Նախորդ շաբաթավերջին Ժունիէի «Ֆուատ Շեհապ» մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցան Քոնկ ֆու-ուու շուի Արաբական 6-րդ ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ Յորդանանի, Եմէնի, Իրաքի, Պաղեստինի եւ Լիբանանի ներկայացուցիչներուն:
Սանտայի մրցումներուն Լիբանան հանդիսացաւ առաջին, իսկ թաու լուի մրցումներուն` երկրորդ:
Ընդհանուր դասաւորման մէջ Լիբանան Եմէնի ետին գրաւեց 2-րդ դիրքը:
Մրցումներուն մեծամասնութեան հսկեցին լիբանանցի իրաւարարներ, որոնց կարգին` թաու լուի իրաւարարներու նախագահ Աւետիս Սերոբեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:


