Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հեղուկ Ինքնութիւնը Էկոյեանի «Հարազատ»-ին Մէջ

March 11, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Յօդուածը ընդլայնումն է այն գաղափարներուն, որոնք արտայայտուեցան Աթոմ Էկոյեանի «Նեքսթ աֆ քին»(1)  ժապաւէնի քննարկման ընթացքին:

Ներածական.- Ժապաւէնին հերոսը` Փիթըր Ֆոսթըր, որ ակնյայտօրէն «ճերմակ» WASP(2) մըն է,  կ՛որոշէ դառնալ Քանատա ներգաղթած Տէրեաններու կորուսեալ զաւակը` Պետրոս: Անգլերէնին մէջ «to foster» բայը կը նշանակէ որդեգրել, այսինքն` «Տէր» դառնալ:  Ուրեմն Փիթըր Ֆոսթըր կը դառնայ Պետրոս Տէրեան(3):  Զուգադիպութիւններ. Փիթըր 23 տարեկան է: Աթոմ Էկոյեան նոյնպէս 23 տարեկան էր, երբ գրեց ժապաւէնին բեմագրութիւնը: Փիթըր կիթառ կը նուագէ: Սաունտ թրեքի  կիթառահարը նոյնինքն Էկոյեանն է:  Փիթըր կ՛որոշէ ստանալ նոր ինքնութիւն: Էկոյեան, որ մինչեւ համալսարան մուտքը  կատաղօրէն կը մերժէր խօսիլ հայերէն(4), կ՛որոշէ, ուշադրութի՛ւն, կը կրկնեմ, կ՛որոշէ,  յայտարարել իր ազգային ծագումը: Ժապաւէնի սկզբնաւորութեան, օդակայանի տեսարանին մէջ Էկոյեան կը վերցնէ Փիթըրին պայուսակը: Պայուսակը վառ կարմիր է,  եւ պահ մը կը լեցնէ ամբողջ պաստառը, որպէսզի  յանկարծ մեր ուշադրութենէն չվրիպի: Քանի՞ ազդանիշ պէտք էր տար Էկոյեանը, որպէսզի բոլոր հանդիսատեսները  անխտիր անդրադառնային Փիթըր-Էկոյեան զուգահեռին …

Կենսագրական .-

Էկոյեան ուսանողական տարիներուն (5) կը սորվի կիթառ նուագել եւ կը շարունակէ իր թատերական փորձերը: Կը գրէ «Օփըն հաուս» կարճամեթրաժ (30 վ.) ժապաւէնին բեմագրութիւնը: Նախասիրած հեղինակներն էին Իոնեսքոն եւ Պեքեթը  …անհեթեթի վարպետներ: Աւարտելէ ետք կ՛ընդունուի Թերրակոն թատրոն`  որպէս թատերագիր: Էկոյեան կը պատմէ, թէ չորս ամառ աշխատած է որպէս օթոպիւսի ուղեցոյց(6):  Բազմաթիւ օտարականներու հետ կապ հաստատելու փորձառութիւնը զինք մղած է դէպքերը տեսնելու …բազմաթիւ անկիւններէ:

Համալսարանական տարիներուն կ՛անդամակցի հայկական միութեան մը: Կը մասնակցի հայկական ձեռնարկներու: Կը սկսի հոգեկան հաճոյք առնել իր «տարբեր պատկանելիութենէն»: Այսինքն Էկոյեան այս անգամ կը ձգտի  տարբերուելու՛  իր շրջապատէն: (7)

«Նեքսթ աֆ քին»  ժապաւէնին ճամբով կը ծանօթանայ եւ կ՛ամուսնանայ Արսինէ Խանճեանին (8) հետ: Ա. Խանճեան ծանօթ է իր ազգայնական կեցուածքներով: Բայց անցեալ 30 տարիներու ընթացքին Էկոյեան հայերէն կարդալ չէ սորված: Խօսակցական լեզուին քիչ ծանօթ է: Ինքզինք երբեք չէ համարած «սփիւռքահայ» մը:  Որպէս փոսթմոտեռն` Էկոյեան ինքնութիւնը առհասարակ եւ ազգային ինքնութիւնը մասնաւորաբար կը տեսնէ որպէս մտացածին կառոյց: Իր ժապաւէններուն մէջ,  եւ աւելի յստակօրէն հարցազրոյցներու ընթացքին,  հարցին կը մօտենայ զուտ հոգեբանական տեսանկիւնէ: Այս կեցուացքը յստակօրէն` առկայ է  «Արարատ» ժապաւէնին մէջ …

«Նեքսթ աֆ քին»-ի Դիպաշարը .-

Egoyan-1Փիթըր կ՛ապրի պաղ եւ զուսպ ընտանիքի մը մէջ:  Ընկերներ չունի: Ամբողջ օրը կ՛անցընէ ձեւացնելով: Հոգեբուժի գրասենեակին մէջ պատահմամբ ձեռք կը ձգէ տագնապահար այլ ընտանիքի մը տեսերիզներն ու թղթածրարը: Տէրեանները իրենց չքաւոր օրերուն որոշած են հրաժարիլ իրենց առաջնեկ Պետրոսէն: Յանցանքի զգացումը կը խանգարէ ընտանեկան յարաբերութիւնները, մանաւանդ` հօր եւ աղջկան միջեւ: «Խանգարուած» ընտանիքի թեման առկայ է Էկոյանի գրեթէ բոլոր ժապաւէններուն մէջ: Այստեղ կարելի է յիշել, որ «Նեքսթ աֆ քին»-ին մէջ սաղմնային ձեւով կը տեսնուին Էկոյեանի յաջորդող ժապաւէններու գրեթէ բոլոր թեմաները:

Փիթըր կ՛որոշէ խաղալ կորսուած որդիին դերը: Տէրեանները առանց հարց ու փորձի կ՛ընդունին զինք որպէս հարազատ: Կ՛ընդունին WASP մը, որ ակնայայտօրէն չէր նմաներ ոեւէ մէկուն: Չէր նմաներ մանաւանդ Պետրոսի լուսանկարներուն, որուն մազերը, ի դէպ, սեւ եղած են: Այս աննհաւատալի  «միամտութեան» բացատրութիւնը ա՛յն է, որ բոլորը կը ձեւացնեն: Կը ձեւացնեն, որովհետեւ յուսահատօրէն կը հաւատան, որ խորտակուած ընտանիքը կը փրկուի եւ կը միանայ այդ  «ստեղծագործ սուտին»  միջոցով:  Այս գաղափարը կը շեշտուի «Ապրիլ մէկ»-ի գողութեան միջադէպի աւարտին, երբ  Ֆազլեան մատով ցոյց կու տայ իր գլուխը եւ կ՛ըսէ. «Ամէն ինչ այստե՛ղ է»: Այսինքն` մտացածին, հնարովի:

Egoyan-2 Տէրեաններու համար Պետրոս կը մարմնաւորէր(9) կորուսեալ հայրենիքը: Անոր սուգը կորուսեալ հայրենիքի սուգն էր: Կորուստը ամէնէն աւելի կը ճնշէր հօր վրայ: Ընտանիքի «նահապետ»-ն էր, որ ամէնէն աւելի կարիքը ունէր վերագտնելու Պետրոսը : «Պետրոս»-ը  վերագտնելը իրենց համար այնքան անհրաժեշտ էր, որ պատրաստ էին այդ բացայայտ օտարը ընդունիլ որպէս հարազատ:

Սուգը եւ ինքնութեան կերտման գործնթացը Էկոյեանի բոլոր հերոսներու եւ, հետեւաբար, պատումի գլխաւոր մղիչ մեքանիզմն է իր հետագայ գործերուն մէջ …սկսեալ այն թատրերգութենէն, որ գրած էր երբ տակաւին 13 տարեկան էր:

Գոյութենական հարցեր .-

Ներգաղթած երկրորդ սերունդը այլեւս ուղղակի կապուած չէ իր ծնողներու հայրենիքին: Բայց միեւնոյն ատեն չի կրնար հիմնովին մերժել իր ազգային ծագումը: Տարագրուած մարդու աշխարհը մասնատուած է, տարածականը օտար, իսկ ժամանակի զգացողութիւնը` անմիատարր եւ անհամաչափ: Այս սերունդի ինքնութիւնը  «հեղուկ» է, հետեւաբար` «ձեւաւորելի»(10): Ինքնութեան այս կերպընկալ յատկանիշը «հմայած» է Էկոյեանը: Ան կ՛ըսէ.

«Կը գիտակցէի, թէ ես դրսեցի մըն եմ, թէ` անգլերէնը իմ մայրենին չէ: Կը յիշեմ, թէ ի՛նչ կը նշանակէր ստանալ մշակոյթ մը եւ զայն սորվիլ միշտ զգալով, թէ այդ «կերտուածք» (construct) մըն է : Ե՞րբ է, որ մէկը կը մտնէ տուեալ մշակոյթէ մը ներս: Ե՞րբ է, որ անձագիր կը ստանայ: Ե՞րբ կրնաս դուն քեզի արտօնել ըսելու, թէ դուն անձ մըն ես, որ կը պատկանի այս տեղին»:

Չորս գլխաւոր դերակատարներուն համար ալ ինքնութիւնը տագնապայարոյց հարց է: Պարզ է, որ Տէրեանները, որպէս  ներգաղթած ընտանիք, կ՛աշխատին հաստատել իրենց նոր, բազմերես, «խառնածին» ինքնութիւնը:

Փիթըր եւս կը «գաղթէ» : Բայց ուշադրութի՛ւն, Փիթըր այդ քայլը կ՛առնէ ոչ թէ անոր համար, որ հիացած է հայ մշակոյթով: Փիթըր չի ճանչնար իսկ հայերը: Ան նոր ինքնութիւն մը կերտելով` կ՛ուզէ իմաստ տալ իր ձանձրալի կեանքին: Իր կոճկուած ընտանիքը աղմկոտ օտարներով փոխարինելը կը տեսնէ որպէս հետաքրքրական արկածախնդրութիւն, հոգեբանական խաղ:

Ճորճ, որ կորսնցուցած իր նախկին մեծ հաստատութիւնը, ինչպէս նաեւ երկու զաւակները (Ազահ լքած էր հօր տունը), կը ձեւացնէ, թէ գոհ է իր կեանքէն, թէ` կը սիրէ Ամերիկան, թէ` հպարտ է իր կառուցած կրպակով: Բայց Ճորճ յստակօրէն դժբախտ է, իր մաղձը կը թափէ աղջկան վրայ: Կանոնաւորաբար կը յաճախէ անորակ քապարէներ:

Տէրեանները, եւ առհասարակ Էկոյեանի գործերու բոլոր դերակատարները յուսահատօրէն կը փորձեն դասաւորել իրենց խառնաշփոթ, քաոսային զգացական աշխարհը: Կը փորձեն դիւահանել (11) (exorcise) իրենց անցեալը, վտարել զիրենք դատապարտող ստուերները:

Որպէս համոզուած փոսթմոտեռն, Էկոյեան «հեռու» կը մնայ իր հերոսներէն: Թոյլ չի տար նաեւ, որ հանդիսատեսը «նոյնանայ»  իր հերոսներուն հետ: «Հարազատ»-ի դերակատարներէն ոչ մէկը «համակրելի» է:  Էկոյեան իր  ժապաւէններուն կու տայ զգացական հզօր լիցք, բայց  երբեք  չ՛արտօներ, որ հանդիսատեսը դառնայ «զգացական»:

Էկոյեանի քամերան

Էկոյեան իր ժապաւէններուն մէջ մեծ տեղ կու տայ վիտէոյին, որ կարելի դարձուց դիւրին եւ աժան ձեւով արձանագրել առօրեան: Ձեւով մը դարձաւ մեքենական «յիշողութիւն»(12): Վիտէոյի պատկերները պղտոր են` բաղդատած սինեմային, ինչպէս որ պղտոր են յուշն ու մտապատկերը` բաղդատած ուղղակի ներընկալումին:  Վիտէոն կ՛արձանագրէ ընտրուած տեսարաններ, ինչպէս մեր ենթագիտակիցը կ՛որոշէ, թէ ո՞ր յիշողութիւները պէտք է որ պահուին: Վիտէոն եւ յիշողութիւնը «խմբագրուած» եւ յարատեւ խմբագրուող արձանագրութիւններ են: (13)

Դերակատարները ամէն պահու կը գիտակցին, թէ մէկը զիրենք կը դիտէ: Քամերան է այս պարագային դիտող «անձ»-ը : Փիթըր յաճախ ուղղակի կը նայի քամերային, այսինքն` հանդիսատեսին, շեշտելու համար այն զգացումը, որ ան կը դիտէ  «ինքնզգօն » (self conscious) խաղ մը: Քամերան երբեմն կը «դիտէ» տարօրինակ անկիւններէ` հանդիսատեսին տալով այն տպաւորութիւնը, թէ ինք voyeur մըն է: Քամերան յաճախ կը դիտէ բարձր անկիւնէ` յիշեցնելով այն հսկող աչքերը, որոնք ցաւօք մեր առօրեային մաս կազմած են: Էկոյեան գործածած է 16 մմ ցած որակի ֆիլմերիզ, ինչ որ պատկերներուն կու տայ մշուշոտ տեսք: Լուսաւորումը առհասարակ մեղմ է: Արդիւնքը այն է, որ պատկերները աղօտ են: Այդ աղօտութիւնը կ՛արտացոլացնէ դերակատարներուն հոգեւոր եւ մտային անորոշութիւնը: Այստեղ կարելի է նշել, թէ Էկոյեանի ժապաւէններու նկարումի մնայուն պատասխանատուն է Փոլ Սարոսին:

Պատկերներու լեզուն

Ժապաւէնը կը բացուի օդակայանի մը մէջ, ուր ճամբորդներու պայուսակները կը շրջին թաւալող սարքին վրայ:  Բայց անոնք անկենդան իրեր չեն: Ճամպրուկները կ՛անցնին քննութեան խցիկի սեւ վարագոյրէն այնպէս, ինչպէս արիւնը կ՛անցնի սրտի բլթակներէն(14):

Առաջին տեսարանը կու տայ առաջին «բանալին»: Օդակայանը անցման կէտ մըն է, ինչպէս նաեւ է մաքսանենգութեան (իմա` խաբէութեան) թատր: Օդակայանին մէջ կը գտնուին անոնք, որոնք կը փոխադրուին մէկ տեղէ դէպի միւսը: Ինչպէս ժապաւէնի «մաքսանենգ» հերոսը կը ճամբորդէ Փիթըրէն դէպի Պետրոս: Քալող ոտքերը կը շեշտեն երթի, գաղթի գաղափարը: Դարձող ճամպրուկներու շարժումը կը նմանի կարուսելի աննպատակ պտոյտին: Անոնք կրնան խորհրդանշել անկայուն, շրջուն ինքնութեան: Կարմիր ճամպրուկը, օրինակ,  կը պարունակէ Փիթըրին յուշատետր – ձայներիզը: Այսինքն`  յիշողութիւնը:

Երկրորդ  «բանալին» ցոյց կու տայ, թէ Փիթըր իր ձանձրոյթը փարատելու համար ժամանակը կ՛անցընէ ձեւացնելով: Այս պարագային` ձեւացնելով, թէ սպանական կիթառ կը նուագէ : Շատ աւելի ուշ Փիթըր (իմա ` Էկոյեան) իսկապէս կը փորձէ նուագել նոյն եղանակը: Այս կը պատահի այն տեսարանէն ետք, երբ ան կ՛ըսէ, թէ ինք այլեւս չի կրնար զատորոշել իր դերակատար եւ հանդիսատես երկու ինքնութիւնները:

Կը յաջորդեն աւազանի եւ տարեդարձի տեսարանները, որոնք կու տան հոգեվիճակը: Փիթըր կը լողայ աւազանի մը մէջ, որուն մակերեսը փայլուն է, բայց լոյսի ցոլքերը անձեւ են, անորոշ եւ յարափոփոխ: Տարեդարձը պաղ է, անտրամադիր եւ անարիւն: Փիթըր այնքան եռանդ չունի, որ կարենայ մարել այդ քանի մը մոմերը: Այս տեսարանը աւելի ուշ սուր կերպով կը հակադրուի «Պետրոս»-ի տարեդարձին հետ:  Երկրորդը  այնքան աղմկոտ էր եւ կենսունակ, որ մասնակից տարեց հայ տատիկը կարծած է, թէ զինք իսկական հարսանիքի հրաւիրած են:

Իրարու հակադրուող տեսարաններու կողքին կան իրարու «արձագանգ» հանդիսացող տեսարաններ: Այս մօտեցումը յատկանշական է փոսթմոտեռն շարժապատկերին: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել` շարժապատկերներուն, որովհետեւ այդ շաժապատկերը ցարդ չունի որեւէ միանշանակ տիպար(15):

Զոյգ տեսարաններու առաջինին մէջ հայ մայրը կը գրկէ իր «Պետրոս»-ը խոհանոցի սեղանին վրայ: Իր զաւակը կորսնցնելէ ետք մայրը ապրած էր ինքնամփոփ: Մերժած է նոր կեանքը: Պետրոսը գրկելու աքթը յետադարձ քայլ մըն է: Մայրը կ՛ուզէ վերադառնալ դէպի անցեալ: Փիթըր, այդ խոշորակազմ երիտասարդը, կը կծկուի ստանալու համար «սաղմային» կերպարանք: Փիթըր շատ լաւ կը գիտակցի, թէ տեսարանը արտառոց է: Ան ուղղակի քամերային, այսինքն մեզի կը նայի, ինչպէս երբեմնի դերասանները հանդիսատեսին կ՛ուղղուէին, երբ կ՛արտասանեն «մեկուսի» նշուած տողերը: Տեսարանի արտառոցութիւնը աւելի եւս կը շեշտուի, երբ քամերան չափազանց կը մօտենայ ( extreme close up)` պատճառելով ոսպնեակային այլանդակում: Իրարու ձուլուած զոյգը գրաւած է պատկերին ձախ առաջամասը, մինչ վերի աջ անկիւնին մէջ կ՛երեւի նսեմաց(ու)ած հայրը:

Պատկերը ձեւով մը կը կրկնուի (կարելի է ըսել` «կ՛արձագանգուի») սուտ գողութեան տեսարանին մէջ, ուր մայր եւ աղջիկ առաջամասին վրայ (խանութի սեղանին քով ) միացած են իրարու, մինչ հայրը կ՛երեւայ փոքրացած` նոյնպէս պատկերին վերի աջ հեռու անկիւնին մէջ:

Զոյգ տեսարանները կը հակադրուին աւելի կանուխ ա՛յն միջադէպին, ուր Ճորճ իր հայրիշխանական առաջնահերթութիւնը  կը պարտադրէ` խանգարելով մօր եւ զաւակներուն գիրկընդախառն երգը: Այդ տեսարանին մէջ Ճո՛րճն է, որ գրաւած է ձախ առաջամասը: Քամերան զինք կը նկարէ վարէն վեր, այսինքն անոր կու տայ իշխող դիրք:

Կարելի է յիշել, որ այդ երգի («Երկու տղայ ու աղջիկ») մեղեդին ձեւով մը լայթմոթիֆ դարձած է ժապաւէնին մէջ: Այսինքն մայրն ու զաւակները կը հնչեցնէին Տէրեաններուն նոր «օրհներգը»` առանց նահապետին «օրհնութեան»:

Առնուազն երկու այլ տեսարաններ կարելի է տեսնել` իբրեւ երեւութապէս վերադարձ դէպի անցեալ: Առաջինին մէջ  Փիթըր եւ Ազահ ծովեզերեայ խաղավայրի մը մէջ քով քովի կը ճօճուին երկու մանուկներու նման: Տեսադաշտը պահ նը կ՛ընդարձակուի մինչեւ հորիզոն, բայց վայրը «անորոշ» է(16), աղօտ, եւ գրեթէ ամայի: Փիթըր կ՛աշխատի իր «քոյրը» համոզել, թէ բարի նպատակներով կատարուած դերասանութիւնը խաբէութիւն չէ:  Անոնց անորոշ տատանումները աւելի եւ խոցելի կ՛երեւին, երբ քամերան կը սկսի զիրենք դիտել վերէն (բարձր անկիւնէ):

Egoyan-3Մանկական երկրորդ տեսարանը կը գործածուի այն հազուադէպ պարագաներէն մէկուն մէջ, ուր Էկոյեան կը դիմէ հակադրուող մոնթաժի:  Համեմատաբար կարճ տեսարանի մը մէջ կը տեսնենք Փիթըր եւ Ազահի սիլուեթները` թառած կղմինտրէ կտուրին վրայ, ինչպէս` տիպիկ ամերիկացի մանուկներ: Այդ անմեղունակ տեսարանէն յանկարծ կը փոխադրուինք կարմիր լոյսերու աշխարհ մը, ուր գնչուանման (իմա` ցոփ)  պարուհի մը կը «զուարճացնէ» յաճախորդները: Փիթըր այդտեղ է իր «հօր» հետ: Անոնք նոյնիսկ միասի՛ն կը մտնեն այդ երկրորդ կարգի քապարէի աղտոտ զուգարանը: Փիթըր այստեղ կը փորձէ «արական կապ»(15) հաստատել Ճորճի հետ :

Այդ «տղամարդավարի» վայրին մէջ Ճորճ նահապետ կիները կը բաժնէ երկու խումբերու` տանտիկիններ եւ բոզեր:  Ի դէպ, Ճորճ իր անհնազանդ աղջիկը կը դասէր բոզերու խումբին: Իր կողմէ Փիթըր Ճորճին կը բացատրէ, թէ հօր հանդէպ յարգանք ու սէր ունենալ չի նշանակեր ընդունիլ եւ բաժնել անոր արժէքները:

Խօսքը երեւութապէս կը վերաբերի Ազահի (ի՛մա` երկրորդ սերունդին), բայց խորքին մէջ ուղղուած է մեզի եւ կ՛արտայայտէ Փիթըրի, իմա` Էկոյեանի կեցուածքը: Այսինքն պէտք չէ ենթադրել, թէ ընդունելով իր ազգային ծագումը` Էկոյեան  կ՛ընդունի եւ կամ կը բաժնէ «հայկական արժէքները»:

Էկոյեանին պէս մտային եւ լեզուական բարձր կարողութիւններու տէր մէկուն համար այնքան ալ դժուար պիտի չըլլար հայերէն կարդալ սորվիլ: Բայց Էկոյեան երբեք չէ փորձած իրապէս մօտէն ճանչնալ հայ մշակոյթը:

Egoyan-4Կարմիր լոյսերու կապակցութեամբ պէտք է նկատել տալ, որ «արգիլուած պտուղը» Էկոյեանի ժապաւէններու մնայուն թեմաներէն մէկն է: «Նեքսթ աֆ քին»-ի մէջ Էկոյեան ազդարարութիւնը կու տայ վերելակին մէջ, ուր երկու բժիշկներ կը ծխեն «Նօ սմոքինկ» պիտակին տակ:  Ապա Փիթըր կը դիտէ այլ ընտանիքի մը պատկանող «մտերմիկ» տեսերիզը:

Երեւակայական «կէս» ազգապղծութիւնները առկայ են շատ մը ժապաւէններու մէջ: Յիշենք «Արարատ»-ի այն տեսարանը, ուր Րաֆֆի «կէս ազգապղծութիւն» կ՛ընէ իր կէս քրոջ հետ: «Ֆեմիլի վիուինկ»-ի մէջ Վան կը պառկի իր խորթ մօր հետ: «Տը սուիթ հիրեֆթըր»-ի մէջ  Նիքոլ  կը պառկի իր հարազատ հօր հետ: Շարքը երկար է:

«Նեքսթ աֆ քին»-ի  մէջ Փիթըր երեւակայական, սուտ ազգապղծութիւն կը գործէ Ազահի հետ, մինչ հայկական սրբանկարի զոյգ հրեշտակներ պատն ի վար կը դիտեն:  Փոսթմոտեռն հեգնա՞նք, հաւանաբա՛ր: Բոլոր ազգապղծութիւնները կու գան մրճահարելու «ընտանիք» կառոյցին առ հասարակ dysfunctional ըլլալու  հանգամանքը: Փոսթմոտեռնը անխառն հաճոյք կը ստանայ աւանդական սրբութիւնները պսակազրկելէ:

Ճորճ եւ Սոնիա զոյգը կը գտնեն անկողինին մէջ, բայց ծայրայեղ ինքնախաբէութեամբ Պետրոսի մանկութեան խաղալիքը կը դնեն Փիթըրի կուրծքին` զոյգը օրհնելով որպէս հրեշտակաբարոյ  քոյրիկ եւ աղբարիկ: Փիթըր անշուշտ որ չէր ճանչցած Պետրոսին նախասիրած արջուկը, իմա՛ Պետրոսի հոգիին հարազատ արժեքը:

Ճորճին սաստը այն փոքրիկ տղուն,  որ կ՛ուզէր վզնոց մը գողնալ (ուրախացնելու համար մայրը, այսինքն ընտանիքը), «աղջիկս քեզի կ՛ըսեմ, հարս դո՛ւն հասկցիր»-ի ձեւով  ուղղուած էր դէպի մեծ խաչագող Փիթըրը (որ կ՛ուզէր գողնալ Պետրոսին ինքնութիւնը` երջանկացնելու համար Տէրեանները): Ճորճ տղեկին բարոյախօսական դասեր չի տար: Պարզապէս ցոյց կու տայ արարքին հետեւանքները, եթէ ոստիկանութիւնը իմանայ: Ճորճ մտահոգ է: Փիթըրին խորհուրդ կու տայ  զգուշ վարուիլ, որովհետեւ  եթէ ան յանկարծ «բռնուէր» , ապա ծնողները զինք պիտի վերադարձնէին տուն: Իսկ Տէրեաններուն նորակազմ ընտանիքը պիտի վերակործանէր:

Էկոյեան անշուշտ կը սիրէ պատկերը: Բայց կը սիրէ նաեւ պատկերի շրջանակ-քատրը: Պատկեր մը քատրի մէջ առնելու գործողութիւնը կարելի է մեկնաբանել բազմաթիւ ձեւերով: Այսպէս Ազահ Փիթըրի գրպանի փոքր ալպոմին մէջ կը  դիտէ Ֆոսթըրներու նկարները, մինչ իր կողքին Փիթըր խոհանոցի դրան ապակի քատրերուն ընդմէջէն կը դիտէ Սոնիան: Ապա մենք կը տեսնենք Փիթըրին դէմքը նոյն քատրի միւս կողմէն: Փիթըր, Ազահ եւ մենք  կը փորձենք  «տեղաւորել» , դասաւորել իրականութիւնը: Միայն Սոնիան է, որ երանելի անգիտութեամբ եւ ակնյայտ հաճոյքով ճաշ կը պատրաստէ իր վերամիաւորուած ընտանիքին համար:

Սոնիային անմեղութիւնը կը շեշտուի շուկայի տեսարանին ընթացքին, երբ անոր դէմքը կը տեսնենք աղաւնիներու եւ նապաստակներու վանդակի ճաղերուն ընդմէջէն: Բայց չէ՞ որ այդ անմեղ, աւելի ճիշդ է ըսել` անմեղութեան pastiche-խորհրդանիշ անասունները այդտեղ կը սպասէին մորթուելու …Ի դէպ, փոսթմոտեռն շարժապատկերի յատկանիշներէն մէկն է փասթիշը: Սոնիային համար հարցը առաջին իսկ վարկեանէն վճռուած էր:

Պետրոսին տարեդարձը կարելի է հասկնալ որպէս մկրտութիւն, «անցման կարգ»: Ցեղախումբեր ունին իրենց ծէսերը նորեկ մը, մանաւանդ այր նորեկ մը ընդունելու համար որպէս իրենց մեծ ընտանիքին անդամ: Այս ծէսերը յաճախ կ՛ընդգրկեն ծաղր ու ծանակ (18), ինչպէս այստեղ` կարկանդակի միջադէպին մէջ: Նկատել, որ ամբողջ «ցեղախումբը» այդտեղ էր: Բայց ամէնէն յատկանշականը Փիթըրի բաժակաճառն է.

Egoyan-5«Կարելի չէ սիրել բնախօսական ընտանիքը,- կ՛ըսէ Փիթըր,- «որովհետեւ անիկա պարտադրուած է:  Մարդ պէտք է, որ ընտրէ՛ զանոնք, զորս կը սիրէ: Եկեք` ընտրե՛նք միասին լաւ ժամանակ մը անցընել» կ՛եզրակացնէ: Այս խօսքերը կրնա՞ն պատկանիլ մէկու մը, որ նոր վերագտած է իր բնախօսական ընտանիքը: Կրկնութեան գնով նկատեմ, թէ Էկոյեան – Փիթըր կը յայտարարէ, թէ ինք ընտրա՛ծ է պատկանիլ հայերու խայտաբղէտ խումբին:

Տրամաբանականօրէն եզրափակիչ տեսարանին մէջ Ազահ ալպոմին կ՛անցընէ Փիթըրին լուսանկարները: Այսինքն Փիթըր պաշտօնապէս կը մտնէ Տէրեաններուն պատմական «մատեան»-էն ներս:  Իսկ ինք` Փիթըր,  կը սկսի փորձել իրապէս նուագել նոյն այն եղանակը (Ասթուրիաս), զոր նուագել կը ձեւացնէր առաջին տեսարանին մէջ: Փիթըր այլեւս տէ՛րն է իր ճակատագրին: « հիմա ե՛ս եմ ղեկի ետին», կ՛ըսէ բացայայտօրէն: Սուտը յաջողած է երջանկութիւն բերել տագնապահար ընտանիքին:

Փիթըր, սակայն,  կիթառ կը նուագէ այ՛ն հմտութեամբ, որով Էկոյեան կը խօսի հայերէն:  Աւարտական զուգահե՞ռ, հեգնա՞նք, շա՛տ հաւանաբար:

Եզրակացութիւն

Ժապաւէնի աւարտին Փիթըր եւ Տէրեաններ կը կրկնեն առաջին, չափազանց ճոխ ընթրիքի տեսարանը:  Բայց ի հակադրութիւն առաջին սեղանին` երկրորդը բոլորովին դատարկ է: Փիթըր իր ձեռքերուն մէջ նոյնիսկ չունի իսկ դանակ եւ պատառաքաղ: Բոլորը շատ լրջօրէն կը ձեւացնեն  ուտել չգոյ ընթրիքը:

Էկոյեան կ՛ուզէ ապահով ըլլալ, որ ամէնէն դանդաղ հանդիսատեսն իսկ հասկցած է, թէ բոլորը կը ձեւացնեն: Բոլորը քաջ գիտեն, թէ Փիթըրի նոր ինքնութիւնը (19) մտացածին խաղ մըն է:

 

Էջատակներ.-

(1) Next of Kin, 1984, 72 վարկեան: Սենարիօ , բեմագրութիւն, Երաժշտութիւն եւ կիթառահար`
Ատոմ Եկոյեան: Օփըրէյթըր .- Փոլ Սարոսի: Ճորճ, Սոնիա եւ Ազահ Տէրեաններ`  Պերճ Ֆազլեան, Սիրվարդ Ֆազլեան եւ  Արսինէ Խանճեան: Փաթրիք Թէրնի.- Փիթըր Ֆոսթըր /Պետրոս:  Փաթրիք Թէրնի եւ ժապաւէնի բոլոր այլ դերակատարները , որոնց շարքին նոյնինքն Ա.Եկոյեան ոչ արհեստավարժներ են: Ժապաւէնի պիւտճէն միայն 37 հազար տոլար էր:
(2)  WASP.- White anglican s…protestant: Այսինքն` «սպիտակ աւատատէր»
(3) Այս բառախաղին կարելի է տալ անբարենպաստ մեկնաբանութիւն:
(4)  Ժոզեֆ եւ Շուշան Եղոյեաններ հաստատուած են գերազանցապէս ճերմակ Քոլոմպիա, ուր Եղոյեանները միակ հայերն էին: Հայրը կը զբաղէր կահագործութեամբ նկարչութիւն ուսանած էր Արթ ինսթիթուտ աֆ Շիքակօի մէջ:  Մանկութեան տարիներուն իր WASP դասընկերներուն կողմէ ծաղրուած է որպէս «պզտիկ արաբ»: Էկոյեան կը մերժէր խօսիլ հայերէն` «Ես մոլեգնօրէն կ՛ուզէի ձուլուիլ, նմանիլ միւս տղոց»:
(5)  Միջազգային յարաբերութիւններ Թորոնթոյի Թրինիթի քոլէճին մէջ
(6)  Էմփրես հոթել պանդոկի օթոպիւսին մէջ
(7)  Էկոյեան կ՛ըսէ, թէ իր մեծ մայրը (որ ծերանոցի մը մէջ անցուցած է իր վերջին տարիները) օգնած է ծանօթանալու հայկական մշակոյթին հետ:
(8) Ա. Խանճեան մինչ այդ ունէր հարուստ ամուսին մը, որ ամէն գնով կը փորձէր յառաջ մղել Արսինէի դերասանական ասպարէզը: Ան էր, որ զինք ներկայացուցած էր Էկոյեանին
(9) …Աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ ըսել` կը զուգորդուէր կամ բառակցուէր:
(10)  Յիշեցում. Հեղուկներ այն մարմիններն են, որոնք կը ստանան զիրենք պարունակող անօթին ձեւը:
(11) մօտաւորապէս կը թարգմանուի «աղօթահանել»
(12)  Յիշենք Րաֆֆիի տեսերիզը  «Արարատ»-ի մէջ:
(13) Արդի հոգեբանութիւնը կ՛ըսէ, թէ իւրաքանչիւր վերյիշում կը «վերախմբագրէ»  յիշողութիւնը:
(14) Ճիշդ բառն է «կափոյր» = «valve» ( Յ. Քիւրքճեան «Dictionnaire Pratique»)
(15) Postmodern cinematographic paradigm
(16) Անորոշ վայրերը (non-places) նոյնպէս բնորոշ են փոսթմոտեռն սինեմային:
(17) Male Bonding
(18) Այդ ծէսերու ծայրայեղ պատկերումներէն մէկը կարելի է տեսնել A Man Called Horse
(1970) Ժապաւէնին մէջ, ուր բացայայտ սպիտակ մը (Ռիչըրտ Հարրիս) կ՛ընդունուի որպէս կարմրամորթ ցեղախումբի անդամ:
(19) Թերեւս պէտք է կարդալ`«Էկոյեանի նոր ինքնութիւնը»:

Նախորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր. Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ Լուսաւորիչ Միտքերու

Յաջորդը

Սամուէլ Էթուի 300-րդ Կոլը` Ակումբի Մակարդակով

RelatedPosts

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
Ըստ Փաշինեանի.  Նոր Սահմանադրութեան  Բնագիրին Մէջ Պէտք Չէ Ըլլայ Յղում Անկախութեան  Հռչակագիրին
Հայկական

Սահմանադրութեան Նախագիծը Պիտի Հրապարակուի Երկուշաբթի

November 21, 2026
Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ  Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց.  Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ
Գլխաւոր լուրեր

Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց. Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.