններու անդամ իգական գործիչներն ու կանացի միաւորները առաջնահերթաբար իրենց պատկանած կուսակցութիւններէն սկսան պահանջել, թէ՛

«Կանանց միջազգային օր»-ը` անհաւասարութեան ու խտրականութեան ջնջման ի խնդիր կատարուած պայքար մըն է, որ ցայսօր կը շարունակուի աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ:

Ի վերջոյ… «Քար են քաշել, սար են շրջել այս նուրբ ու սուրբ ձեռքերը…», ինչպէս կը նշէ հայոց բանաստեղծը:

 

Նախորդը

Միջինքի Հանդիսաւոր Հանդիպումներ

Յաջորդը

Կիներու Միջազգային Օրը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.