Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարեդարձներ- Տիգրան Մանսուրեան (Ծնեալ՝ 27 Յունուար 1939-ին). Մեծատաղանդ Ու Սիրուած Երգահանին Ծննդեան 75-Ամեակը

February 4, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

tigran_mansurianՅունուար 27-ին հայկական երաժշտութեան ապրող վարպետներէն Տիգրան Մանսուրեան  դարձաւ 75 տարեկան:

Մեծատաղանդ երգահանը կը պատկանի փաղանգին այն բացառիկ արուեստագէտներու, որոնք ոչ միայն բարձրորակ գործ կը ստեղծեն եւ նորարարական շունչ կը բերեն, այլեւ արուեստասէր հասարակութեան եւ սեփական ժողովուրդին հիացումին կ՛արժանանան նաեւ իրենց անհատականութեան եւ մարդկային արժանիքներուն համար:

Ինչպէս դաշնակահար Ջուլիետա Վարդանեան առիթով մը, Aravot.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին նշած է` «Տիգրան Մանսուրեան որպէս մասնագէտ հիասքանչ արուեստագէտ է, իսկ որպէս մարդ` հիանալի անձնաւորութիւն»:

Արուեստի քննադատներու ընդհանուր գնահատանքով` Տ. Մանսուրեան կը հանդիսանայ Հայաստանի մէջ ժամանակակից երաժշտութեան ուղին հարթող ռահվիրաներէն մէկը, որուն` «ստեղծագործութիւնները հայկական երաժշտարուեստի եւ ժողովրդական աւանդոյթներու հետաքրքիր միահիւսութիւն են` իրենց լուսապայծառ, արտայայտիչ մեղեդիներով եւ տպաւորապաշտ, բարձրաճաշակ ու ընտիր հնչերանգներով»:

Երեսուն տարի առաջ Խորհրդային Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչի տիտղոսին արժանացած երգահանը հեղինակ է գլխաւորաբար նուագախմբային, սենեկային, երգչախմբային եւ վոքալ գործերու, որոնք ներկայացուած են ամբողջ աշխարհի տարածքին` արուեստի մեծ եւ հեղինակաւոր բոլոր մայրաքաղաքներուն մէջ, արժանանալով համընդհանուր գնահատականի:

Հանրագիտական աղբիւրի մը դիպուկ բնութագրումով` «Տիգրան Մանսուրեանի ստեղծագործութիւնները` սենեկային եւ գործիքային, ամէնուր բարձր գնահատանքի արժանացած են իրենց գեղարուեստական անկրկնելիութեան, ազգային բոլորովին նոր ոլորտներու բացայայտման շնորհիւ»:

Այսօր իր ծննդեան 75-ամեակը նշող հայ մեծ երգահանը ստեղծագործական իր ամբողջ կեանքը առաջնորդեց ու իմաստաւորեց այն համոզումով եւ ինքնահաւատարմութեամբ, թէ` «ամէն մարդ աշխարհ գալիս իր բաժին հարցերն է ստանում: Ոմանց համար ստեղծագործելը լոկ այդ հարցերին պատասխանելն է: Ես իմ ստեղծագործութեամբ աշխատում եմ հարցեր աւելացնել: Արուեստը պէտք է հարցեր ծնի, հարցեր առաջացնի»:

Տիգրան Մանսուրեան իրաւամբ ստեղծագործական շատ հարցեր առաջադրեց եւ շատերուն իր տաղանդաւոր պատասխանները տուաւ` առանց սպառելու բոլոր հարցերը, որոնք մշտանորոգ են, յատկապէս` նորարարական ոգիով ստեղծագործող արուեստագէտներու պարագային:

Տ. Մանսուրեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, 27 յունուար 1939-ին: Ընտանիքը 1947-ին ներգաղթած է Հայաստան, ուր սկիզբը հաստատուած է Արթիկի շրջան, իսկ 1956-ին` Երեւան:

pic1mansurianԱշակերտական օրերէն եւ 13 տարեկանէն երաժշտութեան, յատկապէս դաշնամուրի նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած պատանի Տիգրանը երաժշտական իր ուսումը ստացած է 1956-1960, Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ (հետեւելով Էդուարդ Բաղդասարեանի դասարանին): Ապա` 1960-1965, բարձրագոյն ուսման հետեւած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ` Ղազարոս Սարեանի դասարանէն ներս, որու աւարտին, 1967-ին, յաջողութեամբ պաշտպանած է իր թեկնածուական աւարտաճառը: Ուսանողական տարիներէն արդէն Տ. Մանսուրեան գրած է տարբեր ժանրի երկեր եւ արժանացած` կարեւոր մրցանակներու:

1967-էն մինչեւ 1986 Տ. Մանսուրեան ժամանակակից երաժշտութեան տեսութիւն դասաւանդած է նոյն երաժշտանոցին մէջ: 1986-ին Մանսուրեանին կը շնորհուի երաժշտութեան փրոֆեսէօրի կոչում: Իսկ 1992-1995 թուականներուն ան ստանձնած է երաժշտանոցի տեսուչի պաշտօնը:

Տիգրան Մանսուրեան աւելի քան տասը տարիէ ի վեր հրաժեշտ տուած է մանկավարժական ասպարէզին եւ իր լրիւ ժամանակը նուիրած է ստեղծագործական աշխատանքի:

Անդրադառնալով զուտ երաժշտական ստեղծագործութեան նուիրուելու իր որոշումին` Տ. Մանսուրեան իւրայատուկ իր համեստութեամբ ու պարզութեամբ դիտել կու տայ, թէ` «Գործերս շատ են, ճարահատեալ` աւելի քիչ եմ շփւում արտաքին աշխարհի հետ: Ճիշդն ասեմ, դրսի իրականութեան հետ երիտասարդ տարիներին էի շփւում, իմ կեանքի օրկանական մասն էր, հիմա շատ բաներ չեմ հասկանում, որոշ չափով անմասն եմ մնում»:

Մանսուրեանի ստեղծագործութեանց ցանկը շատ ընդգրկուն է: Դասական երկերու կողքին, ունի բազմաթիւ դաշնամուրային, սենեկային եւ վոքալ ստեղծագործութիւններ: Ան հեղինակն է նաեւ շարք մը հռչակաւոր շարժապատկերներու երաժշտութեան, ինչպէս` «Մենք ենք, Մեր սարերը», «Ճերմակ անուրջներ», «Նռան գոյնը», «Հին օրերի երգը» եւ այլն:

Վերջին շրջանին վարպետը մեծ թափով կեդրոնացած է հայ գրականութեան գոհարներէն ներշնչուած երգերու ստեղծագործութեան վրայ: Այդպէ՛ս ծնունդ առին Նահապետ Քուչակի «Հայրեններ»-էն ներշնչուած Մանսուրեանի շարքը, ինչպէս եւ` նորագոյն շարքը, ուր ներառուած են Պաղտասար Դպիրի «Տաղ կորուսեալ սիրելոյ» եւ «Վասն սիրոյ», Եղիշէ Չարենցի «Կապոյտ լճի վրայ» եւ «Եւ մի իրիկուն», Աւետիք Իսահակեանի «Իմ հոգին» եւ «Լեռների վրայ ձնել Է…», Վահան Տէրեանի «Աշնան երգ» ու «Իմ խաղաղ երեկոն» բանաստեղծութիւնները:

Ազգային իր կոչումին ու առաքելութեան ծնունդը հանդիսացաւ քանի մը տարի առաջ Մանսուրեանի աւարտած «Ռեքուիէմ»-ը, որ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան 100-ամեակը ոգեկոչելու եւ աշխարհին յիշեցնելու Մանսուրեանական պատգամ է: Վարպետը «Ռեքուիէմ»-ը գրած է «այն թաքուն փափաքով, որ եթէ յանկարծ մի օր եւրոպացիները որոշեն յիշատակել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերին, ապա դիմեն «իրենց հասկանալի լեզուով» այս ստեղծագործութեանը»:

Տիգրան Մանսուրեան իրաւամբ կը հանդիսանայ հայ արդի դասական երաժշտութեան անուանի ներկայացուցիչներէն մէկը: Ընդհանուրի գնահատականով, Մանսուրեանի ստեղծագործութիւնը քսաներորդ դարու եւրոպական երաժշտութեան նուաճումներուն եւ հայ երաժշտարուեստի լաւագոյն աւանդոյթներուն ինքնատիպ համադրումն է»:

 

 

Նախորդը

Բնապահպանութիւնը` Մոլորակի Բնակիչին Նոր Մարդկայնութիւնը

Յաջորդը

Ասմունքի Յիշարժան Երեկոյ Մը. Պարոյր Սեւակի Հետ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.