Երէկ երեկոյեան սաստիկ լարուած մթնոլորտ տիրեց Թրիփոլիի Սուրիա փողոցին եւ Պապ Թըպպանէ շրջանին մէջ, երբ անծանօթներ կրակ բացին լիբանանեան բանակի շրջուն ջոկատի մը դէմ:
Նմանապէս հինգ հրթիռներ ինկան Պաալ Տարաուիշ շրջանին մէջ եւ երկու ուրիշներ ալ` Սուրիա փողոցին վրայ, իսկ կրակոցներ եւ ռումբի պայթումներ լսուեցան Պապ Ռամլի շրջանին մէջ:
Նշենք, որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ալի Իտ շաբաթավերջին մամլոյ ասուլիս մը տուած էր` յայտարարելով, որ յետս կը կոչէ 48 ժամուան իր պայմանաժամի սպառնալիքը` առիթ տալու համար կացութեան մեղմացման: «Բոլորս ալ օրէնքի ենթակայ ենք», ընդգծեց Իտ:


