Փղոսկրեայ ափունքցի Եայա Թուրէ, որ մաս կը կազմէ Մանչեսթըր Սիթիի, յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով ընտրուեցաւ իբրեւ Ափրիկէի լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Թուրէ, որ իր ետին ձգեց Ճոն Օպի Միքելը (Նիկերիա) եւ Տիտիէ Տրոկպան (Փղոսկրեայ Ափունք), այսպիսով իր իրագործած հեթրիքով յաջողեցաւ հաւասարիլ ղանացի Ապետի Փելէի (1991-93) եւ քամերունցի Սամուէլ Էթուի (2003-2005) հաստատած մրցանիշներուն (յաջորդական երեք անգամ):
Նշենք սակայն, որ Էթու 2010-ին ալ տիրացած է այս տիտղոսին:


