Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանը` ՄԱԿ-ի Զարգացման Ծրագիրի Գործադիր Խորհուրդի Անդամ

February 5, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նիւ Եորքի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի (ՄԱԶԾ), բնակչութեան հիմնադրամի եւ ծրագիրներու իրականացման գրասենեակի գործադիր խորհուրդի 2014-ի նստաշրջանին ընթացքին Հայաստան 3 տարիով` 2014-2016, ընտրուած է գործադիր խորհուրդի անդամ:

Այս մասին գրուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Յունուար 27-ի նիստին ելոյթ ունենալով` ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեանը որպէս գործադիր խորհուրդի նորընտիր անդամ` յայտնած է  Հայաստանի լիակատար աջակցութիւնը ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրին, բնակչութեան հիմնադրամին եւ ծրագիրներու իրականացման գրասենեակին նոր ռազմավարական ու համաշխարհային ծրագիրներու իրականացման հարցին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը` առաւել խթանելու այդ կառոյցներուն հետ յաջողած գործընկերութիւնն ու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը:

Անդրադառնալով առկայ ծրագիրներուն մէջ տեղ գտած առաջնահերթութիւններուն` դեսպան Նազարեան յատկապէս մատնանշած է կայուն զարգացման նպատակներու, կլիմայի փոփոխութեան եւ աղէտներու վտանգներու ճշդորոշման, արդիւնաւէտ հիմնարկներու եւ կիներու յառաջդիմութեան հարցերու կարեւորութիւնը` նշելով, որ անոնք պէտք է հանդիսանան զարգացման օրակարգի բաղկացուցիչ մաս: Ան կարեւոր նկատած է նաեւ յիշեալ ծրագիրներու մշակման գործընթացին մէջ անդամ պետութիւններուն, ՄԱԿ-ի գործակալութիւններուն, հասարակական կառոյցներուն ներգրաւելու ուղղութեամբ գործադրած ջանքերը:

Բարձր գնահատելով աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ ՄԱԶԾ անփոխարինելի դերը` Հայաստանի դեսպանը նշած է, որ անիկա Հայաստանի մէջ ներկայիս կ՛իրականացնէ երկու տասնեակէ աւելի զարգացման զանազան ծրագիրներ, որոնք համահունչ են Հայաստանի առաջնահերթութիւններուն ու զարգացման կարիքներուն:

 

 

 

Նախորդը

Հայրենի Սահմանների Աննկուն Պաշտպանները

Յաջորդը

Յուշատետր. Օրուան Վերջակէտը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.