
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Լեւոն Հայրապետեան, որ մաս կը կազմէ Լեկիայի (Լեհաստան), համաձայն գտնուեցաւ իր պայմանագրութիւնը երկու տարիով երկարաձգելու խումբին հետ, երէկ յայտնեց Լեկիայի պաշտօնական կայքէջը: Անոր ստորագրած պայմանագրութիւնը աւարտեցաւ նախորդ մայիսին:
Հայրապետեան, որ գերմանական Համպուրկ մարզադպրոցի սան է, առաջին անգամ իր կազմին շապիկը կրեց 2 մարտին, որմէ ետք դարձաւ խումբին հիմնական մարզիկներէն մէկը:
Նշենք, որ ան Հայաստանի հաւաքականին կատարած վերջին երեք հանդիպումներուն դաշտ ներկայացաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ:


