Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասմունքի Յիշարժան Երեկոյ Մը. Պարոյր Սեւակի Հետ

February 4, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Annie-Sarafian-YepremianՄեծանուն բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 90-ամեակը անգամ մը եւս յիշեցուց յարգելու յիշատակը անմոռանալի բանաստեղծին:

«Ծաղիկ» ամսագրի խմբագրութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ասմունքի երեկոյ, 29 յունուար 2014-ի երեկոյեան, «Յ. Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Սարգիս Սարգիսեանի: Հանդիսութեան ներկայ եղան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի ներկայացուցիչ Յարութիւն քհնյ. Կոստանեան, Թեհրանի հայոց առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, հոգեւորականներ եւ մշակութասէր հայորդիներ:

Ասմունքի վարպետութեան տիրացած Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան ծանօթ է լիբանանահայ գաղութի արուեստասէրներուն: Ան յաճախ ներկայացած է մեր բեմերէն ասմունքի յայտագիրով` նուիրուած հայ արժանաւոր բանաստեղծներու: Իր ծրագրին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն Պարոյր Սեւակի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Յ. Շիրազի եւ այլ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները: Ոչ միայն առանձին կատարողութեամբ բեմ բարձրացած է ան, այլ յաճախ մասնակցութիւն բերած է մեր գաղութին մէջ կազմակերպուած ազգային թէ մշակութային-գեղարուեստական հանդիսութիւններու: Ան չէ մոռցուած նաեւ սփիւռքի միւս գաղութներէն, պարբերաբար հրաւիրուած է այլ գաղութներ` հայ բանաստեղծութեան ոգեշունչ արուեստը ծանօթացնելով:

Ասմունքի կամ արտասանութեան արուեստը լիբանանահայ գաղութին մէջ ունեցած է ուսանելի աւանդութիւն, մեր շնորհալի եւ տաղանդաւոր ասմունքողներու իրագործումներով: Եթէ անուններ յիշենք, կ՛ունենանք յիշատակելի տասնեակ մը ներկայացուցիչներ, որոնք ընդգրկած էին այս արուեստը` ներշնչելով ունկնդիրներուն հայոց լեզուին եւ քերթողութեան հմայքը: Այսօր չկան անցեալի այդ նուիրեալները: Գրականութիւնը եւ մասնաւորաբար բանաստեղծութիւնը սահմանափակ թիւով ընթերցողներու սիրտերը կը թովեն: Մեր վարժարաններէն պարբերաբար կը լսուին նորածիլ անուններ, շնորհալի արտասանողներ, բայց կը թուի, թէ քաջալերանքը կը բացակայի, շարունակութիւնը կը կտրուի: Ներկայիս ունինք քանի մը ասմունքող, որոնք կը խանդավառեն մեր ազգային թէ հաւաքական ձեռնարկներուն հանդիսականները: Գնահատանքի արժանի են անոնք, բայց փափաքելի է կազմակերպումը ասմունքի, արտասանական մրցումներու` մեր վարժարաններուն եւ մշակութային միութիւններու կողմէ:

Կ՛ակնկալնեք, որ մեր գաղութին մէջ շարունակուի ասմունքի արուեստը, հրապարակի վրայ եղողները չբացակային մեր բեմերէն, որպէսզի հայ գրականութիւնը, բանաստեղծութիւնը ծաղկուն մնան:

Այսօր, երբ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան կը շարունակէ իր որդեգրած ասպարէզը, ուրախութեամբ, հաճոյքով ներկայ կը գտնուինք իր ասմունքը ունկնդրելու: Չորեքշաբթի, 29 յունուար  2014-ին իր ներկայացուցած ասմունքը տեւեց մէկուկէս ժամ: Պարոյր Սեւակ փառաւորուեցաւ անգամ մը եւս, անոր հոգին հրճուեցաւ անկասկած, երբ զգաց, թէ իր «յիշատակը չէ թառամած»:

Անի Եփրեմեան երկու մասով ներկայացուց Պարոյր Սեւակի քերթողութենէն ընտրուած փունջ մը: Առաջին մասով արտասանեց «Բարեւ»-ը, սիրոյ թեմաներով այլ քերթուածներ, շեշտելով նոյն ատեն մարդկային այն բոլոր թերութիւնները, որոնք Պարոյր Սեւակի հոգեմտաւոր աշխարհը տագնապեցուցած են խարդախ ընկերութեան մը հովանիին ներքեւ:

Սիրել` ատելով, աթոռամոլութիւն, եւ նման թերութիւններ: Սեւակի «Մօր ձեռքերը» յաւէտ յիշատակելի բանաստեղծութիւնը կը մնայ: Անի Եփրեմեան ունի բեմին եւ հանդիսականին միջեւ հաղորդականութիւն ստեղծելու շնորհքը, որով կ՛արժանանայ ներկայ հանդիսատեսներու ջերմ գնահատանքին ծափահարութիւններուն:

Երաժշտութիւնը կ՛ընկերանար հաճոյալուր:

Յայտագրի առաջին մասի ընդմիջումին ջութակով երկու եղանակ ներկայացուց շնորհալի երիտասարդ ջութակահար Խաժակ Խաչատուրեան` մեկնաբանելով Կոմիտաս վարդապետի «Ծիրանի ծառ»-ը եւ «Կռունկ»-ը:

Երկրորդ մասով Անի ներկայացուց Պ. Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-էն երկու բաժին. առաջին մասը յատկացուած էր փոքրիկն Սողոմոնի Էջմիածնի սան ըլլալու տխուր պատմութեան, երկրորդ մասով Կոմիտաս  վարդապետին եղեռնական վախճանին, որով կը ներկայացուէր օսմանեան թուրք պետութեան սուլթան Համիտի ջարդերը, Ցեղասպանութեան անլռելի վկայութիւնը: Խաժակ Խաչատուրեան դարձեալ նուագեց Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն` արժանանալով ներկաներուն ծափերուն:

Անի Եփրեմեան տաղանդաւոր ասմունքող է, որուն առաջին արժանիքը անսխալ արտասանելն է, առանց շուարելու: Անգիր ընել ամբողջ գիրք մը ընդգրկող գրականութիւն, ինքնին շնորհք մըն է` քիչերուն տրուած: Ան օժտեալ մըն է դերասանական արտայայտչութեամբ, մեկնաբանութիւնը քերթուածին` տպաւորիչ: Մէջ ընդ մէջ միջամտող երաժշտութիւնը յաւելեալ ոգեւորութիւն փոխանցեց, ինչպէս` «Սարդարապատ» երգը Սեւակին բառերով:

Հանդիսութեան աւարտին «Ծաղիկ»-ի խմբագիր Յակոբ Տիւնեայեան Անի Եփրեմեանին յանձնեց յուշանուէր մը: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկին Սարգիս Սարգիսեանին, որոնք յաճախ իրենց նուիրատուութեամբ կը մասնակցին ազգային կեանքին մէջ մշակութային նախաձեռնութիւններու բարելաւման:

Անին ապա բեմ հրաւիրեց Սեպուհ արք. Սարգիսեանը, որպէսզի ներկայացնէ իր սրտին խօսքը եւ «Պահպանիչ»-ով օրհնէ ներկաները:

Սեպուհ սրբազան յայտնեց, թէ` «նման ձեռնարկներ ինքնանպատակ չեն, ունին նպատակ, սիրելու եւ նոր սերունդին փոխանցելու մեր գրականութիւնը, բանաստեղծութիւնը: Գնահատելի է Անի Սարֆեան-Եփրեմեանին այս գործունէութիւնը: Ես զինք հրաւիրեցի Թեհրան, ուր աւելի քան 3000 հանդիսականներու ներկայութեան ասմունք ներկայացուց` արժանանալով իրանահայերու ջերմ գնահատանքին»:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Սեպուհ սրբազանին «Պահպանիչ»-ով:

 

 

Նախորդը

Տարեդարձներ- Տիգրան Մանսուրեան (Ծնեալ՝ 27 Յունուար 1939-ին). Մեծատաղանդ Ու Սիրուած Երգահանին Ծննդեան 75-Ամեակը

Յաջորդը

2014-ի Յունուար 1-էն Ի Վեր Սուրիոյ Մէջ 9 Ազրպէյճանցի Զինեալներ Սպաննուած Են Սպաննուածներու Շարքին Է 14-ամեայ Զինեալ Մը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.