Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վահրամ

March 3, 2014
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԷՕՆԵՍՔՕ ՌՈՏՐԻԿԵԶ

Յատկապէս վերջին տասնամեակի ընթացքին միջազգային տասնեակէ մը աւելի յայտնի արուեստաբաններ ոչ միայն մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին, այլեւ բարձր գնահատանքներ արձանագրեցին Վահրամ Դաւթեանի հասցէին: Անոնցմէ մէկն է նաեւ «Արթ Մոնաքոյի»  միջազգային ամէնամեայ ցուցահանդէսի հիմնադիր տնօրէն Ժէօնեսքօ Ռոտրիկեզ, որուն հեղինակաւոր կարծիքը կու տանք ստորեւ:

Անկասկած որ Վահրամ կը շարունակէ պատիւ բերել արուեստ բառի իմաստին` մեր խոհերն ու զգացումները գրգռելով: Մշտապէս հոյակապ տաղանդով մը ան մեր ձեռքէն բռնելով` մեզ կ՛առաջնորդէ երեւակայական, սքանչելի եւ ապշեցուցիչ աշխարհի մը մէջէն, ուր կրնանք վստահօրէն գնահատել կատարեալ հաւասարակշռութիւն մը, որ առկայ է երանգներու գործածութեան մէջ… միշտ խայտաբղէտ, սակայն բնաւ` յագեցուած. բան մը, որ մեզի կ՛արտօնէ իւրաքանչիւր գործի մէջ տիրական դարձած ներդաշնակութեան փորձառութիւնը վայելել:

Վահրամին գործերը մշտապէս կը ներկայացնեն պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններ, ուր քանի մը շարժումներ ի մի կու գան ներշնչելու համար իր իւրայատուկ արուեստի գործը: Կարելի է գտնել Զարթօնքի շրջանէն ժողովրդականութիւն ունեցող կարգ մը արուեստագէտներ, որոնք կարծր եւ տոնքիշոթեան տեսքերով մարդկային կերպարներ կը ստեղծեն, սակայն միեւնոյն ատեն ցոլացնելով գերիրապաշտութենէն` երեւակայութեան եւ իրականութեան միացումէն, միշտ արտօնելով, որ արուեստագէտը իր ձեւով ընթանայ` միջոցի, ժամանակի եւ ձգողութեան իր օրէնքները դնելով: Երբ անոր կտաւները կը դիտենք, անպայման կը տեսնենք ժողովրդային արուեստն ու բազմաթիւ զգացումներ եւ զգացողութիւններ` ներկայացուած ընկերային շարք մը պատահարներով, ուր մարդիկ նոյն նուիրումը կը ցուցաբերեն որոշ զգացումներու հանդէպ, օրինակ` զուարճութիւն, ուրախութիւն, միութիւն, ներդաշնակութիւն, եւ ուր ընտանի գեղեցիկ անասուններու առկայութիւնը կ՛օգնէ մեր զգայարանքներուն եւ զանոնք տրամաբանութեէն անդին կը տանի` այդ ձեւով արուեստագէտը սահմանելով որպէս բացարձակ ստեղծիչ մը:

ԺԷՕՆԵՍՔՕ ՌՈՏՐԻԿԵԶ
«Արթ Մոնաքօ»-ի նախագահ / Հիմնադիր

 

Նախորդը

Գիտութիւն Եւ Մարդ. Աշխարհի Վրայ Վերջին Վայրերը, Ուր Համացանց Գոյութիւն Չունի

Յաջորդը

Ճիմ Թորոսեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Յարադիր Էակներու Կայարանը

November 3, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առաքինի Գողը

October 16, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առակ «Յետտրամաթիքական» Թատրոնի Շուրջ

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.