Ամերիկահայ համայնքը անցեալ շաբաթ կարեւոր քայլ կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքները վերացնելու եւ վերջ դնելու թրքական կառավարութեան որդեգրած երկարաժամկէտ քաղաքականութեան, որուն նպատակն էր ջնջել հայոց քաղաքակրթութեան բոլոր հետքերը այսօրուան Թուրքիոյ հողատարածքներէն:
Հայոց ցեղասպանութեան սոսկ ընդունումէն անդին երթալով` Քոնկրեսի որոշ անդամներ ներկայացուցին նոր բանաձեւ մը, որ «Թուրքիոյ հանրապետութենէն կը պահանջէ պահպանել իր քրիստոնէական ժառանգութիւնը եւ վերադարձնել բռնագրաւուած եկեղեցական գոյքը»:
Ներկայացուցիչներու տան կողմէ ներկայացուած համապարփակ թիւ 306 բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ կառավարութեան`
«1) Վերջ տալու բոլոր տեսակի կրօնական խտրականութեանց:
«2) Արտօնելու քրիստոնէական եկեղեցիներու գոյքի հոգեւոր եւ աշխարհական օրինական սեփականատէրերուն` առանց խոչընդոտներու եւ սահմանափակումներու կազմակերպել եւ իրականացնել աղօթքներ, կրօնական կրթութիւն, հոգեւոր ուսուցում, կատարել նշանակումներ եւ կազմակերպել իրաւայաջորդութիւն, գումարել կրօնական համայնքի ժողովներ, մատուցել ընկերային ծառայութիւններ, ներառեալ` աղքատներու եւ հիւանդներու կարիքներուն ընդառաջում, ինչպէս նաեւ իրականացնել այլ կրօնական գործունէութիւն:
«3) Քրիստոնէական եկեղեցիները եւ պաշտամունքի այլ վայրերը, վանքերը, դպրոցները, հիւանդանոցները, յուշարձանները, մասունքները, սրբավայրերը եւ այլ կրօնական գոյքը, ներառեալ` շարժական գոյքը, ինչպիսիք են արուեստի գործերը, ձեռագիրները, զգեստները, սպասքը եւ այլ իրերը` վերադարձնելու օրինական տէրերուն:
«4) Քրիստոնէական եկեղեցիներու գոյքի օրինական հոգեւոր եւ աշխարհական սեփականատէրերուն արտօնելու` առանց խոչընդոտներու եւ սահմանափակումներու, իրենց հայեցողութեամբ, պահպանել, վերակառուցել եւ վերանորոգել Թուրքիոյ տարածքին գտնուող բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները եւ պաշտամունքի այլ վայրերը, վանքերը, դպրոցները, հիւանդանոցները, մասունքները, սրբավայրերը եւ այլ կրօնական գոյքը»:
Այս երկկուսակցական նեցուկ վայելող բանաձեւը, որ ներկայացուած էր հանրապետական քոնկրեսական Էտ Ռոյսի եւ դեմոկրատական քոնկրեսական Հաուըրտ Պըրմընի կողմէ, անմիջապէս ստացաւ 30 քոնկրեսականներու աջակցութիւնը, որոնցմէ տասը` հանրապետականներ: Նկատի առնելով այն իրողութիւնը, որ հանրապետականները Ներկայացուցիչներու տան մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն, բանաձեւը հովանաւորողներու համեմատութիւնը լաւ սկիզբ կը խոստանայ` հաւանական դարձնելով անոր բարեյաջող ընդունումը: Յատկանշական է, որ հանրապետական քոնկրեսական Իլիանա Ռոս-Լեհթինըն, որ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին գործերու յանձնախումբի նախագահն է եւ որ անցեալին Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման հակադրուողներու շարքին էր, առաջիններէն մէկը եղաւ, որ սատարեց եկեղեցիներու գոյքի վերադարձին կապակցութեամբ ներկայացուած բանաձեւին:
Զարմանալի չէ, որ այս բանաձեւը այսպիսի մեծ աջակցութեան արժանացաւ, քանի որ դժուար է պատկերացնել, որ քոնկրեսի, արտաքին գործոց նախարարութեան կամ Օպամայի վարչակազմի ոեւէ անդամ դէմ կրնար ըլլալ կրօնական կառոյցը իր օրինական տէրերուն վերադարձնելու գաղափարին: Ըստ հասարակական արդի չափանիշերուն, ոեւէ մէկուն համար ընդունելի չի կրնար ըլլալ եկեղեցին մզկիթի կամ մզկիթը եկեղեցիի վերածելը: Թուրքիոյ բարեպաշտ ղեկավարները, իբրեւ լաւ մահմետականներ, իրենք առաջինը կ՛ըլլան, որ կ՛ընդունին եւ կը պահպանեն պաշտամունքի վայրերու սրբութիւնը:
Բացի քոնկրեսի մէջ երկկուսակցական ամուր դաշինքի կազմութենէն, Ամերիկայի գրեթէ բոլոր կրօնական համայնքները` աւետարանական, կաթողիկէ, ուղղափառ, հրեայ թէ մահմետական, հակամէտ կ՛ըլլան աջակցելու նման բանաձեւի ընդունման: Բոլոր ազգային փոքրամասնութիւնները, ինչպիսիք են` սպանախօսները, Ամերիկայի յոյները, ասորիները, իրլանտացիները, հրեաները, արաբները, աֆրոամերիկացիները եւ ասիացի ամերիկացիները, նոյնպէս կրնան նեցուկ կանգնիլ այս բանաձեւի ընդունման:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարեց, որ բանաձեւը նպատակ ունի «կարեւոր նկատել, դիմակայել եւ ի վերջոյ փոխել Թուրքիոյ կողմէ տասնամեակներ շարունակ պաշտօնապէս որդեգրուած` քրիստոնէական եկեղեցիներու գոյքը ոչնչացնելու, սրբավայրերը սրբապղծելու, քրիստոնէական համայնքներուն դէմ խտրականութիւն գործադրելու, ինչպէս նաեւ հայերու, յոյներու, ասորիներու, քաղդէացիներու, պոնտացիներու, արամէացիներու եւ այլոց հաւատքի ծէսերը ազատօրէն կատարելու իրաւունքը մերժելուն ուղղուած քաղաքականութիւնը»:
Կրօնական ազատութեան իրաւունքը պարզապէս Թուրքիոյ ներքին հարցը չէ: Այս իրաւունքը պաշտպանուած է բազմաթիւ միջազգային համաձայնագիրներով, ներառեալ` Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտը եւ 1923-ին ստորագրուած Լոզանի համաձայնագիրը, որուն ստորագրողներէն է նաեւ Թուրքիան: Թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ խախտել Լոզանի համաձայնագիրին 41-րդ եւ 42-րդ յօդուածները, որոնք կը նախատեսեն դրամական միջոցներ եւ կարելիութիւններ տրամադրել ոչ մահմետական փոքրամասնութիւններուն` կրթութեան, կրօնի եւ բարեգործական նպատակներով, ինչպէս նաեւ պաշտպանել անոնց կրօնական հաստատութիւնները: Դժբախտաբար, քոնկրեսի բանաձեւը չի նշեր այս խախտումները եւ Լոզանի համաձայնագիրով Թուրքիոյ ստանձնած պարտաւորութիւնները:
Միացեալ Նահանգներու կրօնի ազատութեան հարցերով յանձնախումբը, որ ամէն տարի կը հրապարակէ աշխարհի բոլոր շրջաններուն մէջ կրօնական իրաւունքներու խախտման վերաբերեալ հաշուետուութիւն, երրորդ տարին ըլլալով անընդմէջ Թուրքիան պահած է իր «հսկողութեան ցուցակ»ին մէջ: Յանձնախումբը կը գտնէ, որ «Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ կրօնի կամ հաւատքի ազատութեան նկատմամբ կիրարկել լուրջ սահմանափակումներ` սպառնալով Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւն կազմող համայնքներու կենսունակութեան ու գոյութեան»: Թուրքիոյ կառավարութիւնը նաեւ «կը շարունակէ միջամտել կրօնական համայնքներու ներքին կառավարման եւ կրթութեան իրականացման հոլովոյթներուն եւ բռնագրաւել պաշտամունքի վայրերը»:
Վերջին տարիներուն Ներկայացուցիչներու տունը եւ ծերակոյտը ընդունած են քանի մը բանաձեւեր` կոչ ուղղելով Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած Հիւսիսային Կիպրոսին, Լիթուանիոյ, Ռումանիոյ եւ Վիեթնամին պաշտպանելու պաշտամունքի վայրերը եւ վերադարձնելու կրօնական փոքրամասնութիւններուն պատկանող անիրաւաբար բռնագրաւուած գոյքը: Այս բանաձեւերուն օրինակով` Ներկայացուցիչներու տունը պէտք է ընդունի նաեւ թիւ 306 բանաձեւը` կոչ ուղղելով Թուրքիոյ կառավարութեան յարգելու բոլոր քրիստոնէական փոքրամասնութիւններու ազատ պաշտամունքի իրաւունքը եւ անոնց վերադարձնելու իւրացուած եկեղեցիները եւ այլ կրօնական գոյքը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

