Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԴԵՌ ՉԱՄԲՈՂՋԱՑԱԾ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՄԸ ԱՌԻԹՈՎ. ՍԿԱՈՒՏ ԽՄԲԱՊԵՏ ԵՂԲ. ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԷՐ ԳԵՂԱՐԴ ՊԱՊՕՂԼԵԱՆ

June 24, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կրնայ զարմանալի թուիլ, որ արագ հաղորդակցութեան այս դարուն մահուան մը բօթը գրեթէ տարի մը ուշացումով հասաւ ինծի: Հասնիլ անգամ չէր:

Պէյրութ գտնուած օրերուս հոն էր նաեւ Աթէնքէն Միհրան Քիւրտօղլեան: Ալ աւանդական դարձած տեսակէտներու փոխանակութենէ ետք, հետաքրքրուեցայ քահանայ դարձած սկաուտ խմբապետիս առողջութեամբ: Կարճ. կտրուկ. «Տարի մը առաջ մահացաւ»: Աթէնք վերադարձին Միհրան Քիւրտօղլեան երկտողով մը կու տար մանրամասնութիւններ: «…հոգելոյս Գեղարդ Ա. քհն. Պապօղլեանի վախճանման թուականը. 19  մայիս  2010: Այնպէս որ, գրելիքդ  «յապաղած» չի նկատուիր, այլ` տարելիցին նուիրուած»:

Մեծանուն մը չէր եղբայր Սարգիս: Բայց մեծ մարդ էր, եթէ մեծութիւնը չափենք առանց քսակի կամ չեմ գիտեր` ո՞ր տեսակաւոր հանգամանքներով: Գիտէի, որ հիւանդ էր, որ կը գումարուէր տարիքին: Բայց գոյժը հեռու եւ մօտ անցեալի պատկերներ սահեցուց, պահ մը կենդանացուց: Ճիշդ է, որ սովորաբար կը գեղեցկացնենք անցեալը, եւ գեղեցիկն ու գեղեցկացուածը կ՛ուզեմ բաժնել բոլոր անոնց հետ, որոնք դեռ «Կաղանդ Պապա»ին կը հաւատան համաճարակ դարձած գործնապաշտութեան մերօրեայ աշխարհին մէջ:

Հալէպի Ճեմարանի աշակերտ էինք եւ` ՀՄԸՄ-ի սկաուտ: Եղբ. Սարգիս մեր խմբապետն էր, խանդավառ, սիրալիր, գուրգուրացող: Երբ բանակումի կ՛երթայինք, կը հսկէր եւ մեզմէ աւելի ինք կ՛ուրախանար: Համեստ երիտասարդ մըն էր, եւ իրմէ կը սորվէինք պարկեշտութիւն, ծառայասիրութիւն. ամէն օր բարի գործ մը ընել եւ ապա քակել փողկապին հանգոյցը: Խմբապետ էր, պետ էր` առանց պոռչտալու, առանց բրտութեան: Այդ օրերու մեր խումբի տղաքը կրնան վկայել:

Տարիներ ետք, Սուրիոյ Հոմս քաղաքին մէջ կրկին հանդիպեցայ եղբ. Սարգիսին: Եկած էր, ՄԱԿ-ի նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս, արհեստ սորվեցնելու պաղեստինեան գաղթակայաններու մէջ: Ծառայութիւն` նաեւ հայկական շրջանակէ դուրս: Չեմ գիտեր, թէ որքա՛ն տեւեց այդ ծառայական շրջանը:

Ես արդէն Պէյրութ էի: Ընտանիք կազմած էի: Ամառ էր: Գիւղն էինք: Տարին չեմ յիշեր: Օր մըն ալ յայտնուեցաւ եղբ. Սարգիս, փնտռած եւ գտած էր: Եկաւ «նշանած»ին հետ: Իր կրտսեր սկաուտ «եղբայրներ»ը արդէն տուն-տեղ եղած էին, զաւակներ ունէին: Ներկայ եղանք իր ամուսնութեան:

Յետոյ քահանայացաւ, ղրկուեցաւ Ուաշինկթըն: Բայց վերադարձաւ Աթէնք, քանի որ չէր կրցած պատշաճիլ ամերիկեան մթնոլորտին, մինչ ուրիշներ կ՛երազէին եւ կ՛երազեն երթալ այդ «Աւետեաց Երկիրը»:

Տարիները կ՛անցնին ապրշումի կծիկին պէս, երբեմն արագ, երբեմն դանդաղ: Պատահեցաւ, որ Աթէնք երթամ ապրիլ 24-ի մը առիթով խօսելու: Հոն էր քահանայ եղբայր Սարգիսը: Ողջագուրուեցանք: Իր յարկին տակ հաց կիսեցինք: Սքեմին տակ ալ նոյն եղբայր Սարգիսն էր, ժամանակավրէպ բարութեամբ, սիրելիի ուրախութեամբ երջանկացող: Այս անգամ հպարտ էր, նաեւ անոր համար, որ իր սկաուտը բեմէն լսած էր:

Ամէն անգամ որ Աթէնք երթայի, իրեն կը հանդիպէի, զինք տեսնելու, բայց նաեւ,  եսասիրաբար, անցեալէն պատառիկ մը փրցնելու:

Օր մըն ալ ինք եկաւ Փարիզ, երէցկինին հետ: Հաւաքուեցանք մեր տունը եւ մինչեւ ուշ գիշեր խօսեցանք: Տողանցեցին անուններ, դէմքեր, դէպքեր: Համեստներու պատմութիւնը, որ երբեք պիտի չգրուի:

Վերջին անգամ զինք տեսայ կրկին Աթէնք: Սրտի վիրահատութեան ենթարկուած էր: Բայց եկած էր կրկին լսելու իր կրտսերը, թէեւ այլեւս հասակակից կրնայինք համարուիլ: Անմեղ խոստովանութեամբ ըսաւ, որ գիշերները դուրս չէր ելլեր, բայց եկած էր ինծի համար:

Եկած էր կրկին հաղորդուելու համար իր յաւերժացած անցեալով, փաստելու համար կարծէք, որ սկաուտ խմբապետի սէրը եւ գուրգուրանքը վառ էին` հիւանդութենէն եւ տարիներու բեռէն անդին:

Չեմ գիտեր, թէ կը գտնուի՞ մէկը, որ ըսէ, թէ քահանայ դարձած այս յաւիտենական սկաուտը ցաւ պատճառած է իրեն:

Երբ կը խօսիմ այս տիպարներուն մասին, կը յիշեմ Ռուբէնի պատկերը, որ կ՛ըսէր, թէ անոնք կը նմանին Արտամետի խնձորին, որուն համը ուրիշ է, նոյնիսկ երբ մէջը որդ ինկած ըլլայ:

Նորերը պիտի պահե՞ն, կը պահե՞ն Արտամետի խնձորին համը` զանազան տենչերէ անդին եւ վեր:

Երէցկին Արաքսին յիշած է իր վերջին խօսքը. «Մէյ մը Հայաստանը բանանք, նայինք ինչ կայ»… Եւ այդպէս ննջած է բազկաթոռին վրայ` յաւիտենութեան համար:

Սփիւռքի հայուն անանձնական եւ անանց վառ կարօտով, զոր շատեր երբեք պիտի չհասկնան: Եթէ հասկնային…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

4 ապրիլ, 2011
Նուազի – լը – Կրան

Նախորդը

«ՊԱՏԱՌԻԿՆԵՐ` ՄԵԾԵՐԷՆ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ)

Յաջորդը

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ԳԱՀԸ (*) ՁՕՆ` ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ, ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 16-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։