Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-Ի ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ. ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՆՇՈՒՄ

June 25, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի խմբապետական կազմին եւ Սկաուտական խորհուրդի կազմակերպութեամբ կիրակի, 19 յունիս 2011-ին տեղի ունեցաւ հայրերու օրուան նուիրուած տօնակատարութիւն: Այս տարի այս տօնը բացառիկ եղաւ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի սկաուտներուն, բայց մանաւանդ մեր հայրերուն համար:

Յայտագիրը սկսաւ հիւրասիրութեամբ, որմէ անմիջապէս ետք հայրերը բաժնուեցան երկու խումբերու, որոնք յաջորդաբար ընտրեցին իրենց խմբապետը եւ խումբին անունը: Խաղերու օրէնքները փոխանցուեցան եւ զուտ սկաուտական կանոնաւորութիւնն ու կարգապահութիւնը ընթացք առին: Խաղերը ընթացք առին, եւ խանդավառութիւնը տիրական դարձաւ դաշտին մէջ: Սկաուտները կը քաջալերէին իրենց հայրերը, որոնք թէ՛ մազ հիւսեցին, թէ՛ գետնախնձոր կեղուեցին, թէ՛ կաթ շինեցին, թէ՛ կրակարան վառեցին եւ շատ մը այլ մարզական խաղեր կատարեցին: Խաղերուն աշխուժութիւնը իր գագաթնակէտին հասցուցին չարքաշ մարզանքները, որոնց կարգին էին պարանով տանիքէն վար իջնել, դաշտին մէկ ծայրէն միւսը սահելով երթալ` օդէն կախուած, սողալ եւ այլն:

Այս աննախընթաց ձեռնարկը եւ խաղերու օրը վերջ գտաւ երկու խումբերու` Արցախի եւ Յաղթանակի հաւասարութեամբ, որովհետեւ խաղերու ընթացքին զգալի էր երկուքին ուժը եւ երկու խումբերուն յաղթանակին արժանի ըլլալու իրողութիւնը: Օրուան փակումը կատարուեցաւ յատկանշական մետալներու փոխանցումով, մասնաճիւղային նկարով եւ հիւրասիրութեամբ: Հայրերը մեկնեցան մեծ գոհունակութեամբ եւ բոլորն ալ այն կարծիքը յայտնեցին, թէ այսպիսի ձեռնարկները պէտք է յաճախակի ըլլան, որպէսզի ծնողք ու խմբապետ կապերը սերտանան եւ միասին ուրախ ժամանակ կարելի ըլլայ անցընել:

Նախորդը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ԱԲՐԱՀԱՄ ՄԱԹՈՍԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ ՅԱՐԳԱՆՔ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՆՈՒՆԸ ԲԱՐՁՐ ՊԱՀՈՂԻ ՄԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։