Հոլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը դասաւորուեցաւ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Էքուատորի միջեւ: Թէեւ մրցումին կայացման թուականը ճշդուած է (17 մայիս), սակայն ցարդ յստակ չէ, թէ անիկա ո՛ւր տեղի պիտի ունենայ:
Նշենք, որ ՖԻՖԱ-ն յայտարարած է թէ 31 մայիսը եւ 4 յունիսը եւս ճշդուած են ֆութպոլի բարեկամական մրցումներու օր:
Նախքան Էքուատորի դէմ ճակատիլը, Հոլանտա 5 մարտին Փարիզի մէջ մրցում մը ունի կատարելիք Ֆրանսայի դէմ:


