Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քարլոս Սայադեան. Հայրենի Ժամանակակից Գեղանկարչութեան Նշանակալի Դէմքերէն

January 25, 2014
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

IMG-20130906-WA0001Երեւանի մէջ խստաշունչ ձմեռ է. գեղանկարիչ Քարլոս Սայադեանի հետ կ՛ուղեւորուենք Երեւանի կեդրոնը` Նորագիւղ թաղամասին մէջ գտնուող իր տունը, ուր նաեւ գեղանկարչին արուեստանոցն է… Ձմեռը կը մնայ դուրսը. տան մէջ մեզ կը դիմաւորէ տաքուկ գոյներու եւ հարուստ բնապատկերներու արուեստ մը, որ կը վկայէ գեղանկարիչին հոգիին ջերմութեան մասին: Ան կ՛ուզէ փոխանցել այդ ջերմութիւնը, քանի որ երբ նկարէ, գոյնն ու պատկերը այլեւս իրեն չեն պատկանիր: Ան կը դառնայ հաւասարապէս բոլորիսը, սակայն իւրաքանչիւրս իր ներաշխարհի ապրումներուն համահունչ կը զգայ կտաւը. «Այդպէս ալ պէտք է ըլլայ: Արուեստասէրը տարբեր կ՛ըլլայ: Իր ապրած ու անցած կեանքին, ստացած կրթութեան, ապրած միջավայրին, Աստծոյ տուած շնորհքին  համապատասխան ամէն մարդ կը զգայ արուեստը», կ՛ըսէ Քարլոս Սայադեան:

Երազային, բայց տպաւորիչ է Քարլոս Սայադեանի գեղանկարչական աշխարհը: Ան հայ ժամանակակից գեղանկարչութեան ամէնէն նշանակալի անուններէն մէկն է, որ տասնամեակներու իր աշխատանքով ստեղծած է ինքնուրոյն ձեռագիր մը:

Սայադեանի բնապատկերները հարուստ են եւ հիւթեղ. ողջ Հայաստանն ու Արեւմտահայաստանի մէկ մասը պտտած է` ամբողջացնելու համար հայոց բնաշխարհը  պատկերող  իր շարքը:

Սակայն բնապատկերներէն զատ, Քարլոս Սայադեան շատ կը  նկարէ նաեւ կիներ: Անոր գեղանկարներուն  կիները նուրբ են եւ գերող` համարձակօրէն կը ցուցադրեն իրենց մերկութիւնը: Ժամանակին ունեցած է բնորդներ, սակայն կ՛ըսէ. «Կիները վաղուց արդէն իմ երեւակայութեանս մէջ են, ուզած կինս կրնամ նկարել: Եւ մեծ մասամբ անոնք հայ են: Հայն ալ կրնայ մերկ ու համարձակ երեւիլ. հայկականութիւն ըսելով միայն ազգային տարազն ու գլխաշորը պէտք չէ հասկնալ», կ՛ըսէ գեղանկարիչը` միաժամանակ դիտել տալով, որ իր արուեստին մէջ տեղ գտած կիները խորք ունեցող, տպաւորող կերպարներ են:

Բնանկարներ, կիներ, նաեւ` քոլաժներ… Ահա հիմնականը, զոր կը պատկերէ Քարլոս Սայադեան իր արուեստին մէջ: Ժամանակին նաեւ այլ ոճերու եւ նիւթերու դիմած է, սակայն ի վերջոյ հասկցած է, որ միայն դասական նկարչութեամբ կարելի է արտայայտել ու ճիշդ կերպով փոխանցել ըսելիքը:

Շուտով Քարլոս Սայադեանի գեղանկարչութեան հաղորդակից պիտի ըլլայ նաեւ լիբանանահայ արուեստասէրը: Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, փետրուար ամսուն Համազգայինի ցուցասրահին մէջ պիտի բացուի հայրենի տաղանդաւոր գեղանկարիչ Քարլոս Սայադեանի գեղանկարներու ցուցահանդէսը:

Մեր այցելութեան  պահուն գեղանկարիչը կ՛աշխատէր, կը ստեղծէր նոր նկարներ` թարմ ու նոր  շունչով ներկայանալու համար: Իրեն հետ Լիբանան պիտի տանի նաեւ իր անցեալի նկարներէն, որոնք արդէն դասականութեան շունչը կը կրեն իրենց վրայ:

IMG_6643Ի դէպ, ան Լիբանանի մէջ եղած է տարիներ առաջ (1993 թուականին): Այդ ժամանակ իրեն հետ բերած գեղանկարները տեղ գտած են հայ մեծահարուստի մը անձնական հաւաքածոյին մէջ. «Այնպէս որ,  ես ծանօթ եմ լիբանանահայ արուեստասէրին, յուսամ իրենք ալ զիս կ՛ընդունին», ցուցահանդէսի նախապատրաստական աշխատանքներէն առաջ  ըսաւ Քարլոս Սայադեան:

Սայադեան  կը պատկանի հայ ժամանակակից  կերպարուեստի  դասական դպրոցին. կ՛ըսէ, թէ իր վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է դասական նկարչութիւնը, մանաւանդ` արեւմտեան արուեստը, չի ծածկեր այն, որ նաեւ հայկական ազդեցութիւն կրած է իր նկարչութեան մէջ: Սակայն ժամանակի ընթացքին ազդեցութիւնները մէկ կողմ մղուած են եւ, Աստծոյ տուած շնորհքին միախառնուելով իր ստացած հրաշալի կրթութիւնն ու աշխատասիրութիւնը, Սայադեան ստեղծած է արուեստ մը, որ արդէն դուրս եկած է Հայաստանի սահմաններէն` հիացնելով բազմաթիւ օտարները:

Գեղանկարիչը առհասարակ ինքզինք կը նկատէ արեւմտեան արժէքներու կրող եւ իսկական քրիստոնեայ. «Ցաւօք մեր ժողովուրդին մէկ մասը քրիստոնեայ է միայն խօսքով: Իսկ քրիստոնէութիւնը ապրելակերպ է, եւ ոչ` խօսք:  Մեր կեանքին մէջ շատ բաներ այլ կերպ կ՛ըլլային, եթէ հայերս իսկական քրիստոնէական արժէքներուն հաւատարիմ մնայինք, եւ ամէն մարդ գտնուէր իր տեղը», մեր զրոյցի ընթացքին ըսաւ Քարլոս Սայադեան:

Ան ցուցահանդէսներ ունեցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ռումանիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Յունաստանի, Ռուսիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ:

Քարլոս Սայադեանի հետ ամբողջական հարցազրոյցը` իր ունեցած յաջողութիւններուն, արուեստին եւ հայութեան շատ մը հարցերուն մասին, պիտի ներկայացնենք մեր յառաջիկայ թիւերուն մէջ` իր լիբանանեան ցուցահանդէսէն առաջ:

 

 

Նախորդը

«Պատանի» Մը` Անջրպետին Մէջ

Յաջորդը

Կարպիս Մելքոնեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Յարադիր Էակներու Կայարանը

November 3, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առաքինի Գողը

October 16, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առակ «Յետտրամաթիքական» Թատրոնի Շուրջ

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.