Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարգանք Ու Խոնարհում Վարդանանց Յիշատակին

March 13, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

hp-(2)-VartanantsՆախորդ տարիներու աւանդութեան իբրեւ շարունակութիւն, ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանին մէջ նշուեցաւ Վարդանանքը:

Բեմը յանձնուած էր դպրոցի թատերական խմբակի անդամներուն.

«Սիրելի՛ տնօրէնութիւն, ուսուցիչներ, դասընկերներ-դասընկերուհիներ: Ամէն տարի թէ՛ մեր դասարաններուն մէջ եւ թէ՛ այս բեմէն, մեզի կը խօսին, կը պատմեն ու կը ներկայացնեն Վարդանանց պատերազմի խորհուրդն ու անոր պատմական նշանակութիւնը: Թոյլ տուէք, որ այս տարի մենք` աշակերտնե՛րս ներկայացնենք այն, ինչ որ սորված ու իւրացուցած ենք», ըսին անոնք:

Աշակերտները բաւական դիպուկ կերպով փոխանցեցին օրուան խորհուրդն ու պատգամը: Անոնք բեմ հրաւիրեցին… Սասանեան Պարսկաստանի Յազկերտ թագաւորը, որ տիրական քալուածքով մօտեցաւ, զննեց չորս կողմը եւ զարմացական հայեացքը հայաշունչ սրահին ուղղելով ըսաւ.

– Այս ի՞նչ կը տեսնեմ, աշխարհի վրայ դեռ հա՞յ կայ…

– Անշուշտ, Յազկե՛րտ: Անվերջ ենք մենք ու անվերջ է մեր քաջութիւնը: Տասնվեց դար անցած է այն օրէն, երբ մեր քաջազունները  քեզի դէմ պատերազմեցան ու այսօր, այս սրահին մէջ, դուն կը տեսնես անոնց ժառանգորդները, որոնք բոլորն ալ հայրենասէր են…- պատասխանեց Վարդանի դերակատար մանչուկը:

hp-(1)-Vartanants– Մենք Լիբանանի հողին վրա՛յ կ՛ապրինք, բայց մենք Հայաստանի զաւակներն ենք, Յազկերտ,- թնդաց սրահը: Այնուհետեւ ելոյթներով հանդէս եկան դպրոցի բոլոր դասարաններու աշակերտները: Անոնք արտասանեցին, երգեցին, Եղիշէէն ընթերցումներ կատարեցին, իսկ երէցները հասկցան ու անգամ մը եւս համոզուեցան, որ աշխատանքը, ազնիւ ու նուիրեալ աշխատանքը, ապարդիւն չ՛անցնիր բնաւ:

– 451 թուականի մայիս  26-ին քաջարի Վարդանանք պատերազմեցան եւ ապացուցեցին, որ ոչ ոք կրնայ կոտրել հայու ոգին:

– Հայը այսօր ուժեղ է իր Հայաստանով, իր քաղաքամայր Երեւանով, իր սփիւռքով, իր գիտնականներով,  իր տաղանդաւոր զաւակներով, նաեւ….

– Նաեւ մեզմով, – կրկին թնդաց սրահը,-  մենք հա՛յ ենք, քաջարի Վարդանանց  արժանի յաջորդները:

Աշակերտները իւրովի ապացուցեցին, թէ որքան գիտակից ու նաեւ նախանձախնդիր են իրենց ազգային արժէքներուն եւ սրբութիւններուն նկատմամբ:

Դպրոցի կրօնի ուսուցիչ  Սարգիս քահանայ Սարգիսեանը օրհնեց աշակերտները եւ մաղթեց, որ անկոտրում մնան իրենց հաւատքին մէջ:

Ձեռնարկի աւարտին բեմ բարձրացաւ նաեւ տնօրէն Մարալ Պալեօզեանը եւ ի սրտէ գնահատեց ու գովեց աշակերտները:

 

 

 

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Փ. Եւ Է. Թորոսեան Վարժարանի «Երազ» Թատերախումբի «Ոսկիի Կարասը» Ներկայացումը

Յաջորդը

Գործակցաբար Լիբանանի Կարմիր Խաչին Մեսրոպեանականներ Հետեւեցան Նախազգուշական Օգտաշատ Դասընթացքի Մը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։